Նոր օրացոյց, նոր հանելուկ…

Օրացոյցի վերջին թերթիկն է մեր հայեացքին առջեւ. այլեւս չկայ յաջորդ մը։ Յաջորդը ուղղակի նո՛ր օրացոյց մըն է, յաջորդ թերթիկը իր հետ կը բերէ նո՛ր տարի մը։ Հիմա մեր աչքին առջեւ վերստին յայտնուած է՝ հնարաւոր առաւելագոյն հաստութեամբ օրացոյց մը։ Օրացոյցը յար եւ նմանն է մարդկային կեանքի հոլովոյթին։ Սկիզբին հաստ է. յետոյ աստիճանաբար կը մաշի, կը պակսի ու վերջապէս կը սպառի։ Ժամանակի անծայրածիր հոսքին մէջ տարուան մը օրացոյցը թէեւ չունի որեւէ նշանակութիւն, սակայն մարդկային սահմանափակ կեանքին տեսակէտէ ան չափազանց կարեւոր է։ Ո՞վ կը համաձայնի տարի մը պակաս ապրիլ։

Օրացոյցէն պակսած իւրաքանչիւր թերթիկ կը դառնայ պատմութիւն ու կը վերածուի յիշողութեան։ Թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական առումով այսպէս է պարագան։ Ձեռքբերումներ, ձախողումներ կամ երջանկութիւններ, յուզումներ ու տակաւին համբերութիւն, պոռթկումներ եւս առաւել զօրակցութիւններ, դաւաճանութիւններ։ Ընդելուզուած հակասութիւններ եւ այդ բոլորի հաւասարակշռութեան վրայ կը թեւածեն օրացոյցի թերթիկները։

Այժմ մեր աչքին առջեւ է 2018 թուականի հաստ օրացոյցը։ Տակաւին ձեռք չէ դպած անոր. քանի մը ժամ վերջ արդէն կը դառնայ ընթացիկ։ Մինչեւ անոր շրջանառութեան մէջ մտնելը՝ 2018-ի օրացոյցին կը վերագրուի միայն ու միայն դրական իմաստ։ Բարի ցանկութիւններ, դրական սպասումներ, լաւ ակնկալութիւններ։ Խորքին մէջ կայ հետաքրքրութիւնը, թէ ինչե՞ր պիտի արձանագրուին 2018-ի օրացոյցի թերթիկներուն վրայ։ Ի՛նչ պիտի բերէ մեզի, ի՛նչ պիտի տանի մեզմէ ու ի՛նչ պիտի մնայ իրմէ՝ որպէս յիշողութիւն, որպէս նիւթ պատմութեան։

Իւրաքանչիւր տարին նոր հանելուկ մը չէ՞ միթէ։ Ամէն հանելուկ միթէ չունի՞ իր հրապոյրը։ Բարի վայելում՝ 2018 թուականի օրացոյցին համար:

Շնորհաւոր Ամանոր։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2017