Աւլենք նախ մեր դրան առջեւը

Համայնքապատկան կալուածներու խնդիրը անպակաս է թրքահայութեան օրակարգէն։ Կար ժամանակ մը, մօտաւոր անցեալին, երբ մեր համայնքը միշտ կը գանգատէր կալուածներու պարագային կատարուած անարդարութիւններէ, իրաւունքի ոտնձգութիւններէ եւ անոնց արժեւորման համար դրուած արգելքներէ։ Ժամանակները փոխուեցան, պետութիւնը տարբեր վերաբերմունք որդեգրեց եւ փոքրամասնութիւններու համար կատարուած բարեփոխումներու ծիրին մէջ համայնքապատկան կալուածներու արժեւորման առջեւ նոր հորիզոն մը բացուեցաւ։ Անարդարութիւնները կարեւոր չափով յաղթահարուեցան, իրաւունքի ոտնձգութիւնները դադրեցան։ Կրնայ ըլլալ, որ բոլոր խնդիրները հարիւր տոկոս լուծուած չըլլան, սակայն անուրանալի է, որ կալուածներու հարցին շուրջ մեր համայնքը լայն շունչ մը քաշած է եւ այդ լայն շունչին զուգահեռ կարելի է յուսադրուիլ ապագայի տեսակէտէ՝ մեր հաստատութիւններուն համար երկարաժամկէտ մշտական հասոյթներ ապահովելու առումով։ 

Եկուր տես, որ համայնքապատկան կալուածներու արժեւորման, արդիւնաւէ՛տ ու նպատակասլաց արժեւորման խնդիրը օրակարգէ դուրս չէ մնացած։ Պետութեան վերաբերեալ հարցերու առաւել չափով յաղթահարուած ըլլալով հանդերձ, համայնքը չէ փրկուած մտատանջութենէ։ Ճիշդ է, որ կարգ մը կէտերու վրայ կան լուրջ ձեռքբերումներ, սակայն կարգ մը կէտերու վրայ ալ կան լուրջ ձախողումներ, ձգձգումներ։

Վարչական անբաւարարութիւններով եւ ներքին համագործակցութեան պակասի, փորձառութեան փոխանակման պակասի հետեւանքով համայնքապատկան կարգ մը շատ կարեւոր կալուածներ ներկայիս կը շարունակեն ամուլ վիճակի մէջ մնալ։ Մէկ շունչով կարելի է թուարկել տասնեակ մը օրինակ։ Տակաւին չենք խօսիր այն ցաւալի պնդումներուն մասին, որոնք կը վերաբերին զեղծումներու կամ իւրացումներու եւ որոնք շրջանառութեան մէջ են մեր հաւաքական կեանքէն ներս։

Սերունդներու կողմէ կուտակուած ազգային հարստութիւնը այս համայնքի ապագայ գոյատեւման առանցքային երաշխիքն է։ Այսօր, կարգ մը կէտերու վրայ այս համայնքի հաւաքական հարստութիւնը կը մսխուի, կը դատապարտուի ամլութեան։ Շատ կարեւոր համայնքապատկան կալուածներ դատապարտուած են ամլութեան։ Որեւէ միջոց կարելի չէ բանեցնել համայնքէն ներս՝ փոխելու համար այս ընթացքը, որ դժբախտաբար ճակատագրի մը վերածուելու վրայ է։

Մօտաւոր անցեալի գանգատներու հասցէն յայտնի էր։ Այդ հասցէն պետութիւնն էր եւ պետութեան վերաբերեալ խնդիրները լուծուեցան։ Այսօրուան խնդիրներու հասցէն ալ յայտնի է։ Այդ հասցէն է՝ ինքնագլուխ, քմահաճ գործելաոճ որդեգրած վարչայինը։ Երբ պետութեան վերաբերեալ հարցերը լուծուած են, այսօր անկարելի է չմտածել, որ կ՚երեւի ինքնագլուխ, քմահաճ գործելաոճ որդեգրած վարչայինի խնդիրներուն լուծումը աւելի դժուար է եղեր։ Անկիւններ բռնած, ազգի հարստութիւնը մենաշնորհի վերածած վարչայինները այսօր գրաւի տակ կը պահեն մեր համայնքի ապագան։ Տեսնենք, անոնց խնդիրները ինչպէ՛ս պիտի լուծուին։

Այս երեւոյթը, միեւնոյն ժամանակ, անվիճելի ապացոյցն է այլ կարեւոր հանգամանքի մը։ Մեր համայնքի բոլոր խնդիրներու բո՛ւն լուծումը առաջին հերթին կախում ունի անոր ներքին ներուժէն ու կամքէն։ Առանց մեր դրան առջեւը աւլելու՝ ուրիշ մեղաւորներ, ուրիշ յանցագործներ պէտք չէ փնտռենք մեր մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար։ 

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018