Փակ սահմանի երկխօսութիւնը…

Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին վե­րի­վայ­րում­նե­րը միշտ կը դի­տար­կուին աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու կամ «ռէէլ-փո­լի­թիք» ազ­դակ­նե­րու տե­սան­կիւ­նէն։ Միւս կող­մէ, առ­կայ ա­նե­լը այն աս­տի­ճան խո­րա­ցած է, որ ար­դէն ե­րե­ւոյ­թը ու­սում­նա­սի­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նայ նաեւ այլ տե­սան­կիւն­նե­րէ։ Այս­պէս, կը տե­ղե­կա­նանք, որ ներ­կա­յիս Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ցարդ բո­լո­րած ճա­նա­պար­հին կա­պակ­ցու­թեամբ փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի մը պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը կը տես­նուին՝ եր­կու եր­կիր­նե­րէն քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Կան­խաւ ը­սենք, թէ շատ հե­տաքրք­րա­կան ծրա­գիր մըն է այս մէ­կը, որ կը կո­չուի «Թուր­քիա եւ Հա­յաս­տան. Փակ սահ­մա­նի երկ­խօ­սու­թիւն»։

«Եւ­րա­սիա» հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած՝ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան բնա­կա­նո­նաց­ման նա­խագ­ծին ծի­րէն ներս յա­ռաջ կը տա­րուին աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնք սկսած են 1 Նո­յեմ­բեր 2014 թուա­կա­նի դրու­թեամբ։ Թուր­քիա­յէն այս նա­խագ­ծին ներգ­րա­ւուած է՝ Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կը (Tarih Vakfı), իսկ Հա­յաս­տա­նէն՝ «Վեր­սուս Սթիւ­տիօ»ն։ Այս վեր­ջին­նե­րուն կող­մէ հա­մա­տեղ մշա­կուած ծրա­գի­րը ար­ժա­նա­ցած է հո­վա­նա­ւոր հիմ­նադ­րա­մի հա­ւա­նու­թեան ու զու­գա­հե­ռա­բար՝ գան­ձատր­ման։ Ուս­տի, այս­պէ­սով մեկ­նար­կած է գործ­նա­կան աշ­խա­տան­քը, հե­ղի­նա­կա­ւոր դէմ­քե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Սոյն նա­խագ­ծով լու­սար­ձա­կի տակ կը բե­րուին՝ 1991 թուա­կա­նէն ի վեր Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ ապ­րուած քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ մշա­կու­թա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը կամ փոր­ձե­րը։ Այդ բո­լո­րը քննարկ­ման կ՚են­թար­կուին քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան չա­փում­նե­րով՝ այս­պէ­սով ա­պա­գայ մը կա­ռու­ցե­լու հե­ռան­կա­րով, նաեւ ան­ցեա­լի սխալ­նե­րէն դաս քա­ղե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Ներ­կա­յիս բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տանք կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի՝ ար­տադ­րու­թիւ­նը թա­փով ի­րա­կա­նաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան այս ժա­պա­ւէ­նին մէջ որ­պէս մաս­նա­գէ­տի տե­սա­կէտ, պի­տի հնչեն կար­ծիք­ներն ու վեր­լու­ծու­թիւն­նե­րը՝ եր­կու եր­կիր­նե­րէն քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րու, ա­կա­դե­մա­կան­նե­րու, գոր­ծա­րար­նե­րու, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­նե­րու եւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան աշ­խար­հի սպա­սա­ւոր­նե­րու, ո­րոնք այս գոր­ծըն­թա­ցին բե­րած են ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կամ մօ­տէն հե­տե­ւած՝ ա­նոնց։

