2021-ի տարեմուտ

Բոլոր ճամբաբաժաններուն ժամանակ, բոլոր խաչմերուկներուն վրայ, խորքին մէջ, առանձինն է մարդ արարածը։ Այսօր կէսգիշերին օրացոյցը կը փոխուի։ Ամանոր է եւ սա ալ ձեւով մը խաչմերուկ մը, ճամբաբաժան մը չէ՞։ Այո՛, մէկ կողմէ տօն է եւ ստեղծուած ոգեւորութեան զուգահեռ՝ մարդ սովորականէն աւելի բազմութեան մէջ է, սիրելիներով շրջապատուած։ Բայց եւ այնպէս, մետայլի միւս երեսակին, այդ եռուզեռին մէջ ալ մարդ առանձին է։ Թէկուզ բնական ըլլայ այս երեւոյթը, որովհետեւ մարդ ի՛նչ բանի ալ ձեռնարկէ, ի՛նչ գործի ալ նետուի, ինչի՛ որ ալ սկսի՝ այդ մէկը նախ եւ առաջ պէտք է ձեւէ իր մտքին մէջ։ Սեփական պատկերացումը ունենալէ, իր երեւակայութիւնը յստակացնելէ եւ էութիւնը պատրաստելէ վերջ է, որ մարդ կ՚անցնի նորին։ Եւ, անշուշտ, Նոր տարիին նոյնպէս...

Երկրագունդը այսօր ետին կը թողու ծանր հանգրուան մը։ Եթէ այս տարեմուտին հիմնական մաղթանքը խաղաղութիւնն էր, ապա տարեվերջին անոր վրայ արդէն աւելցած է առողջութիւնը։ Տարեսկիզբին պատերազմներով պայմանաւորուած մտահոգութիւններուն վրայ շուտով եկաւ բարդուիլ համաճարակի պատճառած տագնապը։ Ալեկոծեալ մարդկութիւնը ակամայ իւրացուց սահմանափակումներով կենցաղ մը, որ բոլորին կը պարտադրէ մեկուսացում, առանձնացում եւ շրջապատէ հնարաւորինս հեռացում։ Ի շարունակութիւն, ներկայ տարեմուտի մթնոլորտն ալ համահունչ դարձած է այս նոր կացութեան։ Աշխարհի վրայ գրեթէ չկայ խրախճանք։ Ո՛վ գիտէ, թէկուզ աւելի իրական կամ բնական է այս ձեւը։ Մարդիկ, ըստ էութեան, առանձին կը դիմաւորեն նոր շրջանը, Նոր տարին։

Հայութիւնն ալ 2021 թուականի տարեմուտը թանձր հոգեբանութիւնով կը թեւակոխէ։ Պատերազմի ծանր հետեւանքներու տակ կքած է Հայաստան աշխարհը։ Պատերազմը մեծագոյն ցնցումներէն մին է, անտարակոյս։ Մարդ արարելու, ստեղծագործելու, կառուցելու, պահպանելու կը ձգտի իր բնազդով։ Կեանքը այդ չէ՞ իր կատարեալ իմաստով։ Բայց պատերազմը կը պարտադրէ, որ կեանք ունենալու, գոյատեւելու կամ վերապրելու համար սպաննես, քանդես, այրես, ոչնչացնես։ Անբնական է, մարդկային մղումներուն ներհակ։ Այս է պատճառը, ըստ երեւոյթին, երբ կ՚ըսուի, թէ պատերազմը յաղթող չ՚ունենար, խորքին մէջ։ Մնաց, որ տեսական այս պատկերին վրայ կը ցոլանայ նաեւ այն առարկայական իրողութիւնը, թէ կործանարար ձախողում մը, ծանր պարտութիւն մը կը դիմագրաւէ Հայաստան։ Հազարաւոր երիտասարդներու կորուստը գրաւի տակ դրած է թէ՛ երկրի ապագան եւ թէ հայութեան հոգեվիճակը։ Տարեմուտի մարդկային առանձնութեան պահուն բոլորի մտքին ու սրտին մէջ է նահատակներու նուիրական յիշատակը։ Անոնց հոգիներուն իջած լոյսը, վստահաբար, կը սկսի ճառագայթել այն ճանապարհին վրայ, որով հայութիւնը արժանապատուօրէն պիտի թօթափէ պատերազմի ցնցումին պատճառած բեռը, նորովի պիտի բանաձեւէ իր լինելութիւնը։ 2021-ի տարեմուտին, այս Նոր տարիին հայութիւնը կ՚որոնէ նո՛ր ուժ, նո՛ր եռանդ, նո՛ր միասնութիւն եւ նո՛ր դատողութիւն՝ պատմութեան մէջ երթը շարունակելու համար։

Բարի տարի...

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020