Հասուն մօտեցում

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի կող­մէ ե­րէկ թեր­թիս մէջ լոյս տե­սած լու­սա­բա­նու­թիւ­նը ա­ռար­կայ դար­ձաւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րու ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ VADİP-ի վեր­ջին ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ան ու­նե­ցած էր ծա­ւա­լուն ե­լոյթ մը, ո­րու ըն­թաց­քին տե­սա­կէտ­ներ յայտ­նած էր մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գի հրա­տապ խնդիր­նե­րուն շուրջ, այդ ամ­բող­ջին մէջ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րե­լով զա­նա­զան ա­ռա­ջարկ­ներ, ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն հետ բաժ­նե­լով ներ­կայ ծանր ի­րա­վի­ճա­կին եւ հա­ւա­նա­կան հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին դի­տար­կում­ներ եւ շարք մը վար­ժա­րան­նե­րու ա­նուն­ներն ալ տա­լով խորհր­դա­ծու­թիւն­ներ ը­նե­լով։ Այս ամ­բող­ջին մէջ Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի պա­րա­գա­յին ար­մա­տա­կան մօ­տե­ցում­ներ ար­տա­յայ­տուած էին իր կող­մէ եւ այդ խօս­քե­րը լոյս տե­սած էին թեր­թիս լրա­տուու­թեան մէջ։ Ա­հա այդ խօս­քե­րուն մա­սին է, որ սրտբաց լու­սա­բա­նու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու, որ փա­փա­քե­ցաւ կան­խել մեր կրթա­կան կեան­քին վե­րա­բե­րեալ իր մօ­տե­ցում­նե­րուն շուրջ թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­նե­րը, նաեւ ու­նե­ցած ուժն ու հա­մար­ձա­կու­թիւ­նը՝ իր ցա­ւը յայտ­նե­լու են­թա­կա­նե­րու նկա­տառ­ման։

Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու այս քայ­լով իս­կա­պէս մնաց իր բարձ­րու­թեան վրայ եւ վա­րուե­ցաւ հա­սուն ու շի­նիչ հա­մայն­քա­յին ղե­կա­վա­րի մը մօ­տե­ցու­մով։ Իր քայ­լը ո՛չ միայն հա­սուն ու շի­նիչ էր, այլ նաեւ ան­կեղծ։ Ան այդ լու­սա­բա­նու­թիւ­նը չկա­տա­րեց ա­ռե­րե­ւոյթ, պարզ սրբագ­րու­թեան մը նպա­տա­կով։ Ար­դա­րեւ, Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու չէր կրնար Թոփ­գա­բուի վար­ժա­րա­նի կամ այլ ո­րե­ւէ վար­ժա­րա­նի պա­րա­գա­յին ներդ­րուած մի­ջոց­նե­րը նկա­տել մսխում։ Պարզ պատ­ճա­ռը այն է, որ տա­րի­նե­րէ ի վեր ինքն իսկ կը փոր­ձէ իր հսկա­յա­կան նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րով սա­տար հան­դի­սա­նալ մեր բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րու գո­յա­տեւ­ման։ Հե­տե­ւա­բար, Շի­րի­նօղ­լուի գործ­նա­կան ան­կեղ­ծու­թիւ­նը կու գայ նաեւ վե­րա­հաս­տա­տել հա­մայն­քի ա­պա­գա­յին վե­րա­բե­րեալ ար­տա­յայ­տած տես­լա­կա­նին վա­ւե­րա­կա­նու­թիւ­նը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2015