Ժա­մա­նա­կագ­րա­կան հիմ­նա­կան ա­ռանցք­նե­րուն շուրջ կ՚ու­սում­նա­սի­րուին՝ 1991-1992 թուա­կան­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման ջան­քե­րը, 1993 թուա­կա­նին սահ­մա­նին փա­կուի­լը, «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման» նպա­տա­կին Ե­րե­ւա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ ընդգր­կու­մը, 2001-2004 թուա­կան­նե­րուն Թուր­քիա-Հա­յաս­տան Հաշ­տու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վին կող­մէ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձին յա­ջոր­դած հա­սա­րա­կա­կան շար­ժու­մը, 2008-2010 թուա­կան­նե­րու ֆութ­պո­լա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թիւնն ու մի­ջազ­գա­յին հար­թու­թեան վրայ եր­կու եր­կիր­նե­րու շփում­նե­րը։

Վեր­ջին օ­րե­րուն, Ե­րե­ւա­նէն «Վեր­սուս Սթիւ­տիօ»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կը գտնուին քա­ղա­քիս մէջ, փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի ար­տադ­րա­կան աշ­խա­տան­քին ըն­թաց­քը Tarih Vakfı-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ աչ­քէ ան­ցը­նե­լու, նաեւ Թուր­քիոյ մէջ նա­խա­տե­սուած նկա­րա­հա­նում­ներն ու հար­ցազ­րոյց­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մա­ր։

Tarih Vakfı-ի Է­մի­նէօ­նի­ւի կեդ­րո­նի յար­կէն ներս, ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցաւ սոյն ծրագ­րին վե­րա­բե­րեալ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը։ Այս­պէս, Tarih Vakfı-ի նա­խա­գահ Փրոֆ. Պիւ­լենտ Պիլ­մէզ հիւ­րըն­կա­լեց «Վեր­սուս»ի խում­բը, ո­րու կազ­մին մէջ էին՝ Սա­թե­նիկ Ֆա­րա­մա­զեան (տնօ­րէ­նու­հի), Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեան (բե­մա­գիր), Ա­րա Շի­րի­նեան (բե­մադ­րիչ) եւ Ռո­պէրթ Խա­րա­զեան (նկա­րա­հան)։ Պիւ­լենտ Պիլ­մէ­զի կող­քին էին իր քար­տու­ղա­րու­հին՝ Միւ­նէվ­վէր Է­մի­նօղ­լու եւ լու­սան­կա­րիչ Մե­սուտ Եա­շար Թու­ֆան, որ սոյն ծրագ­րին հա­մար հա­մա­կար­գող նշա­նա­կուած է Tarih Vakfı-ի կող­մէ։ Հարկ է նշել, որ Թու­ֆան նա­խա­պէս ալ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած է հայ-թրքա­կան երկ­խօ­սու­թեան քա­ջա­լեր­ման հե­տա­մուտ ծրագ­րե­րու։

Tarih Vakfı-ի եւ «Վեր­սուս»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը հա­մա­միտ գտնուե­ցան, որ ցարդ կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քը բա­ւա­րար է, դրա­կան ու գո­հա­ցու­ցիչ եւ այդ հի­ման վրայ մատ­նան­շուե­ցան ի­րա­տես ակն­կա­լու­թիւն­ներ՝ այս կա­րե­ւոր փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չե­լու, գոր­ծը միաս­նա­բար ի կա­տար ա­ծե­լու ուղ­ղու­թեամ­բ։

Ե­րէ­կուան ժո­ղո­վէն վերջ, գի­շե­րուան ժա­մե­րուն Սա­թե­նիկ Ֆա­րա­մա­զեան եւ Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեան հրա­ժեշտ ա­ռին քա­ղա­քէս։ Ա­րա Շի­րի­նեա­նի եւ Ռո­պէրթ Խա­րա­զեա­նի կե­ցու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կուի շուրջ շա­բաթ մը եւս՝ Իս­թան­պու­լի եւ Ան­գա­րա­յի մէջ նա­խա­տե­սուած նկա­րա­հա­նում­նե­րուն հա­մար, Մե­սուտ Եա­շար Թու­ֆա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ։

Հուսկ, ա­ւելց­նենք, թէ բա­ւա­րար հիմ­քեր կան՝ այժ­մէն ան­համ­բեր ըլ­լա­լու հա­մար «Փակ սահ­մա­նի երկ­խօ­սու­թեան» ար­դիւն­քին ծա­նօ­թա­նա­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամ­բ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2015