ԿԵՐՊԱՐՆԵՐՈՒ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ
Հայկական ժառանգութեան փոխանցման, տեւականացման վերաբերեալ ամբողջ խնդիրները, խորքին մէջ, առընչութիւն ունին այն հանգամանքին հետ, թէ մեր արժէքները ո՛ւր կը տեղաւորուին, ի՛նչ բանի կը համապատասխանեն երիտասարդութեան աշխարհէն ներս։ Հետաքրքրութիւն առթելու, ժառանգատիրոջ գիտակցութիւն ներմուծելու գործընթացները վիթխարի աշխատանք, ահաւոր համբերութիւն ու մեծ ներդրումներ կ՚ենթադրէ։ Արդիւնաւէտ փոխանցումի մը կազմակերպումը դժուար է բոլոր առումներով, ձախողման հաւանականութիւններով հանդերձ։
Այս ամբողջին մէջ կայ հիմնական ազդակ մը, որ կրնայ անհամեմատելիօրէն դիւրացնել գործը։ Այդ մէկն է՝ կերպարներու ներգործութիւնը։ Օտար կամ միջազգային մթնոլորտի մէջ յաջողութեան հասած հայերը խորապէս կը տպաւորեն մեր երիտասարդները։ Անոնց մարմնաւորած կամ խորհրդանշած կերպարները ահաւոր ձգողականութիւն մը կ՚ունենան մեր երիտասարդներուն տեսանկիւնէն։ Կարճ խօսքով, յաչս նոր սերունդին՝ հայկական արժէքներուն հրապոյրը ուղիղ համեմատութեան մէջ է անոնց համամարդկային մշակոյթին հետ ունեցած ներդաշնակութեամբ։ Բեկումնային պահերը կ՚ապրուին ընդհանրապէս այն հանգրուաններուն, երբ հայ երիտասարդը անձնական համոզիչ փորձառութիւնով մը ականատես կ՚ըլլայ վառ օրինակի մը։ Իսկ յայտնի անուններուն շնորհիւ կը բազմապատկուի երիտասարդներուն հետաքրքրութիւնը եւ տիրական կերպար մը, կրնայ պատահիլ՝ որ երիտասարդներուն առջեւ բանայ սեփական ժառանգութեան, հարազատ մշակոյթին հորիզոնները։
Պոլսահայ մեր հինգ լիսէներու տնօրէններն ալ սոյն հանգամանքները կը մատնանշեն ինքնուրոյն վկայութիւններով։ Ուրեմն, մէջբերենք դարձեալ իրենց արտայայտութիւնները։
Թալին Մաթոսօղլու. «Այսօր մենք կը տեսնենք աւելի գիտակից սերունդ մը։ Նախ եւ առաջ, հարցաքննող սերունդ մըն է եւ այդ նոյն ճամբով ձեռք կը բերէ կամ կը կատարելագործէ իր ինքնութեան գիտակցութիւնը։ Այս իմաստով ալ ուսուցիչներուն հետ շփումները կը ներկայացնեն մեծ կարեւորութիւն։ Եթէ անոնք յաջողին իրենց մտքին մէջ ծագած հարցումներուն շուրջ բաւարար պատասխաններ ստանալ մեր կրթական մշակներէն, ապա կը սկսին վստահիլ անոնց ցոյց տուած ուղղութեան։ Այժմու սերունդները արդէն կը մտածեն, կը դատեն իրենց հասած կամ մատուցուած տեղեկութիւնը եւ ըստ այդմ ալ կը սկսին կարդալ։ Մեր վարժարանին մէջ մասնաւոր խնդիրներ չենք ապրիր հայերէնի շուրջ։ Ինչպէս ըսի՝ այսօր ունինք հարցաքննող սերունդ մը եւ մենք մեր առաջնահերթութիւններուն համար անպայման պէտք է տեղ ստեղծենք այդ հարցադրումներուն մէջ»։
Սաթենիկ Նշան. «Մեր երիտասարդները լիսէի շրջանին այլեւս բաւական կը զբաղին հայութեան վերաբերեալ հարցերով։ Անոնք թէ՛ որոշ չափով հասունցած ըլլալով կ՚անդրադառնան իրենց ինքնութեան տարբերութիւններուն եւ թէ լայն հասարակութեան մօտ հայկական նիւթերով խօսուածներուն լոյսին ներքեւ կ՚ազդուին։ Այս նիւթերով զբաղելու զուգահեռ՝ անոնք դպրոցին մէջ կարծիքի փոխանակումներ կ՚ունենան նաեւ իրենց թուրք ուսուցիչներուն հետ։ Այդ երկխօսութիւնները դրական են անշուշտ։
