2020-2021 շրջանի վերամուտ. Համայնապատկեր՝ Գումգաբուի վերջին հաւաքի լոյսին տակ (2)

Գումգաբուի վերջին համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութիւնը, ըստ էութեան, երեք հիմնական «կողմ» ունէր։ Առաջին՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երկրորդ՝ ՀԱՅՃԱՐ եւ երրորդ՝ Պետրոս Շիրինօղլու։ Հաւաքի ողնայարը կը բաղկանար այս երեք հիմնական տարրերէն։ Ուստի, իւրաքանչիւրին կողմէ փոխանցուած պատգամը պայմանաւորեց նաեւ քննարկումներէն վերջ ստեղծուած համայնապատկերը։ Ժողովի օրակարգը թէեւ առաջին հերթին մասնագիտական նիւթ մը կ՚ընդգրկէր, սակայն, հասկնալիօրէն քննարկումները սահմանափակ չմնացին զուտ մեր վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի դէմ տոկունութեան հարցով։ Արդէն չէին ալ կրնար այդքանով սահմանափակուիլ, որովհետեւ կրթական համակարգը համալիր հարցերէ կը բաղկանայ, բոլորը իրարու հետ փոխկապակցուած։ Այս իրողութեան լոյսին տակ բիւրեղացան խնդիրները։ Վարչական կամքի եւ մասնագիտական պաշարի համատեղումով կարելի է հասնիլ մեր հաւաքական կեանքի հարցերու տրամաբանական լուծման՝ հանրութեան խղճին մօտ արդարանալի ձեւով։ Ժողովի ընթացքին «հանրութեան խիղճ» ըսուած գործօնը կը մարմնաւորէր Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը։ «Մասնագիտական պաշար» ըսուածը կը խորհրդանշէին ՀԱՅՃԱՐ-ի անդամները եւ առհասարակ մեր վարժարաններու տնօրէնները կամ կրթական մշակներ։ Իսկ «վարչական կամք»ի դիրքին վրայ էին՝ առաջին հերթին Պետրոս Շիրինօղլու, նաեւ մեր վարժարաններու մատակարար մարմիններու ատենապետները, լիազօր անդամներն ու հիմնադրի ներկայացուցիչները։

Ըստ այս դրուածքին, եթէ դիտարկենք ժողովի ընթացքը, այնտեղ փոխանցուած պատգամները կը ցոլացնեն որոշ պատկեր մը՝ ուրոյն նպատակներով ու տրամաբանութեամբ։ Ժողովէն անմիջապէս վերջ արդէն մանրամասնօրէն փոխանցած էինք ՀԱՅՃԱՐ-ի ներկայացուցիչներուն կողմէ ըսուածները։ Երկրաշարժի դէմ մեր դպրոցներու շէնքերը ամրացնելու առաջնահերթութիւնով ցուցմունքներ, խորհրդատուութիւններ էին անոնք։ Բաւարարուինք աւելցնելով, թէ այս կտրուածքով մեծ առաւելութիւն մըն է համայնքէն ներս այսպիսի մասնագիտական խմբաւորում մը ունենալը։ Գալով Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի եւ Պետրոս Շիրինօղլուի խօսքերու մեկնաբանութիւններուն…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԽՕՍՔԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը խորհըր-դակցութեան ընթացքին ընդգծեց, որ Աթոռը ՀԱՅՃԱՐ-ի հետ վաղուց համագործակցութեան մը սկսած է՝ վարժարաններու շէնքերու ամրութիւնը ստուգելու համար։ Այսինքն, պատկան իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուածէն առաջ սկը-սած էր աշխատանք մը։ Սա Պատրիարքարանի տեսակէտէ դրական հանգամանք մըն է՝ համայնքէն ներս կենսական խըն-դիրներու կապակցութեամբ զգօնութիւն խրախուսելու իմաստով։ «Պատրիարքարանը այս խնդրին հետամուտ եղած է յանուն մեր ժողովուրդին։ Եթէ ռիսք մը կայ, ապա պէտք է գիտնանք եւ միջոցներ պէտք է ձեռք առնենք։ Ո՛չ անտարբերութիւն պէտք է ցուցաբերենք եւ ոչ ալ խուճապի պէտք է մատնուինք։ Այս ոսկէ միջինը մեզի պիտի մատուցէ գիտութիւն։ Մենք պէտք է բանեցնենք գիտութիւնը եւ ան պէտք է մեզի ցոյց տայ ճշմարտութիւնը», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը։

