Բանալի
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ երէկ մեր համայնքին խտացեալ ձեւով փոխանցուեցան պատգամներ։ Տեղապահ ընտրուելէ վերջ ան զանազան առիթներով հրապարակած էր իր տեսակէտները՝ լուսաբանութիւններու կամ զեկոյցներու ձեւաչափին մէջ։ Ընտրեալ-տեղապահը քանի մը օր առաջ խոստացած էր պատրիարքական ընտրութեան առկայ ճգնաժամին շուրջ աւելի ծաւալուն հրապարակումով մը հանդէս գալ։ Նորին Սրբազնութիւնը այսօր արդէն յարգած է իր խոստումը։ Երէկ երեկո յեան ժամերուն ան Քէօլնէն մեր համայնքային մամուլին փոխանցեց երկարաշունչ զեկոյց մը, որու թրքերէն բնագիրը այսօր ներկայացուցած ենք ամբողջութեամբ, իսկ հայերէն թարգմանութիւնն ալ դարձած է մեր գլխաւոր հաղորդումը։ Այս զեկոյցին առընթեր, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ երեկոյեան ուղիղ հեռախօսակապով ալ իր պատգամը փոխանցեց մեր համայնքին։ Շինիչ, երկխօսութեան կողմնակից, հասուն արտայայտութիւններով հանդէս եկաւ Նորին Սրբազնութիւնը։ Այս բոլորը արդէն յարիր են իր ընդհանուր ստորոգելիներուն։
Աւելին ալ կայ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ։ Ան իր փորձառութեամբ առարկայական, իրապաշտ պատկեր մը տուած է մեր համայնքէն ներս ստեղծուած կացութեան շուրջ։ Նորին Սրբազնութիւնը մի առ մի թուարկած է այն գործօնները, որոնք կրնան ազդակի մը վերածուիլ այժմու տագնապի լուծման ճանապարհին։ Այդ գործօնները կարգ մը առումներով իրարմէ բոլորովին անկախ են, իսկ կարգ մը առումներով ալ՝ միաձուլուած։ Թէեւ երկու սրբազանները այս պահու դրութեամբ հակադիր դիրքերու վրայ են, սակայն Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի այս վերջին զեկոյցին մէջ թուարկած գործօնները որոշ չափով կը յիշեցնեն Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ ներկայ շաբթուան սկիզբին հրապարակուած զեկոյցին մէջ մատնանշուած ազդակները։ Հասկնալի է, որ երկուքն ալ բոլորովին տարբեր ձեւով կ՚ընկալեն այդ բոլորը ու տարբեր տեսանկիւնէ մը կը դիտարկեն առկայ համայնապատկերը։ Եթէ գործնական լուծումը պիտի գտնուի անոնց միջեւ, ապա անմիջական ուշադրութիւն պէտք է ցուցաբերել անոնց դիրքորոշումներու հասարակաց կէտերուն վրայ՝ հոգ չէ, թէ առերեւոյթ բաւական նուազ ըլլան անոնք։ Այդ հասարակաց կէտերը կրնան առիթ ընձեռել երկու սրբազաններուն դիրքորոշումը մօտեցնելու եւ այդպէսով ալ լուծման մը հասնելու։
Բարդ իրավիճակի մէջ յայտնուած բանալիները լաւագոյնս պէտք է օգտագործուին եւ առիթները պէտք չէ մսխուին՝ համայնքային կեանքը վերադարձնելու համար իր բնականոն հունին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