«Բայց եւ այնպէս, մեր աշակերտները լիսէն աւարտելէ, համալսարան մուտք գործելէ, տարբեր շրջանակներու մէջ մտնելէ վերջ կ՚անդրադառնան իրենց ինքնութեան։ Համալսարանը աւարտելէ վերջ, հասունութեան շրջանին ալ այդ անդրադարձը կը խորանայ, բայց այս բոլոր վարկածներու պարագային հարիւր տոկոսի մասին չէ խօսքը։ Մենք այդ բոլորին մէջ լեզուն ալ հնարաւորինս մտցնելու համար, անգլերէնի առընթեր, հայերէնով ընկերային զանազան ձեռնարկներուն եւս թափ կու տանք»։
Եւա Օրագեան. «Մենք պարտաւոր ենք հորիզոններ բանալու մեր աշակերտներուն առջեւ։ Ինքնութեան հարցերուն պարագային կարծես առաւել եւս ի զօրու է այս մօտեցումը։ Մենք իրենց պէտք է տանք բանալիները եւ մնացեալը իրենք պէտք է գտնեն։ Շատ նպատակասլաց, բայց անուղղակի ձեւով ուղեղ լուալու մասին է խօսքը։ Հարցը միայն հայերէնի տեսանկիւնէն պէտք չէ ընկալել։ Ամէն ինչ միայն դասերով ալ չ՚աւանդուիր։ Դասաժամերէ դուրս ալ ուսուցիչը կրնայ արդիւնքներու հասնիլ։ Ուսուցիչը դասաժամերէ դուրս եւս կրնայ հարցման նշաններ յառաջացնել տղոց մտքին մէջ»։
Սիլվա Գույումճեան. «Հայ մշակոյթի դասաժամերու մէջ մասնակի ձեւով մատուցուիլը անբաւարար է։ Այս պատճառով, կը ջանանք հաւասարակշռութիւն մը գտնել ընկերային ձեռնարկներու միջոցաւ։ Անձ մը կը ճշդենք պատմութենէն ու կը սկսինք նախ խօսիլ անոր մասին, մինչեւ որ ծրագիր մը հասուննայ։ Նախ մենք կը խօսինք, իսկ աւելի վերջ տղաքը մասնակցիլ կը սկսին իրենց պրպտումներուն զուգահեռ։ Կերպարները լուրջ ազդեցութիւն կը գործեն անոնց վրայ։ Պատմական կերպարները նոյնպէս տպաւորութիւն կը թողուն անոնց վրայ։ Եթէ մենք լաւ շեշտենք կամ բանաձեւենք համամարդկայինը, ապա անոնք ինքնաբերաբար կը նշմարեն հայկականը այդ ամբողջին մէջ։
«Մենք կ՚առաջնորդուինք այն փիլիսոփայութեամբ, թէ մտածելու դաստիարակութիւն մը պէտք է տանք մեր աշակերտներուն։ Եւ կամ. օրինակ՝ կը շեշտենք մարդու իրաւանց կարեւորութիւնը ու կը մատնանշենք, թէ լեզուն ալ մաս կը կազմէ անոնց շարքին։ Այսպէսով մտածելակերպ մը պէտք է իւրացնել, սակայն բնականաբար, ծնողները ուրիշ պահանջներ ալ ունին։ Պէտք է ուշադրութեամբ պատրաստել դպրոցին ընդհանուր միջավայրը, զոր պիտի շնչեն աշակերտներն ու ծնողները։ Եւ այդ միջավայրը պէտք է այնպէս մը ըլլայ, որ քիչ խօսքով ապահովէ առաւելագոյն անդրադարձ։ Ժամանակը պէտք է լաւ արժեւորել, տարիները չվատնենք մինչեւ որ անձ մը հասնի քառասուն տարեկան։ Մեր վարժարանները այս ջանքերը կը գործադրեն նիւթական միջոցներու եւ մարդուժի անբաւարարութիւններով։ Չունինք մեզի առաջնորդողներ կամ աջակիցներ։ Կարճ խօսքով, առաւել չափով կ՚ապաւինինք ընկերային ճիւղերու դասաժամերուն»։
Արմէն Սարուխանեան. «Մեր հիմնական մարտահրաւէրն է հետաքրքրութիւն արծարծելը։ Այսօր ունինք նոր սերունդ մը, որ ունի իր ուրոյն մտածելակերպը։ Մենք պարտաւոր ենք հաշուի առնելու տղոց խօսած լեզուն։ Կերպարները մեզի կ՚օգնեն, ժողովրդականութեան առարկայ դարձած ամէն ինչէ կրնանք օգտուիլ։ Վերջին հաշուով, մեր ժառանգութեան մասին տղաքը տեղեկութիւն պէտք է ունենան, որպէսզի արժէք տան անոր։ Տեղեկութեան մակարդակը որքան որ բարձր ըլլայ, արժեւորումն ալ կը բարձրանայ»։
*
Ուրեմն այսպէս, կ՚եզրափակենք մեր այս եռօրեայ յօդուածաշարքը՝ խորապէս շնորհակալութիւն յայտնելով համայնքային մեր հինգ լիսէներու տնօրէններուն։
ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ ՊԻՏԻ ՏՐՈՒԻ ՅԱՋՈՐԴ ՏԱՐԻ
