Մնաց առկախեալ մէ՛կ ընտրութիւն
Թրքահայութիւնը 2020 թուականը կը դիմաւորէ թօթափած ըլլալով ծանր բեռ մը։ Պատրիարքական Աթոռը այլեւս թափուր չէ։ Համայնքը շուրջ 12 տարի վերջ ունի նոր պատրիարք մը, ինչ որ լաւատեսութեան առիթ մըն է, բնականաբար։ Հիմա կը մնայ հասկնալ, որ այդ լաւատեսութիւնը ինչպիսի՛ համայնապատկերի մը վրայ կը ցոլանայ։
Թրքահայ իրականութեան տեսակէտէ պատրիարք մը ունենալու յամառ ձգտումը, անշուշտ, ինքնանպատակ չէր։ Այլ խօսքով, պատրիարք ունենալը նպատակ մը ըլլալէ անդին միջոց մըն է՝ մանաւանդ վարչականօրէն։ Մեր համակարգը այնպէս մըն է, որ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը կ՚անդամալուծուի՝ եթէ Պատրիարքական Աթոռը երկար ժամանակ ըլլայ թափուր։ Ճիշդ է, որ գործնականօրէն Աթոռի գահակալը բաւարար լծակներ չունի այս համայնքի բոլոր գործերը ամբողջութեամբ կառավարելու կամ վերահսկելու, սակայն, փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ առանց պատրիարքի մեր հաւաքական կեանքը ձեւով մը կաթուածահար կը դառնայ։
Այսօրուան վիճակով մեր համայնքէն ներս անյետաձգելի հրամայականի վերած-ւած են վարչակազմակերպչական բարեփոխումները։ Նոր մօտեցումներ պէտք է որդեգրուին մեր հաստատութիւններու առաքելութիւնը յառաջ տանելու եւ մանաւանդ՝ հաւաքական հարստութիւնը աւելի նպատակասլաց, արդիւնաւէտ կազմակերպելու ուղղութեամբ։ Սա մեծ գործ մըն է, մեծ մարտահրաւէր մը, որու յաղթահարումը անկարելի է պատկերացնել առանց հաւաքական կամքի։ Այս վիթխարի աշխատանքը չի կրնար առանձինն կատարել պատրիարք մը, հասկնալիօրէն։ Համագործակցութեան ոգի, զօրակոչի տրամադրութիւն պէտք է միանշանակօրէն։
Նոր տարուան մը սեմին, հաշուեկշիռ մը ընելու ժամանակ ի՛նչ գործօններ պէտք է հաշուի առնել մեր համայնքին տեսակէտէ։ Այս կէտին վրայ ի յայտ կու գայ՝ առկախեալ ընտրութեան միւս հարցը՝ այսինքն համայնքային հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու վերանորոգումը։ Առանց վարչական խորհուրդներու ընտրութեան հարցը լուծելու, այս համայնքը չի կրնար լիարժէքօրէն դառնալ կենսունակ։ Նոյնիսկ նորընտիր պատրիարքին տեսակէտէ սպառնալիքի մը կրնայ վերածուիլ առկայ վիճակին շարունակութիւնը։ Ժողովուրդի կամքին ցոլացումով նոր թարմութիւն մը պէտք է այս համայնքին։
Միջանկեալ նշենք, որ մատակարար մարմիններու ընտրութեան տեսակէտէ ալ զգալի են շարք մը անհանգստացուցիչ լսումներ կամ ազդանշաններ, սակայն, տօնական տրամադրութիւնը խանգարելու պէտք չկայ, վստահաբար, տակաւին կը ներկայանան առիթներ։
Անցեալ տարեմուտին առկախեալ երկու ընտրութեան խնդիր գոյութիւն ունէր թըր-քահայութեան օրակարգին վրայ, իսկ այս տարի այդ թիւը դարձած է մէկ։ Ընդհանուր ակնկալութիւնն է, որ այդ հարցն ալ լուծուի այս տարի։ Այսպէսով 2020 թուականին կենսունակութեան նոր հորիզոն մը կրնայ ուրուագծուիլ թրքահայութեան առջեւ։
Բարի տարի, շնորհաւոր Ամանոր…
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