ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆԳԱՄ ԵՐԱՇԽԻՔ ՏՈՒԱԾ Է ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ, ՈՐՈՆՑ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ ԿԸ ԴԻՏԱՐԿՈՒԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան հարցին տեսակէտէ երէկուան դրութեամբ ստեղծուեցաւ նոր իրավիճակ մը։ Անգարայի մէջ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի մօտ տեղի ունեցած երէկուան հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ առաւօտ նախարար Չավուշօղլու հիւրընկալեց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանը, որոնց հետ էր նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Այս ժամադրութիւնը աննախընթաց էր իր ձեւաչափին առումով եւ ինքնին վկայութիւն մը դարձաւ, որ պետութիւնը դրական վերաբերմունք ունի պատրիարքական ընտրութեան խնդրի լուծման հեռանկարի պարագային։ Ինչպէս Գումգաբուի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցին մէջ ալ հաստատուած է, երէկուան հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը։ Այս բանաձեւումը արդէն ինքնին ունի կարեւոր նշանակութիւն։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան երէկուան հանդիպումէն անմիջապէս վերջ ուղղուեցան Անգարայի «Էսէնպողա» օդակայանը եւ յետմիջօրէի ժամերուն արդէն վերադարձան Իսթանպուլ։ Համայնքային շրջանակները արդէն սկսած էին հետեւիլ տեսակցութեան արձագանգներուն։ Եկեղեցական հայրերը երէկ երեկոյեան ընթրիքի սեղանի մը շուրջ հիւրընկալուեցան մեր ազգայիններէն Օննիկ Նալպանտղազարօղլուի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ համայնքային շրջանակներէ այլ գործիչներ։ Իսկ այս առաւօտ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր հանդիպում մը ունեցան Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։ Խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ երէկուան հանդիպման լոյսին տակ ստեղծուած հեռանկարներուն շուրջ։

Բնականաբար, նախարար Չավուշօղլուի մօտ տեղի ունեցած տեսակցութեան բովանդակութեան առընչութեամբ բոլոր մանրամասնութիւնները չեն հրապարակուած Պատրիարքարանի կողմէ։ Բայց եւ այնպէս, պաշտօնական զեկոյցին մէջ զուտ ընտրութեան հարցին համար կատարուած ակնարկութիւնը արդէն շատ բան կը նշանակէ։ Այս փուլին կարելի է ընել քանի մը հետեւութիւն։

Նիւթի առաջին երեսակը կը պատկանի պետութեան։ Այսպէս, ի դէմս նախարար Չավուշօղլուի, պետութիւնը հերթական անգամ երաշխիք տուած է մեր համայնքի իրաւունքներուն համար, որոնց լոյսին տակ կը դիտարկուի պատրիարքական ընտրութեան հարցը։ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու անցեալ տարի մեր համայնքային վարիչներուն հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ ալ երաշխիք տուած էր, թէ պետութիւնը անպայման պիտի ապահովէ աւանդական ձեւով պատրիարքական ընտրութեան մը կատարուիլը։ Ըստ երեւոյթին, նախարար Չավուշօղլուն ալ երէկ վերահաստատած է այդ սկզբունքը։ Պատրիարքարանի զեկոյցին մէջ ընդգծուած է այս առումով համբերութեան հանգամանքը։ Սա կը նշանակէ, որ պատկան իշխանութիւններու առումով խնդրայարոյց պարագաներ գոյութիւն չունին եւ այդ համբերութիւնը պիտի ցուցաբերուի, որպէսզի համայնքէն ներս անհրաժեշտ մթնոլորտը ստեղծուի։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչներուն նման պատգամի մը փոխանցուիլը, իր հերթին, կարեւոր հանգամանք մըն է։ Արդարեւ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ցայսօր այս գործընթացին մէջ եղած է չափազանց նրբանկատ, միշտ յորդորած է, որ օրինական լուծում մը գտնուի պատրիարքական ընտրութեան հարցին։ Անշուշտ, այդ օրինականութեան շեշտադրումը իր բնոյթով կ՚ենթադրէր թէ՛ եկեղեցական իրաւունքը եւ թէ մեր երկրի օրէնսդրութիւնը։ Ուստի, երէկուան ժամադրութիւնը կարեւոր էր այն իմաստով, որ պետութեան կողմէ մեր համայնքի իրաւուքներուն նկատմամբ ցուցաբերուած զգայնութիւնը, այդ ուղղութեամբ տրուած երաշխիքները հիմնաւոր են՝ մանաւանդ, որ հաշուի կ՚առնուին մեր եկեղեցական իրաւունքը, կարգ ու կանոնները։

Եւ այս բոլորէն վերջ երէկուան ժամադրութիւնը Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին տեսակէտէ ունեցած է կարեւոր նշանակութիւն ու վերահաստատած՝ անոր հեղինակութիւնը։ Նախարար Չավուշօղլու հանդիպման ընթացքին փափաք յայտնած է, որ իր աջ կողմը գտնուի Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Բոլոր լուսանկարներուն մէջ այս երեւոյթը յստակ է։ Սա կը նշանակէ, որ թէ՛ նախարարը եւ թէ Մայր Աթոռի ներկայացուցիչները կարեւորութիւն ընծայած են Պոլսոյ Պատրիարքութեան հանգամանքին նկատմամբ եւ փափաքած են կանխել՝ ամէն տեսակ շրջանցման տպաւորութիւնը։ Երէկուան հանդիպումը այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած է, որ բոլոր ներկաները, ըստ երեւոյթին, միտք յոգնեցուցած են պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան խնդրի լուծման բարեացակամ տրամադրութեամբ նպաստ մը բերելու առընչութեամբ։ Բաց աստի, երէկ պարզուած պատկերը կարեւոր ձեռքբերում մըն է մեր Պատրիարքարանին տեսակէտէ, որ աւելի քան տասն տարիէ ի վեր դիմագրաւած մարտահրաւէրով նաեւ որոշ չափով մաշած է։ Երէկուան հանդիպման բերած դրական մասնակցութիւնով Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ ապահոված է կարեւոր հնարաւորութիւն մը։ Այս փուլէն սկսեալ ան կրնայ թօթափել իր անձին յամառօրէն վերագրուած պնդումները, թէ կը խուսափի պատրիարքական ընտրութենէն եւ կը խցանէ այդ գործընթացը, օգտագործելով պետութեան հետ ունեցած կապերը։

Տասնմէկ տարուան յոգնեցուցիչ գործընթացին մէջ մեր համայնքին մատուցուած է նաեւ էապէս աղաւաղուած համայնապատկեր մը։ Երէկուան հանդիպումը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ, որպէսզի մեր համայնքը այլեւս կարողանայ տեսնել բո՛ւն պատկերը, կարենայ իրադրութիւնը դատել առարկայական ձեւով ու վերջապէս կարենայ պատկերացնել իրեն վիճակած դերակատարութիւնը։ Եւ այդ դերակատարութիւնը, միանշանակօրէն, առանցքային է։ Այսօր յայտնի է, որ բոլոր գործօնները կը կարեւորեն համայնքի կամքին ազատ ու անարգել դրսեւորումը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Փետրուար 5, 2019