Խորհրդակցութեան ընթացքին արտայայտուած կարգ մը իրերամերժ տեսակէտներու լոյսին տակ Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ համայնքէն ներս կորսուած է համախմբուելու եւ համաձայնութեան հասնելու ընդունակութիւնը։ Սա խոր մտահոգութիւն կը պատճառէ իրեն։ Այլապէս, նիւթական միջոցներու սղութիւնը վախ չեն պատճառեր։ «Եթէ մենք մեր ոգին չկորսնցնենք, ապա այդ ոգին մեզի կը ծնի նիւթական միջոցներ», ըսաւ ան։

Ժողովի տեւողութեան Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը առաջարկեց նաեւ նման ժողովներ կազմակերպել պարբերաբար։ Ան այս առաջարկը ներկայացուց՝ դիտարկած ըլլալով համայնքէն ներս երկխօսութեան պակասը, կարծիքի փոխանակումներու հարթակներու սահմանափակութիւնը։ Միջանկեալ պէտք է նշել, որ այս առաջարկը կարեւոր էր, որովհետեւ վերջին շրջանին Պատրիարքական Աթոռն ալ որոշ չափով, կամայ թէ ակամայ, թափանցիկ գործելաոճէ հեռացած ըլլալ կը թուի։ Գումգաբուի վերջին ժողովին դռնփակ կազմակերպուած չըլլալը այս առումով շատ ողջունելի էր։ Իսկ Նորին Ամենապատուութեան առաջարկը տեսականօրէն կրնայ ապահովել օգուտներ, սակայն գործնականօրէն շատ զգոյշ պէտք է ըլլալ։ Արդարեւ, շուրջ տասն տարիէ ի վեր մեր համայնքէն ներս խորացած է ամուլ ժողովներու նախընթաց մը։ Մեր վարչայինները, համայնքային կառոյցներու զանազան մակարդակի պատասխանատուները յաճախ կը համախմբուին, քննարկումներ կը ծաւալեն, սակայն այս ամբողջին անարդիւնաւէտութիւնը, անպտղաբերութիւնը ծնունդ տուած է համատարած յուսախաբութեան։ Մարդոց իրարու նկատմամբ վստահութիւնը խախտած է եւ բոլորը սկսած են թերահաւատութեամբ վերաբերուիլ հաւաքական աշխատանքի նկատմամբ։ Ուստի, Պատրիարքական Աթոռը այս փակուղիի յաղթահարման համար գետին կրնայ պատրաստել եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առաջարկը պէտք է արժեւորել այս տեսանկիւնէ։

ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒԻ ԽՕՍՔԵՐԸ

Գումգաբուի ժողովի ընթացքին Պետրոս Շիրինօղլու բուռն արտայայտութիւններով հանդէս եկաւ։ Իր խօսքերը միայն մեր դպրոցներու շէնքերու տոկունութեան չէին վերաբերեր։ Ան զանազան խնդիրներու շուրջ խորհրդածութիւններ ըրաւ եւ ահազանգ հնչեցուց։ Շիրինօղլու նշեց, որ դպրոցներու շէնքերու ամրութեան խնդիրը կը ջանայ շուրջ երկու տարիէ ի վեր արծարծուած պահել համայնքային կեանքէ ներս։ Ընդհանուր առմամբ ատենապետը այս տեսանկիւնէն անլրջութիւն մը նկատած է եւ փափաքած է այս փուլին խնդիրը բարձրաձայնել, որպէսզի ապագային պատասխանատուութիւն չվերագրուի իրեն։ Բացի Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն, իր խօսքով, մեր մնացեալ բոլոր վարժարանները առաւել կամ նուազ չափով ամրակայման կարիք ունին։ Նման աշխատանքներ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի համալիրէն ներս ալ կատարուած են։ Շիրինօղլու համոզուած է, որ ներկայ վերամուտի շրջանին ծնողները տեղեակ պէտք է պահուին այս հարցերէն։ «Ձեր աթոռներուն նկատմամբ սէրը միթէ աւելի՞ կարեւոր է՝ քան մեր զաւակներու ապագան», պոռթկումով ըսաւ Շիրինօղլու՝ քննադատելով մեր մատակարար մարմիններու վարչայինները։

