Անժամանակի մէջ անժամանցելին…

Անցաւ-գնաց տարի մըն ալ, մեր առջեւն է արդէն նորը։ Մարդ արարածը միշտ ունի նո՛ր կեանքի մը ձգտումը, մղումը։ Վերանորոգ կենսունակութեան որոնումներուն մէջ առանձնայատուկ խորհրդանշան մըն է նոր տարին։ Մշտանորոգ յոյսերու խտացեալ ապրումները կը մատուցէ ամանորի մթնոլորտը։ Տարեմուտը նո՛ր կեանքի մը շեմէն ներս ոտք դնելու բաղձանքին, կենսանորոգ եռանդին փուլը չէ՞ միթէ...

Երկրագունդի գոյութիւնը կ՚երթայ աներեւակայելի վաղեմութեան. մարդկային պատմութիւնը, անշուշտ, նոյնպէս... Անժամանակի անծայրածիրութեան, յաւերժի անհասանելիութեան խաչմերուկին վրայ կը յայտնուի տարեմուտի խորհուրդը։ Անժամանակ հոլովոյթի մը մէջ մարդ արարածը միշտ հակուած է ժամանակի կամ ժամկէտներու սահմանման։ Անցեալի խորութեան եւ ապագայի անկանխատեսելիութեան անորոշութեան միջեւ, ծով հարցականներու յանդիման կողմնորոշուելու, դիրքաւորուելու ձեւ մը ապահովաբար... Այլապէս, անժամանակի մէջ ինչէ՞ կրնայ կառչիլ մարդը։ Ինչպէ՞ս կրնայ արժեւորել ապրածը, ինչպէ՞ս կրնայ գնահատել ձեռքբերումն ու բացթողումը ու մանաւանդ՝ ի՞նչ չափանիշներով կրնայ հայեացքն ուղղել ինքն իրեն, սեփական ներաշխարհին, ո՞ր ճանապարհով կրնայ երթալ ինքնաքննութեան։

Որքան որ ալ խաղաղութեան եւ անդորրութեան ճիգը ըլլայ անվերջ ու անժամանցելի՝ մարդ միշտ ներքուստ անհանգիստ է, կը դժուարանայ սանձել էութեան ալեկոծումները։ Տրամաբանութիւնը յաճախ կը ծնի մտահոգութիւն։

Մարդ կը կարօտնայ յուսալքութիւններէ հեռու ըլլալը, երտասարդութեան չկորսուիլը, արտասուքէ զերծ փայլուն աչեր, վերջապէս այդ երանելի նո՛ր կեանքը։ Թէեւ, խորքին մէջ, գտնուած ու կորսնցուցածը կը կարօտնայ մարդ արարածը, սակայն, այս պարագային երբեք չեղածին, չգտնուածին նկատմամբ կը տածուի կարօտը... Անժամանակի հոլովոյթին մէջ անկարելին կը կարօտնայ մարդը, որ իր անծայրածիր երեւակայութեամբ կը լուծէ կեանքի հակասութիւններու հանելուկը։ Իր ստեղծագործական միտքը մէկ կողմէ կը յղանայ հակադրութիւններ, իսկ միւս կողմէ կը հարթէ զանոնք։ Միապաղաղութիւնը խոտոր կը համեմատի մարդու բնութեան։ Ամանորի խորհուրդն ալ կը բիւրեղանայ այս կէտին վրայ՝ քանի ընթացիկէն ակնթարթի մը համար կը շեղի կեանքը։ Մարդկային ամպրումներու պոռթկումի պահերը՝ գետի նման վարարելով կեանքի հոսքը կը յորդեցնեն իր հունէն։ Երկարաշունչ համբերութիւններու եւ երկարատեւ պայքարներու ոլորանները թէեւ յաճախ գրեթէ նոյն բաները կը մատուցեն, սակայն, անսպասելի հերթականութեամբ ու անկանխատեսելի պարբերականութեամբ։

Կեանքի հաշուեկշիռը կը նմանի կամարներով շէնքի մը մուտքին կանգնած ըլլալու։ Թէեւ բոլոր կամարները կը տանին նոյն մուտքասրահը, սակայն, իւրաքանչիւրէն անցնիլը նորութեան մը զգացումը կ՚առթէ, նոր ոդիսական մը կը թուի եւ նոր փորձառութեան մը շեմին յայտնուած ըլլալ կը համարուի՝ անխուսափելի ու անփոփոխ վայրը բացուելով հանդերձ։

Ուրեմն, մտնենք 2022 թուականի սեմէն ներս, ոտքերնիս խերով ըլլայ, տեսնենք ինչե՞ր վերապահուած են մեզի համար։ Շնորհաւոր ամանոր...

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021