Գործօններ

Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան խնդիրը այսօր դարձեալ գետի նման կը վարարի համայնքի օրակարգին վրայ։ Ուշադրութեան սլաքը ուղղուած է դէպի Անգարա։ Վերջին 11 տարիներու իրադարձութիւններու ամբողջին մէջ, միանշանակօրէն, կ՚առանձնանայ այսօրուան ժամադրութիւնը։

Պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը առաջին հերթին կը պատկանի թրքահայութեան, ուստի լուծումն առաջին հերթին կախում ունի համայնքէն։ Սա անվիճելի իրողութիւն մըն է։ Որքան որ ալ գործընթացը փակուղիի մատնուած ըլլայ, որքան որ ալ առկախուած կացութիւնը հարցին վերագրած ըլլայ հրատապ բնոյթ մը՝ այդ ճշմարտութիւնը չի փոխուիր. սա առաջին հերթին համայնքի հարցն է։ Դժբախտաբար, հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու կողմէ ցայսօր առնուած վարչական անհեռատես քայլերուն, կատարուած անհեռանկար կարգադրութիւններուն բերումով համայնքը բարդ եւ մաշեցուցիչ մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւէ տասնամեակէ մը ի վեր։ Այսօր համայնքէն ներս այնպիսի պառակտում մը յառաջացած է, որ բոլորը ընտրութեան ձգտելով հանդերձ, չեն յաջողիր հասարակաց յայտարար մը գտնել, ձեռք ձեռքի տալ այդ նպատակին հասնելու համար։ Միասնաբար գործելու գետինը կորսուած է՝ հակառակ, որ ուրիշ այլընտրանք մը գոյութիւն չունի ընտրութեան ճանապարհը բանալու համար։ Թէ ինչպէ՞ս պիտի յաղթահարուի այս փակ շրջանը, առայժմ դժուար է կանխատեսումներ ընել։

Պատրիարքական ընտրութեան առանցքին է մեր համայնքը եւ այս խնդիրը ունի նաեւ անմիջական գործօններ, որոնք կրնան ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն ազդել ընտրական գործընթացին վրայ։ Անոնցմէ մին է Թուրքիոյ պետութիւնը, իսկ միւսը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։ Այս վերջինները զանազան հանգամանքներու բերումով կրնան ներազդել Պատրիարքական Աթոռին վրայ։ Շատ յաճախ անոնց երկուքին ալ ներգործութիւնը կ՚ըլլայ իրարմէ անկախ։

Պետութեան ազդակի պարագային տրամաբանութիւնը շատ պարզ է։ Մեր երկրի խոր նախընթացներու վրայ ձեւաւորուած համակարգով, մեր համայնքը՝ որպէս փոքրամասնութիւն, պետութեան կողմէ կ՚ընկալուի Պատրիարքարանի հովանոցին ներքեւ։ Պետութեան առջեւ մեր համայնքը կը ներկայացուի պատրիարքի կերպարով։ Պատրիարքը գահակալելու ժամանակ երդում կու տայ մեր համայնքի բարենպատակ հաստատութիւններու շահերը պաշտպանելու համար եւ համապատասխան աշխատանքին առիւծի բաժինը կ՚իրականացուի պետական մարմիններու միջոցաւ։ Իշխանութեան կողմէ երկխօս ընդունուիլը իր առաքելութեան ճանապարհին վրայ պատրիարքը կը զինէ օրինականութեան ուժով։

