Ռազմավարութիւն…

Անորոշութիւններու դարաշրջանին, մոլորութիւններու եւ պղտորութիւններու ժամանակներուն հերթական փուլ մըն է այսօր։ Եւ 2023… Ամանոր՝ յոյսի նոր կանգառ մը, յուսախաբութեան բոլոր նախադրեալներով հանդերձ։ Յոյսը տրամաբանութիւն ունի՞, որ հաշուի նստի այդ նախադրեալներուն հետ։ Յոյսը, ինքնին, այնքան միամիտ է, որ ամէն անգամ կը վերակենդանանայ, կը գտնէ ձեւ մը, նոյնիսկ կը փնտռէ առիթ մը վերակենդանանալու համար։ Յոյսը, սակայն, նախադրեալը չէ՞ բոլոր հրաշքներուն։

Նոր տարի մը կը դիմաւորէ երկիր մոլորակը։ Մարդկութիւնը յոգնած է, միջազգային ընտանիքը կարծես սպառած։ Քայքայուած բնութիւն, կլիմայի փոփոխութիւն, սովի հաւանականութիւն… Իբր թէ յաղթահարուած համավարակի պայմանաւորած հոգեվիճակին մէջ կը շարունակուին պատերազմները՝ ատելութիւններու, անհանդուրժողութիւններու, համակեցութեան չկամութիւններով հրահրուած տնտեսական տագնապներու համայնապատկերին վրայ։ Տապալած արժեհամակարգերու փլատակներուն տակ կքած է երկրագունդը։ Ամենաթողութեան եւ անպատժելիութեան խաչմերուկներուն վրայ՝ հասարակութիւնները յայտնուած են անորոշութիւններու եւ անկայունութեան ճիրաններուն մէջ։ Բարոյականութեան մասին որքան որ կը խօսուի՝ կարծես այդքան կը հեռանայ աշխարհէն։ Ոչինչի կարելի է վստահիլ՝ ներառեալ գիտութիւնը, որ աշխարհաքաղաքական մեծ պայքարներու մէջ անվարան ու անթաքոյց կերպով վաղուց կ՚օգտագործուի՝ որպէս միջոց, չըսելու համար զէնք։ Միաբեւեռ-բազմաբեւեռ աշխարհներու հեքիաթներով աշխարհը հետզհետէ կը դադրի աշխարհ ըլլալէ։ Կարծիքներու բազմազանութեան շղարշին ներքեւ հետզհետէ ամբողջատիրութեան մտայնութիւնը կ՚արմատաւորուի աշխարհի վրայ։ Կրթութիւնը կը կաղայ, հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը տակաւ կը հիւծուի։ Շարունակե՞նք…

Հապա հայութիւնը՞… Որքան որ ալ երկրագունդի չորս ծագերու ողբերգութիւնները արիւնեն սիրտդ, որքան որ ալ անկեղծօրէն բաժնես բոլորին վիշտը, կրնա՞ս անտեսել կամ մոռնալ սեփական միջավայրդ, քո՛ւ իսկ աշխարհդ։ Հարազատ ժողովուրդիդ կացութիւնը չէ՞, որ կը բնորոշէ ամբողջ ներաշխարհդ՝ ընդունիս կամ ոչ… Հայ աշխարհը, ընդհանրապէս, տագնապած է ու վրդոված։ Աշխարհի բոլոր կողմերու հայերը կը դիմագրաւեն մարտահրաւէրներ։ Հայաստանը գոյութենական սպառնալիքներու դէմ յանդիման է, Արցախը՝ մարդասիրական աղէտի։ Արեւմտեան սփիւռք ըսուածին վիճակը թէկուզ մնացեալներու աչքին յարաբերաբար լաւ կ՚երեւի, բայց այդ բարեկեցութեան ապագան հետզհետէ հարցականի տակ կը մնայ։ Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի հայութիւնը արիւնաքամ ըլլալու վրայ է, տակաւին չհաշուած այն համայնքները, որոնք պատերազմական գօտիներու մէջ են։ Բոլորը կարծես իրարու հետ կը մրցին օրհասական վիճակներու մէջ։ Կաղանդ պապուկը պիտի կարողանա՞յ ներթափանցել պաշարեալ Արցախ։ Թրքահայութիւնը՞… Թէեւ հազար փառք Աստուծոյ, սակայն, արդէն ո՞վ կրնայ զինք խանգարել իր կղզիացեալ, մեկուսացած իրականութեան մրափին մէջ։

Սա է տարեմուտի հաշուեկշիռը։ Անշուշտ, ամէն ինչի նման չափազանց ենթակայական է։ Կրնան ըլլալ լեցուն մարդիկ, որոնց միտքէն անգամ կրնայ չանցնիլ այս բոլորը։ Ընկերային ցանցերու աշխարհը արդէն ունի իր օրակարգը, որ կը բխի ուղղակի կամ անուղղակի պարտադրուած մտայնութենէ։ Եւ այսպէս մարդկութիւնը կը թեւակոխէ 2023… Միայն մէկ բան պէտք չէ մոռնալ։ Ո՛վ, ի՛նչ առաջնահերթութիւն որ ալ ունենայ՝ մարդուն էութենէն կը ծագի, կը ծնի իմաստութիւն մը։ Ի՛նչ որ ալ ըլլան պայմանները, որքա՛ն ալ դաժան ըլլան մարտահրաւէրները՝ բոլորը յաղթահարելու համար պէտք է ունենալ ռազմավարութիւն մը։ Եւ յոյսը ռազմավարութիւն է, միանշանակ։ Յոյսի ռազմավարութիւնն է հրաշքներու ենթագետինը։ Յոյսի ռազմավարութենէն ծնունդ կ՚առնեն հանճարները, որոնք անելի մէջ իրենց բացառիկ միտքերով ելք ցոյց կու տան աշխարհին՝ մարդկութեան համար դառնալով սիրոյ փարոսներ։

Ուրեմն, շնորհաւաոր Ամանոր…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022