Նուրհան Փալաքօղլու (Համայնքային վաքըֆներու հարթակի՝ VADİP-ի Կրթական յանձնախումբի համակարգող).- Վերամուտին ընդառաջ, մասնաւորապէս նիւթական հարցերու շուրջ նորութիւն մը չկայ մեր վարժարաններու պարագային։ Միայն մեր մէկ-երկու հաստատութեան տեսանկիւնէն յարաբերաբար աւելի վարդագոյն երեւոյթներու մասին կարելի է խօսիլ՝ կալուածներու սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման բերումով։ Սակայն, ըստ էութեան, ընդհանրապէս, տնտեսական համատարած անբաւարարութիւնները կը մնան առկայ։ Այս վիճակը, անխուսափելիօրէն, ազդեցութիւն կը գործէ մեր կրթական համակարգի բոլոր երեսակներուն վրայ։ Մեր բոլոր հարցերուն հետ ուղղակի կամ անուղղակի առընչակից է այս մէկը։ Մեր վարժարաններու շէնքերուն ֆիզիքական պայմաններու անբաւարարութենէն սկսեալ, մինչեւ կրթութեան որակը՝ ամէն ինչի վրայ կ՚ազդէ այս հարց։
Արհեստավարժ օժանդակութիւն ստանալու առումով եւս կան հարցեր, կարգ մը դպրոցներ կը տանին որոշ աշխատանքներ, սակայն կարելի չ՚ըլլար նման ծրագիրները ընդհանուրին սեփականութիւնը դարձնել։ Դժբախտաբար, մեր կարգ մը դպրոցները կ՚աշխատին միայն օրը փրկելու մտայնութեամբ։ Հնարաւորութիւն չենք ունենար ընդհանուր որակը բարձրացնելու։
Այս տարի նոր հաստատուած արձանագրութիւններու դրութեան շուրջ մեծ հարցեր չեն յառաջացած, նախորդ շրջաններուն բաղդատմամբ չկայ էական նորութիւն մը։
Մեր որոնումները կը շարունակուին նոր սերունդէ ուսուցիչներ հասցնելու ճանապարհին՝ կարճ, միջին եւ երկար ժամկէտներով։ Թէ՛ դասարանի եւ թէ մասնաւոր ճիւղերու ուսուցիչներ պատրաստելու համար զուգընթաց աշխատանքներ յառաջ կը տարուին։ Բաց աստի, կը փորձենք մեզի դիմած մեր գործազուրկ ուսուցիչներու պարագային միջնորդել՝ որպէսզի գործ մը գտնուի անոնց համար։
Մենք կը հաւատանք նաեւ ինքնաքննադատութեան անհրաժեշտութեան։ Այս ծիրին մէջ նշեմ, որ VADİP-ի Կրթական յանձնախումբը իրականութեան մէջ պէտք է աշխատի աւելի բարձր մակարդակի վրայ։ Այս պահուն մենք միայն կը ջանանք լուծում գտնել ծագած խնդիրներուն։ Վերջին շրջանին խտացեալ գործ մը չկարողացանք տեսնել՝ կրթական բնագաւառը կարգաւորելու ուղղեալ մեր ծրագրերուն շուրջ։ Մեր նպատակը այն է, որ լուրջ խնդիրները ճշդենք եւ անոնց յաղթահարման համար արհեստավարժ յանձնախումբեր ստեղծենք։ Այս առումով տակաւին բաւական հեռու ենք մեզի համար բաղձալի կէտէն։
Ինչպէս գիտէք, վիճակագրական տուեալներ հաւաքելու ուղղեալ աշխատանքներ յառաջ կը տանինք նաեւ ծնող-ուսուցիչ-աշակերտ առանցքին վրայ։ Այս տուեալներուն լոյսին ներքեւ պիտի կարողանանք ապահովել Կիւլպէնկեան հիմնարկին աջակցութիւնը։ Ճի՛շդ ծրագիրներ մշակելու համար այս հիմնարկը անհրաժեշտ կը համարէ ճի՛շդ տուեալներու հիման վրայ աշխատիլը։ Որովհետեւ, աշխարհի վրայ հայկական դպրոցներու հարցերը նոյնանման չեն եւ Կիւլպէնկեան հիմնարկը կը ձգտի ծանօթանալ իւրաքանչիւր շրջանի առանձնայատկութիւններով պայմանաւորուած իրադրութեան։ Հետեւաբար, մենք ալ այս տուեալները կը պատրաստենք եւ յոյս ունինք 2016 թուականին արդիւնքներ ունենալ եւ պատրաստ ըլլալ դիմելու Կիւլպէնկեան հիմնարկէն օժանդակութիւն ստանալու համար։
Նոր կրթական շրջանին յաջողութիւն կը մաղթենք մեր աշակերտներուն, կրթական մշակներուն եւ մեր վարժարաններու բոլոր պատասխանատուներուն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