Այդ կէտէն սկսեալ Պետրոս Շիրինօղլու աւելի ընդհանրացուց իր խորհրդածութիւնները եւ ըսաւ, որ տասն տարիէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէ մեր կրթական համակարգի ապագային համար։ Միշտ օրը փրկելու նպատակով քայլեր կ՚առնուին մեր իրականութեան մէջ եւ այսպէսով համայնքը հասած է անդունդի եզրին։ Մեր դպրոցներու եւ համայնքային կառոյցներու կացութիւնը ընդհանրապէս բնաւ լաւ չէ։ Իւրաքանչիւր դպրոցական շէնքի ամրակայման համար անհրաժեշտ է շուրջ 5 միլիոն լիրա։ Սա առնուազն 50-60 միլիոն լիրայի միջոց մը կ՚ենթադրէ, որպէսզի մեր դպրոցներու շէնքերը երաշխաւորուած ըլլան։ Այս գործը կը կարօտի մեծ ժամանակի եւ մեծ գումարներու։ Ներկայիս մեր համայնքային հաստատութիւններու ելմտական պայմանները չափազանց անբաւարար են։ Վաքըֆներու միջոցները անխնայօրէն եւ անգիտակցաբար սպառած են։ Ապագային վիճակը ա՛լ աւելի պիտի վատթարանայ։ «Երբ այս բոլորին մասին հրապարակաւ կը խօսէի, զիս կը մեղադրէին՝ երկրաշարժը պատրուակելով դպրոցներ միացնելու համար գետին պատրաստելով», ըսաւ  Շիրինօղլու եւ հրատապ ձեւով ընդգծեց մեր նիւթական միջոցներու անբաւարարութեան հարցը։ Բացի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն, այժմ ինքնաբաւ է Սուրբ Խաչ դպրեվանքը եւ որոշ միջոցներ ունի Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Շիրինօղլու Պէյօղլուի կապակցութեամբ համայնքը շարժման անցնելու հրաւիրեց ու շեշտեց, որ վերջին տարիներուն համայնքին հասած գումարները մսխուած են։

Նիստի ընթացքին Շիրինօղլու ժողովականներու նկատառման յանձնեց, որ մեր համայնքի հիմնական խնդիրներու լուծումները, ընդհանրապէս, կիսատ վիճակի մէջ են։ Այս կէտին վրայ ան մէջբերեց երկու հիմնական օրինակ։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի կարգավիճակի հարցը թէեւ լուծուած է, սակայն, ընթացքի մէջ է դատական գործընթաց մը, որու արդիւնքին մասին կարելի է ոչինչ կանխատեսել։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հանդիպակաց պատմական բանջարանոցի տարածքի կալուածաթուղթը թէեւ տրուած է, սակայն ընթացքի մէջ է դատական գործ մը, որու հետեւանքով կարելի չէ բան մը ընել։ Այս բոլորի լոյսին տակ Շիրինօղլու խորհուրդ տուաւ աւելի ուշադիր եւ նախանձախնդիր ըլլալ պետութեան նկատմամբ վերաբերմունքի կապակցութեամբ։

Ատենապետի համոզմամբ, մեր համայնքը լրջօրէն պէտք է մտածէ խնայողութիւններ ընելու մասին։ Ամենամակերեսային օրինակով, վերջին քսան տարուայ ընթացքին մեր համայնքէն ներս եթէ միայն երկու վարժարան մերձակայ ուրիշ վարժարանի մը հետ միացած ըլլար, ապա այսօրուան արժէքներով՝ մեր համայնքը շուրջ 500 միլիոն լիրա խնայած կրնար ըլլալ։ «Մեր միջոցները ծախսելու ժամանակ եթէ հարցերուն այս երեսակն ալ մտածենք եւ ըստ այնմ գանձանակի մը մէջ որոշ բաժին մը ի պահ դնենք, ապագային արդէն հսկայական միջոցներ կրնանք ունենալ», ըսաւ Շիրինօղլու եւ աւելցուց, որ սոյն օրինակին վերաբերեալ հաշուարկները բաժնած է նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ։

