Գէորգ Տէր-Վարդանեանի պայծառ կերպարը…

Մահը, ինչ խօսք, տխուր է ինքնին։ Նոյնիսկ անծանօթի մը մահուան լուրը ցաւ կը պատճառէ ակամայ, մարդկայնօրէն։ Այդ մէկէն անդին ալ, կարծես, կան հանգամանքներ, որոնք կը պայմանաւորեն մահուան նկատմամբ կամ տուեալ պարագայի հանդէպ վերաբերմունքը։ Մահը թէեւ ծնունդին չափ սովորական է ու բնական, սակայն, անոնց պատճառած հակազդեցութիւնը տրամագծօրէն հակառակ են իրարու։ Մահացողին ծանօթ կամ մօտիկ ըլլալը կը պայմանաւորէ անհատական վերաբերմունքը, իսկ վաստակը՝ հաւաքականը։

Այս ամբողջ թանձր ու ծանր խոհերու կիզակէտին է նորոգ հանգուցալ Գէորգ Տէր-Վարդանեան, որու մահուան գոյժը ողբերգութեան համազօր է հայ գիտական աշխարհին եւ, ընդհանրապէս գիտութեան վսեմ բնագաւառին տեսակէտէ։ Մեծ պահոց խորախորհուրդ օրերուն զուգադիպած կորուստ մը, որ անփոխարինելի է միանշանակ։ Գէորգ Տէր-Վարդանեանի նման հեղինակաւոր գիտնականի մը հրաժեշտի ցնցիչ փուլին՝ չափազանց յաւակնոտ կ՚ըլլայ իր մասնագիտութեան մասին խօսիլը, նոյնիսկ կրնայ նշանակել՝ չափէ սահմանէ դուրս գալ։ Միւս կողմէ ալ, անկարելի է անտարբեր մնալ, լռութիւն պահել այս մեծ նուիրեալի կորուստին դիմաց՝ հաշուի առնելով հայ մշակոյթին նկատմամբ իր հաւատարմութիւնը, ազգին արժէքներուն հանդէպ յանձնառութիւնը։ Արդարեւ, խօսքը կը վերաբերի տասնամեակներ շարունակ հայ տիպ ու տառէն չխնայուած եռանդի, չզլացուած աչքի լոյսի, հայ մշակոյթին համար շռայլուած լրջութեան եւ գերմարդկային ջանքերու։

Ինչպէ՞ս գնահատել այս բոլորը։ Ինչպէ՜ս արժեւորել այսպիսի կեանք մը, որու ամբողջը կը ցոլացնէ ծառայութեան պատկառելի ուղի մը եւ նուիրումի յամառ ճանապարհորդութիւն մը։

Յուշերը վրայ կը հասնին սուգի ծանր պահուն, օգնութեան կը փութան հրաժեշտի փուլին, երբ ըսելու խօսքը կը դառնայ այնքան սակաւ, իսկ արտայայտուելու ցանկութիւնը դուրս կու գայ հունէն։ Կան յուշեր, որոնք կ՚ունենան վկայութեան նշանակութիւն եւ իրենց ամբողջ քաղցրութիւնով հանդերձ, նաեւ բանալիներ կը մատուցեն առաքելութեան հետ նոյնացած անհատի մը խղճմտանքին ու դատողութեան մասին։

*

1997 թուականի աշնան էր։ Երեւանեան արեւը կը ջերմացնէր էութիւնս։ Բարեկամական շրջանակս այդ ատեն տակաւին սահմանափակ էր. միայն մարդիկ, որոնք, ըստ էութեան, նախապէս Պոլիս այցելած էին։ Անոնք ալ յաճախ պետական այրեր էին, դիւանակալներ, դիւանագէտներ, նաեւմշակոյթի կամ գիտութեան գործիչներ, որոնք պաշտօնի բերմամբ կարճ այցելութիւններ կու տային քաղաքս։ Անոնց շարքին էր լուսահոգի փրոֆ. Պարոյր Մուրատեան, որ իր մարմնաւորած կերպարով նուաստս բացած էր դէպի Հայաստան՝ տակաւին առանց երկիրը տեսնելու։ Ան եղած էր իմ առաջին ուղեցոյցը, ընկերակիցը Երեւանի մէջ։ Աստիճանաբար պիտի անդրադառնայի, թէ սա ի՜նչ մեծ ճոխութիւն մըն էր, շնորհ մը։ Առաջին անգամ իր հետ այցելած էի Մատենադարան, Պատմութեան թանգարան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիա, Ազգային պատկերասրահ եւ այլն։ Ուր որ կ՚երթայինք՝ բոլոր դռները լայն կը բացուէին մեր առջեւ։ Բացի շրջայցի առաջնորդուելէ, կ՚ընդունուէինք նաեւ տուեալ կառոյցի ղեկավարութենէն անձերու կողմէ։ Փրոֆ. Մուրատեան նրբանկատ էր ամէն մանրամասնութեան նկատմամբ։ «Պոլսէն Գօչունեանը եկած է», կը ներկայացնէր բոլորին, անշուշտ, արեւելահայերէնով։ Միջանկեալ նշեմ, որ ինքը լուրջ գործօն մը եղած է, որպէսզի հարազատ զգամ նաեւ մայրենիի միւս թեւը։ Տարիքս շատ երիտասարդ էր, տակաւին հազիւ քանի մը անգամ այցելած էի Երեւան եւ որպէս այդպիսին բան մըն ալ չէի ըրած, որ այդքան համբաւ ունեցած ըլլայի ու մարդիկ նուաստս ճանչնային մէկ խօսքով։ Առաջին իսկ պահէն այս պարագան կը զբաղեցնէր միտքս, բայց զգացի, թէ քիչ մը պէտք է համբերէի բարձրաձայնելու համար։ Շուտով այդ հանելուկն ալ լուծուեցաւ՝ շնորհիւ Գէորգ Տէր-Վարդանեանին, որուն կորուստը կը սգանք այսօր։

«Արա, սիրելիս, Ազգային գրադարան ալ պէտք է այցելես», ըսաւ օր մը փրոֆ. Մուրատեան։ Բնականաբար, իսկոյն համաձայնեցանք։ Անմիջապէս ճամբայ ելանք՝ մինչ կը պատմէր, որ տնօրէնը եղած էր իր աշակերտը։ Գրադարանի մուտքին պաշտօնեայէն խնդրեց՝ տնօրէնը տեղեակ պահել. «Ըսէք, խնդրեմ, Մուրատեանն է»։ Շատ չէր անցած, որ տնօրէնի աշխատասենեակին մէջ էինք։ Գէորգ Տէր-Վարդանեանը առաջին անգամ կը տեսնէի։ Ջերմ, չափաւոր, հասուն անձի մը տպաւորութիւնը կը ստեղծէր՝ մինչ կ՚ուղեկցէր Մուրատեանի ձայնը. «Պոլսէն Գօչունեանը եկած է»։ Եւ արդէն կը կրկնուէր նոյն ընկալումը։ Անմիջական զրոյցով հալեցան վայրկեանները եւ ինծի հարց տուին, թէ ունէի՞ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաջին թիւը։ Կեանքիս մէջ չէի տեսած, երբ արդէն կը պատրաստուէինք նշել թերթիս իննսունամեակը։ Տնօրէնը հեռաձայնեց եւ գրադարանի համապատասխան բաժնէն խնդրեց, որ բերեն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաջին թիւի հաւաքածոյին կազմ-հատորը։ Քիչ անց զանգ մը եկաւ։ Վերադաս պաշտօնեայ մը տնօրէնին կը յիշեցնէր, թէ պահանջուածը անձեռնմխելի ֆոնտի մէջ էր ու անկարելի էր տրամադրումը։ Իսկ տնօրէնին պատասխանը վճռական էր. «Գիտեմ, բայց հիմնադիրին ծոռն է մօտս»։ Պաշտօնեային ընկալուչէն յորդած ձայնը յանկարծ մեղմացաւ, կ՚երեւի, համոզիչ ու հիմնաւորուած էր տնօրէնին պատասխանը։ Շուտով բերին եւ ես կեանքիս մէջ առաջին անգամ անզէն աչքով տեսայ, շօշափեցի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաջին համարը։ Փշաքաղուած էի, մեծ հօրս մահուան վրայէն տակաւին տարի մը չէր անցած։ Ժամը չորսուկէսն էր եւ կէս ժամ վերջ կառավարութիւն պէտք է հասնէի, ժամադրութիւն ունէի հինգին՝ այդ ժամանակուան նորանշանակ վարչապետ Ռոպերթ Քոչարեանին հետ։

Տէր-Վարդանեանէն եւ Մուրատեանէն հրաժեշտ առի աճապարանքով, հասայ ժամադրութեանս։ Թաքսիին մէջ, այդ հապճեպի տրամադրութեամբ անդրադարձայ, որ հանելուկը լուծուած էր։ Մուրատեանը ինձ բոլորին նոյն ձեւով կը ներկայացնէր, իսկ Տէր-Վարդանեանի հեռաձայնի վրայ ըսածով քարերը կ՚իյնային իրենց տեղը։ Հանելուկին լուծումը, սակայն, թեթեւութենէ աւելի ծանրութիւն մը բերած ըլլար կարծես։ «Պոլիսէն Գօչունեանը» ի դէմն նուաստիս կ՚ընկալուէր, կարծես, ժամանակները անդրանցած Միսաք Գօչունեան մը։

Կառավարութեան ժամադրութենէն վերջ աշխատանքային օրը վերջացած էր, չէի կրնար վերադառնալ։ Կեցութեանս շարունակութեան դարձեալ այցելած էի գրադարան։ Տնօրէնը ապահոված էր, որ ունենայի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաջին համարին միքրոֆիլմերը, ինչ որ հնարաւոր առաւելագոյնն էր տուեալ պահու թեքնիք հնարաւորութիւններով։ Մուրատեանն ու Տէր-Վարդանեանը խորհուրդ տուած էին այդ տեսանիւթերէն անպայման օգտուիլ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի՝ այդ պահու դրութեամբ մօտալուտ իննսունամեակին առթիւ։ Երեւանի մէջ կազմակերպուած յոբելենական ձեռնարկը ակամայ ջնջուած էր՝ երանաշնորհ պատրիարք տ. Գարեգին արք. Գազանճեանի տխուր վախճանման պատճառով։ Բայց միքրոֆիլմերը կը պահուին, անշուշտ։

Եւ այսպէս, յուշերու կծիկէն այսօր դուրս կու գայ Գէորգ Տէր-Վարդանեանի պայծառ կերպարը, որուն առջեւ կը խոնարհինք բի՜ւր յարգանքով։ Համոզուած ենք, թէ իր վիթխարի վաստակն ու նուիրումի արգասիքը ժամանակներու մէջ ճանապարհ կը հարթեն՝ դէպի իր յիշատակին յաւերժացումը։ Լոյս իջնէ գերեզմանին։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2023