Միւս գործօնի՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պարագան, նոյնպէս, ունի շատ հասկնալի տրամաբանութիւն մը։ Թրքահայութեան հայաշխարհէ ներս ունեցած դիրքը ուղղակիօրէն պայմանաւորուած է՝ Պատրիարքական Աթոռի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ ունեցած դիրքով։ Պոլսոյ Աթոռը անանջատելի մասն է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, որու նուիրապետութեան գլուխը կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը՝ որպէս ընդհանրական ու գերագոյն կեդրոն։ Այո՛, Պոլսոյ Աթոռը ճիշդ է, որ նուիրապետական աթոռ մըն է, սակայն մաս կը կազմէ նման դրուածքով նուիրապետութեան մը։ Պոլսոյ Աթոռը ի հոգեւորս կապուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին, վարչական գործերու մէջ ինքնավար կը համարուի։ Սա կարեւոր նրբութիւն մըն է՝ թրքահայութեան առանձնայատկութիւններով պայմանաւորուած պարագաներու մէջ ճկունութիւն մտցնելու տեսակէտէ, սակայն վահան մը չէ եկեղեցական իրաւունքի կամ կարգ-կանոնի վերաբերեալ հարցերու շուրջ ետին թաքնուելու համար։ Ի վերջոյ պատրիարքական իշխանութիւնը գործնականօրէն կեանքի կը կոչուի եպիսկոպոսի մը միջոցաւ, իսկ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ բոլոր եպիսկոպոսները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան են եւ եպիսկոպոսապետն ալ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն է։ Այս համակարգին մէջ Պոլսոյ Աթոռի դիրքը կը բիւրեղանայ շատ յստակ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ յարաբերութիւններու այս դրուածքը կ՚երաշխաւորէ Պոլսոյ Պատրիարքութեան համարկումը Հայ Եկեղեցւոյ ընդհանրութեան։ Այլապէս Պոլսոյ Աթոռը կը կղզիանայ ու կը զրկուի իր նշանակութենէն։

Պատրիարքական Աթոռը իր գոյութեամբ անխուսափելիօրէն կ՚առընչուի այս երկու գործօններուն հետ եւ իր հաւասարակշռութիւններով բնական յարաբերակցութիւն մը կ՚ապահովէ անոնց միջեւ։ Այս համակարգը անոր գործունէութեան բնոյթէն կը բխի եւ անցած է ժամանակներու քննութենէն։ Այսօրուան ժամադրութեան իմաստն ալ կը բիւրեղանայ այն կէտին վրայ, թէ ուղղակիօրէն կը շփուին այդ երկու գործօնները՝ պետութիւնն ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, առանց անշուշտ շրջանցելու Պոլսոյ Աթոռը։

Այսօրուան հանդիպումը պէտք է հնարաւորութեան մը վերածուի պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան հարցը փակուղիէ դուրս բերելու համար։ Անկարելի է, որ ընտրութեան գործընթացը սկսի Պատրիարքական Աթոռի կամքէն անկախ։ Եկուր-տե՛ս, որ համայնքային կեանքը այնպէս մը անդամալուծուած է, որ բոլորը յոյս կը դնեն միւս գործօններուն վրայ՝ «ֆորս-մաժէօռ»ի մը հաշուարկով։ Ընտրական առկայ փակուղին մեր համայնքի ընդհանուր ձախողումն է։ Ուստի, մարդիկ իրենց վիճակած բաժնէն խուսափելու կամ յաչս ուրիշներու արդարանալու համար պէտք չէ հարցի պատասխանատուութիւնը վերագրեն պետութեան։

Անկախ ամէն տեսակ հաւանական արդիւնքէ, այսօրուան ժամադրութիւնը ունի անվիճելի պատգամ մը։ Մեր համայնքին մէջ ամէն մարդ առաջին հերթին պէտք է նախանձախնդիր ըլլայ պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ իրեն վիճակած պատասխանատուութեան համար։ Պատրիարքը պիտի ըլլայ ա՛յս համայնքին առաջնորդը, ուստի ան պիտի ընտրուի նոյնինքն ա՛յս համայնքին կողմէ։ Միւս գործօնները, բոլորը, լուրջ են եւ անանտեսելի, սակայն չեն կրնար փոխարինել համայնքի գործօնը։ Այսօրուան ժամադրութիւնը ինքնաքննադատութեան դուռ պէտք է բանայ մեր համայնքին առջեւ։

​ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 4, 2019