Մեր համայնքէն ներս Պետրոս Շիրինօղլու երկար ատենէ ի վեր կը պաշտպանէ վարժարանները միացնելու մօտեցումը։ Ակնյայտ է, որ բազում շրջանակներ համամիտ չեն ըլլար իրեն եւ քննադատութիւններ կը կատարեն։ Թրքահայ իրականութեան մէջ դպրոցի մը փակման կամ ուրիշի մը հետ միացման պարագան սկզբունքօրէն շատ ցաւալի է։ Որովհետեւ կ՚անհետանայ հայապահպանման կռուան մը անշրջադարձելիօրէն։ Այն ինչ որ կը փակուի կամ կը միացուի, կը կորսուի միանգամընդմիշտ։ Այլեւս կարելի չ՚ըլլար վերաբանալ կամ վերահաստատել։ Այս տեսանկիւնէն Շիրինօղլուի մօտեցումը չ՚ընկալուիր միանշանակ։ Միւս կողմէ, սակայն, մեր կրթական համակարգի վերաբերեալ բարեփոխման հրամայականն ալ ուրիշ ճշմարտութիւն մըն է։ Սա կեանքի կոչել կարելի չ՚ըլլար երկար ժամանակէ ի վեր եւ կուտակուած խնդիրները համակարգը կաթուածահար ըլլալու եզրին հասցուցած են։ Մեր վարժարաններու ընդհանուր արդիւնաւէտութիւնը, իրենց բուն առաքելութիւնը արդարացնելու մակարդակը շատ հեռու են բաղձալի ըլլալէ։ Ժողովի ընթացքին Շիրինօղլու զանազան օրինակներով յիշեցուց, որ ֆիզիքապէս իրարու շատ մօտ հսկայական շէնքերու մէջ առաջուան բաղդատմամբ շատ նուազ թիւով աշակերտներ կը հիւրընկալեն մեր դըպ-րոցները։ Ուստի, այս իրերամերժ գործօնները արգելք կը հանդիսանան, որ միանշանակ ձեւով անտեսուին Շիրինօղլուի մօտեցումները։ Ժողովի ընթացքին իրեն ուղղուած հարցումներէն մէկուն մէջ ալ շօշափուեցաւ համայնքապատկան կալուածներու վրայ նոր կրթօճախներ կառուցելու եւ մեր ունեցածները ամփոփելու հաւանականութիւնը։

Գումգաբուի հաւաքէն վերջ Շիրինօղլուի հետ զրուցեցինք նաեւ ժողովին վերաբերեալ ունեցած տպաւորութիւններուն շուրջ։ «Պարտաւոր ենք մեր զաւակներուն լաւ ուսում ջամբել։ Ընդհանուր առմամբ երեք շէնքի մէջ կրնանք կազմակերպել մեր այսօրուան կրթական աշխատանքը՝ մեր ունեցած աշակերտութեան թիւով։ Ֆիզիքական պայմանները կ՚ըլլան կատարեալ։ Տղաքը լաւ հայերէն կը սորվին, լաւ թրքերէն կը սորվին, կ՚իմանան իրենց կրօնը։ Մնացեալ բոլոր դասերը կրնան ըլլալ անգլերէնով։ Կրնանք օտար ուսուցիչներ բերել մեր դպրոցներուն համար։ Այսօր աշխարհը փոխուած է, տնտեսութիւնը փոխուած է։ Այսօրուան պայմաններով մեր երիտասարդները անցեալի նման չեն կրնար անձնական հմտութիւններով գործարան մը բանալ։ Անոնք կեանքի պայքարի մէջ տեղ մը կրնան հասնիլ միայն ուսումով։ Հետեւաբար, դատապարտուած ենք անոնց լաւ կրթութիւն տալու։ Անոնք պարտաւոր են լաւ կրթութիւն ունենալու», ըսաւ Շիրինօղլու։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

- վերջ -

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2020