Տարեմուտի իրերայաջորդ այցելութիւններ…

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երեք տարիէ ի վեր՝ տուեալ տարեմուտին կ՚այցելէ Թուրքիա։ Սա Անգարա-Երեւան առանցքի վերջին տարիներու նոր աշխուժութեան յարիր երեւոյթ մըն է։

2022 թուականին Արարատ Միրզոյեան մասնակցած էր Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։ Անցեալ տարի, երբ աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքով ֆորումը տեղի չունեցաւ, Արարատ Միրզոյեան Թուրքիա այցելեց՝ ցաւակցութեան ու զօրակցութեան բնոյթով դրական պատգամներ տալու համար։ Դարձեալ տարուան առաջին երեք ամսուան մէջ էր։ Այս տարի ալ Արարատ Միրզոյեան մասնակցեցաւ Անթալիայի 3-րդ Դիւանագիտական ֆորումին, որ կազմակերպուած էր՝ «Տագնապի շրջաններուն յառաջ մղել դիւանագիտութիւնը» կարգախօսով։

2022 թուականին Արարատ Միրզոյեան Անթալիա ժամանելէ անմիջապէս վերջ, օդակայանէն դուրս գալով մեկնած էր Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպման։ Այս տարի ալ Սերկէյ Լաւրով Անթալիա եկած էր, սակայն հայ եւ ռուս արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեսակցութիւն մը այդպէս ալ տեղի չունեցաւ։

2022 թուականին Արարատ Միրզոյեանի ընկերակից պատուիրակութեան կազմին մէջ չէր Ռուբէն Ռուբինեանը՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչը։ Յամենայնդէպս, Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչը՝ Սերտար Քըլըչ 2022 թուականին ներկայ էր դաշտի վրայ։ Այս տարի Արարատ Միրզոյեանի ընկերակից պատուիրակութեան մէջ ընդգրկուած էր նաեւ Ռուբէն Ռուբինեանը։

2022 թուականին, ընդհանուր տպաւորութեամբ, Արարատ Միրզոյեան կարծես Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին մասնակցած էր՝ զուտ այդ շրջանի իր թուրք պաշտօնակցին՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ երկկողմանի տեսակցութեան համար։ Ան թէեւ այս անգամ ալ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանին հետ երկկողմանի հանդիպում մը ունեցաւ, սակայն հայկական պատուիրակութիւնը նախորդ անգամուան բաղդատմամբ շատ աւելի ընդարձակ ներգրաւուածութիւն ունեցաւ ֆորումի ընդհանուր ծրագրին։ Թէ՛ Արարատ Միրզոյեան եւ թէ Ռուբէն Ռուբինեան ֆորումի օրերուն մասնակցեցան յատուկ ասուլիսներու, որոնք ձօնուած էին տարածաշրջանային կամ միջազգային բնոյթով հրատապ խնդիրներու արծարծման։

Ի տարբերութիւն 2022-էն, այս անգամ Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի ծիրէն ներս, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ ալ որոշ շփումներ տեղի ունեցան։ Սա իր հերթին ուշադրութեան առարկայ հանգամանք մը կը համարուի։

Անգարա-Երեւան բնականոնացումը, այդ առումով բեկումնային պահը տակաւին հորիզոնին վրայ չէ ուրուագծուած։ Առանցքային հարցերու շուրջ կողմերու դիրքորոշումները տրամագծօրէն տարբեր կը մնան իրարմէ, ինչ որ բնականոնացման համար պահու հասունացման ազդանշաններ չի տար։ Առայժմ, դրականը այն է, որ կողմերու խօսոյթը մեղմ է, ոճը շինիչ։ Ծայրայեղութենէ հեռու խօսոյթը, հայ-թրքական յարաբերութիւններու տրամաբանութեան մէջ, միշտ ալ յուսադրիչ է՝ քանի բոլորի յիշողութեան մէջ թարմ են այն խիստ յայտարարութիւնները, որոնք վերջին տասնամեակներուն առկայ փակուղին ալ աւելի խորացուցած են։ Անթալիայի 3-րդ Դիւանագիտական ֆորումը հետաքրքրական էր այն առումով, որ Թուրքիոյ տանտիրութեամբ ապահովուած հարթակի մը վրայ բարձրաձայնուեցան Հայաստանի պաշտօնական մօտեցումները եւ մանաւանդ՝ Հարաւային Կովկասի ապագային վերաբերեալ տեսլականը, սեփական դերակատարութիւնով հանդերձ։

Թուրքիա Հայաստանի հետ բնականոնացման գործընթացը յառաջ կը տանի Ատրպէյճանի հետ համակարգելով։ Հայաստան-Ռուսաստան առանցքին վրայ վերջին շրջանին կը խորանան տարակարծութիւնները։ Ռուսաստան եւ Ատրպէյճան զգալիօրէն թափ կու տան Հայաստանի դէմ իրենց համատեղ քայլերուն։ Թուրքիա, անտարակոյս, կը նկատէ, որ Հայաստան Ռուսաստանէն հեռանալու կամ մեղմ խօսքով՝ յարաբերութիւններու որակը փոխելու ճանապարհի մը վրայ է։ Թուրքիա կը գիտակցի նաեւ, որ Հայաստան եթէ իր հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնէ, ապա ինքնաբերաբար պիտի ձերբազատուի Ռուսաստանի նկատմամբ դատապարտուածութենէ։

Անգարայի աւանդական քաղաքականութիւնը միշտ ենթադրած է՝ Երեւանի հետ բոլոր քայլերու կամ համաձայնութիւններու պարագային ունենալ Մոսկուայի հաւանութիւնը։ Յամենայնդէպս, միջազգային իրադրութեան բերումով այսօր այնպիսի պայմաններ խնդրոյ առարկայ դարձած են, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը պէտք է դիտարկէ նաեւ այլ տեսանկիւնէ մը։ Անգարա պիտի նախընտրէ՞ Երեւանի Մոսկուայի ուղեծիրին դատապարտուած մնալը եւ կամ բոլորովին նոր ոստում մը պիտի ընէ, որպէսզի տարածաշրջանային յարաբերութիւններու դրուածքը փոխուի եւ այդ նոր տեսակաւորութեան մէջ ինք շատ աւելի յաւակնոտ դիրքի մը հասնի Հարաւային Կովկասէ ներս։

Յառաջիկայ իրադարձութիւնները ուշագրաւ եւ յատկանշական պիտի ըլլան այս հարցումին տեսակէտէ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024