Նոր հարթութիւն (7)
Վերջին տասնամեակներուն հայկական հարցի շուրջ Թուրքիոյ խօսոյթը միշտ նախատեսած է՝ երրորդ կողմերու միջամուխ դառնալու կանխարգիլումը կամ բացառելը։ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն առաջ սա չէր կրնար իրատես ըլլալ, որովհետեւ որպէս պետական միաւոր ուղղակի երկխօս մը չունէր Թուրքիան։ Հայաստան Սովետական Միութեան մաս կը կազմէր, իսկ սփիւռքը արդէն միատարր բան մը չէ եւ կ՚ենթադրէ զանգուած մը, որ աշխարհի բազում երկիրներու քաղաքացիութիւնը ունի։
Հարցը երրորդ կողմերու միջամտութիւններէն զերծ պահելու ուղղեալ խօսոյթը արդէն արմատաւորուեցաւ Հայաստանի անկախացումէն վերջ։ Սա ունէր իր տրամաբանութիւնը։ Նա՛խ եւ առաջ, երկու պետական միաւոր, հաւասարը հաւասարին կրնային ձեռք առնել բոլոր տարակարծութիւնները։ Յետո՛յ, անոնց ուժային յարաբերակցութիւնը Թուրքիոյ տեսակէտէ նպաստաւոր վիճակ մը կրնար ստեղծել՝ քննարկումները հունաւորելու եւ որոշ չափով նախընտրելի լուծումներու հասնելու տեսանկիւնէն։ Գործնականօրէն եւ տեսականօրէն այս հարցին մէջ Երեւան կրնար հայաշխարհի ընդհանուրին տեսակէտէ առաւելագոյն ներկայացուցչական հանգամանքը ունենալ։ Անցնող երեք տասնամեակին, Թուրքիոյ պարագային տարբեր քաղաքականութիւն որդեգրած իշխանութիւններով հանդերձ, Հայաստան երբեք դուռ չէ փակած այդ վարկածին առջեւ։
Երրորդ կողմերու միջամտութիւններէն խնդիրը զերծ պահելու տրամաբանութեան մէջ կը տեղաւորուէր նաեւ պատմաբաններու յանձնաժողով մը ստեղծելու առաջարկը։ Հայաստան թէեւ ուղղակիօրէն հաւանութիւն չտուաւ այդ մէկուն, սակայն Ցիւրիխի ձախողեալ արձանագրութիւններուն մէջ գործնականօրէն այդ առաջարկը կեանքի կոչելու գետինը պատրաստուած էր։
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին պատճառով այնպիսի ընթացք մը ունեցան, որ հակասութիւններու խճուճի մը մէջ յայտնուեցան։ Թուրքիա Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կը պայմանաւորէր երրորդ երկրի մը՝ Ատրպէյճանի տեսակէտէ ընդունելի ձեւով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումէն։ Միւս կողմէ, որպէս այդպիսին՝ շատ աւելի երկկողմանի բնոյթով հարցի մը՝ ցեղասպանութեան տարակարծութեան պարագային երկկողմանի աշխատանքի ճանապարհը կը խցանուէր։ Անգարա երրորդ կողմերուն կոչ կ՚ուղղէր չմիջամտել հայկական հարցին, սակայն, երկկողմանի հարթութեան վրայ ալ Երեւանի հետ երկխօսութեան կամ շփման մէջ մտնելու, բնականոն հարեւանութեան յարաբերութիւններ ունենալու առումով չկամութիւն կը դրսեւորէր։ Այս համայնապատկերին վերաբերեալ շահագրգիռ բոլոր կողմերը կրնան իրենց արժեւորումը ունենալ, կրնան իրենց արդարացումները ունենալ, կրնան միւս կողմերու դիրքորոշումներուն շուրջ քննադատութիւններ կամ մեղադրանքներ ունենալ եւ կրնան իրենց տեսանկիւնէն հակասութիւններ մատնանշել։ Յետադարձ հայեացքով կարելի է միակ առարկայական եզրակացութիւն մը ունենալ։ Իր ներուժով, կշիռով եւ հնարաւորութիւններով Թուրքիոյ տեսանկիւնէն գրեթէ ռիսքեր չէին պարունակեր այդպիսի հակասութիւններու լաբիւրինթոսի մը մէջ յայտնուիլը՝ քան Հայաստանը։
Միջազգային միւս դերակատարները՝ տուեալ պարագային երրորդ երկիրները, աշխարհաքաղաքական ինչ-ինչ հանգամանքներով կը խրախուսէին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացումը։ Իւրաքանչիւր կաղացման կամ յուսախաբութեան փուլին երրորդ կողմերու հայկական հարցին ներգրաւուածութեան մակարդակը կը բարձրանար, բայց եւ այնպէս, թրքական կողմին համար բաւարար դարձած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հաւասարակշռուած դիրքորոշումը՝ Արեւմուտքի ուղղութենէն գալիք հաւանական անպատեհութիւնները զսպելու համար։ Մինչեւ Ցիւրիխի արձանագրութիւններու ստորագրումը այս տրամաբանութիւնը ի զօրու էր։ Անոնց ձախողումը նաեւ ԱՄՆ-ի տեսակէտէ լուրջ ձախողում մը եղաւ։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի հարթութեան վրայ յառաջանալու ներուժը գրեթէ սպառեցաւ։ Պետական հարթութեան վրայ յառաջացած խցանումը Անգարա փորձեց հաւասարակշռել հասարակական երկխօսութիւն մը խրախուսելով։ Միջազգային դերակատարները, ներառեալ ԱՄՆ, այդ նախաձեռնութիւններուն մէջ ալ բաւարարեցին Թուրքիոյ ակնկալութիւնները։ Անգարա ունէր իրեն համար ռազմավարական դաշտ ստեղծելու եւ անզիջում ձեւով յառաջանալու ամբողջ ճոխութիւնը՝ մինչ Պաքուի հետ յարաբերութիւններու դրուածքն ալ արագօրէն կը փոխուէր։
Ինչպէս աւելի առաջ ալ նշեցինք, այս ամբողջ հաւասարակշռութիւնները խախտուեցան Արցախի երկրորդ պատերազմով։ Տարածքաշրջանի համայնապատկերը այնպէս մը փոխուեցաւ եւ Թուրքիա այնպիսի արդիւնքներու հասաւ, որ թէկուզ իրեն տեսակէտէ երկրորդական դարձաւ ԱՄՆ-ի կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումը։
Այժմ անցեալի բաղդատմամբ շատ աւելի դժուար է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մէջ տեսանելի ապագային այդ երանելի բնականոնացման հասնիլը եւ շատ աւելի դժուար է նաեւ երրորդ կողմերու Թուրքիոյ վրայ ազդեցութիւն բանեցնելը։ Հայաստան գոյութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը երաշխաւորելու տեսակէտէ թէեւ տեսականօրէն պէտք է Թուրքիոյ հետ նոր որակով յարաբերութիւններ ապահովէ, սակայն գործնականօրէն սա այլեւս շատ աւելի դժուար է եւ ինք այս ուղղութեամբ շատ աւելի լուրջ վերապահութիւններ ունի։ Յամենայնդէպս, ապագայի մասին կանխատեսումներ ընելու համար առաջին հերթին պէտք է ուշադրութիւն կեդրոնացնել Անգարայէն հնչած պատգամներուն վրայ՝ անկախ անոնց անկեղծութեան վերաբերեալ քննարկումները։
Ճօ Պայտընի կողմէ հրապարակուած պատգամէն անմիջապէս վերջ, նախագահ Էրտողանի կողմէ կատարուած մանրամասն յայտարարութիւնները այս տեսանկիւնէն կարեւոր ազդանշաններ կրնան պարունակել ու բանալիներ կրնան մատուցել։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