Նոր հարթութիւն (6)
Արցախի երկրորդ պատերազմը արդէն եկաւ ի հիմանէ քանդել տասնամեակներ շարունակ ձեւաւորուած բոլոր հաւասարակշռութիւնները։ Սա կը վերաբերի նաեւ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն։ Անգարա-Պաքու համագործակցութիւնը այնպիսի մակարդակի մը հասաւ, որ Թուրքիան դիմեց գործողութիւններու, որոնց ի շարունակութիւն ստեղծուած պատկերը Արեւմուտքը չէզոքացուց Հարաւային Կովկասէ ներս, իսկ Ռուսաստանի տեսակէտէ ստեղծեց այնպիսի վիճակ մը, որով ան չկրցաւ կամ չուզեց «հասնիլ» իր ռազմավարական դաշնակից Հայաստանին՝ մանաւանդ, որ իր շահերուն տեսակէտէ ժխտական կացութիւն մը չյառաջացաւ, ընդհակառակն։
Այս բոլորը զուգադիպեցան այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի մրցակցութիւնը սաստկանալէ աւելի՝ ակնյայտ թշնամութեան մը վերածուած է։ Այս նոր իրավիճակին մէջ ԱՄՆ եւ Արեւմուտքը Հարաւային Կովկասէ ներս վերստին գործօն դառնալու համար դատապարտուած են «պարտուած» Հայաստանի վրայով ալ գործելու։ Հակասութիւնը այն է, որ Հայաստան քաոսի մէջ է եւ անոր հետ այժմ ամէն տեսակ գործարքի մէջ մտնելը չափազանց ռիսքեր կը պարունակէ։ Մնաց որ, Հայաստանի սահմանները այսօր կը պահպանուին Ռուսաստանի զօրքերուն կողմէ։ Հիմնական խնդիր մը դարձած է Հայաստանի ինքնիշխանութեան ամրապնդումը։ Արեւմուտքի ապագայ գործունէութեան տեսանկիւնէն կարեւոր հարց մըն է այս մէկը։ Տարածքաշրջանէ ներս իրերու ներկայ դրուածքով գերակշիռ վիճակ ունին Անգարա եւ Մոսկուա։ Եթէ Արեւմուտքը յառաջիկային խաղին մասնակից ըլլալ պիտի ուզէ, ապա տեսականօրէն շատ կարեւոր է, որ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը ամրապնդուի եւ ան ալ տարբեր ուժերու հետ շփուելու եւ համագործակցելու հնարաւորութիւն ունենայ։ Այս տեսանկիւնէն կարեւոր նշանակութիւն ունի, թէ Իրանի եւ Արեւմուտքի յարաբերութիւնները ի՞նչ ընթացք պիտի ունենան։ Եթէ լարուածութիւնները յաղթահարուին եւ Իրան կարողանայ յառաջիկայ շրջանին հանդէս գալ՝ որպէս լիարժէք միջազգային դերակատար եւ տարածքաշրջանային ազդու խաղացող, ապա Հայաստանի ինքնուրոյնութեան տեսակէտէ կրնան յարաբերաբար նպաստաւոր պայմաններ գոյանալ։ Իսկ լարուածութեան շարունակուիլը իրերու դրուածքի հաւանականութիւնը կը նուազեցնէ։ Այսինքն, Իրան «ռազմավարական» հարեւան մըն է Հայաստանի համար։ Շարունակենք…
Ի՞նչ պիտի ընէր այս իրավիճակին մէջ Արեւմուտքը՝ ի դէմս ԱՄՆ-ի։ Առանց ռէէլ-փոլիթիք ռիսքերու դիմելու, Ուաշինկթըն պէտք է ընէր այնպիսի բան մը, որ մինչեւ հիմա երբեք չէր ըրած։ Այդ քայլն ալ եղաւ 24 Ապրիլի յայտարարութիւնը, որով ԱՄՆ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ըստ երեւոյթին, սխալ է սա ընկալել որպէս Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոց։ Արդարեւ, ԱՄՆ տեսաւ, որ Հարաւային Կովկասի պարագային հարկադրուած է իր ռազմավարական դաշնակից Թուրքիայէն անկախ գործելու եւ այդ կէտէն սկսեալ իրեն համար նպաստաւոր քայլը առնելու ժամանակ անպատեհ չէ նկատած Թուրքիոյ զգայնութիւնները անտեսել։ Իրադարձութիւնները այնպիսի ընթացք մը ունեցած են, որ այս պարագային երկու դաշնակիցներուն միջեւ ճամբաբաժան մը յառաջացած է։
Հարկ է յիշեցնել, որ Պայտընի յայտարարութենէն անմիջապէս վերջ ամերիկեան կողմը գետին ստեղծած է նաեւ դէպի Ատրպէյճան աւելի շատ ռազմաարդիւնաբերական արտադրանք արտածելու։ Այժմ Արեւմուտքը կը ջանայ նոր պայմաններ ստեղծել՝ Հարաւային Կովկասէ ներս ազդեցութեան լծակներ ձեռք բերելու համար։ Տեսնենք՝ գործնականն ու տեսականը ինչքանո՞վ պիտի համընկնին իրարու յաջորդ փուլերուն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