Այս նորը…
Անցեալ տարեմուտին օրակարգի կիզակէտին էին հայ-թրքական յարաբերութիւնները։ Ցեղասպանութեան հարցը մնացեալ ամէն ինչը երկրորդական հարթութեան վրայ մղեց. Թուրքիա եւ Հայաստան անցան մեծ մրցակցութեան մը բովով։ Երկու կողմերը, ընդհանրապէս, չձախողեցան իրենց սպասումներուն եւ հաշուարկներուն մէջ։ Անակնկալներ գրեթէ չապրուեցան։
Յատկանշական միակ նորութիւնն էր Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանին կողմէ Փերինչէքի հարցին շուրջ արձակուած վճիռը։ Սա միակ արտասահմանեան իրադարձութիւնն էր, որու պարագային թրքական կողմին արձագանգը եղաւ դրական։ Յամենայնդէպս, այս լարուած ու քիչ մըն ալ չափազանցուած տարին եզրափակուեցաւ առանց որեւէ ձեռքբերումի։
Ըստ երեւոյթին, 2016 թուականը պիտի ըլլայ աւելի բարդ։ Թուրքիա-Ռուսաստան լարուածութիւնը յեղաշրջած է տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւնները, ինչ որ լուրջ սպառնալիք մըն է Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ։ Յաւելեալ մտահոգութեան պատճառ մըն ալ կայ, թէ իրադարձութիւններն ու հաւանական հետեւանքները անկանխատեսելի են։ Կովկասի մէջ խաղաքարտերը բաժնուած են վերստին։ Կողմերը կրնան ազդուիլ իրենց կամքէն անկախ ընթանալիք ծանր գործընթացներէ։
Մաղթենք հայ-թրքական ուղղութիւնը մնայ չարէ, փորձանքէ հեռու։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