Սպասել, բայց ինչպէ՞ս...

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան վաղեմի հարցի լուծման ուղղութեամբ ստեղծուած լաւատեսութիւնը հետզհետէ կ՚ամրապնդուի։ Վերջին շրջանին իրերայաջորդ շրջանառութեան մէջ մտած լսումները միշտ կը վերահաստատեն, թէ ընտրական նոր կանոնադրութեան մշակման գործընթացը տրամաբանական աւարտին հասնելու վրայ է։ Քանի մը օրէ ի վեր փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ իրադարձութիւնները պատճառ դարձած են, որ կանոնադրութեան նախագծին վերաբերեալ զանազան հանգամանքներ բիւրեղանան աստիճանաբար։

Մայրաքաղաքէն հասած տուեալները յուսադրիչ են, միանշանակ։ Պեշթեփէի մէջ կազմակերպուած իֆթարը վերածուած է բացառիկ հնարաւորութեան մը։ Թէեւ ճաշասեղանի շուրջ, հասկնալիօրէն, օրակարգային լիարժէք քննարկում մը չէ ծաւալուած, սակայն, նախագահ Էրտողան հերթական անգամ ակնյայտօրէն զգալի դարձուցած է իր քաղաքական կամքը՝ փոքրամասնական համայնքներու հարցերու լուծման ընծայած կարեւորութեան տեսանկիւնէն։ Եւ սա պատկան նախարարներուն ալ ներկայութեամբ. այս պարագային խօսքը կը վերաբերի ներքին գործոց եւ մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան նախարարներուն։ Անոնք, որոնք Անգարայի այս գագաթնային հանդիպման մթնոլորտը շնչած են, ունին այն տպաւորութիւնը, թէ ընտրութիւնները այս անգամ իսկապէս ու վերջապէս տեղի պիտի ունենան։ Մայրաքաղաքի իրադարձութիւնները զուգադիպեցան Իզմիրի մէջ, Եւրոմիութեան հովանաւորութեամբ վերջին արձակուրդէն անմիջապէս առաջ կազմակերպուած՝ փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ աշխատաժողովին։ Արդարեւ, այդ հարթութեան վրայ ալ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուստապաշը դրական տուեալներ մատուցեց՝ ընտրական նոր կանոնադրութեան պատրաստութեան գործընթացին շուրջ թէ՛ ժամկէտներու եւ թէ բովանդակութեան առումով։

Այս համայնապատկերին վրայ կ՚առանձնանայ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի հանդիպումը՝ ներքին գործոց նախարար Սոյլուի հետ։ Զատիկին համայնքային ընդունելութեան ժամանակ Նորին Ամենապատուութեան բարձրաձայնած ակնկալութիւններն ու նախարարին հետ տեսակցութենէն վերջ փոխանցածները ուղիղ համեմատութեան մէջ են իրարու հետ։ Այս հանգամանքը կարելի չէ անուշադրութեան մատնել, բնականաբար։

Համայնքային ընտրութիւններու հարցին շուրջ այժմ դարձեալ նոր փուլ մըն է։ Այո՛, մինչեւ նոր կանոնադրութեան հրապարակումը որեւէ իրադարձութիւն դժուար թէ շօշափելի նորութիւն համարուի, սակայն, առկայ երկար սպասումն ալ ունի իր զանազան փուլերը։ Անորոշութեան մէջ կողմնորոշուիլ, անշուշտ, շատ դժուար է։ Բայց եւ այնպէս, պէտք է հասկնալ, որ այսպիսի իրավիճակներու մէջ լուծումը մետայլի մէկ երեսակին կախում ունի պետութենէն, իսկ միւս երեսակին՝ համայնքէն։ Երբ պետութենէն կախում ունեցածը կաղայ, չի նշանակեր, որ կրնայ արդարանալ կամ արդարացուիլ համայնքէն կախում ունեցածին ալ կաղացումը։ Երկուքին ալ կաղացումը միայն կը խորացնէ փակուղին, այլապէս մէկը միւսը կրնայ խթանել՝ որքան որ ալ թուի տեսական։

Յիշենք վերջին պատրիարքական ընտրութեան նախորդած երկար տագնապը։ Այդ փորձառութենէն հաւաքական դասեր պէտք է քաղել, որպէսզի թրքահայ իրականութիւնը նոր քաոսէ մը խնայուի։ Համայնքային ընտրութիւններու նոր կանոնադրութեան հարցը իսկապէս նուրբ է ու ճակատագրային։ Այժմ պէտք է կեդրոնանալ միայն մէկ նպատակի վրայ. ունենալ այնպիսի կանոնադրութիւն մը, որ երաշխաւորէ համայնքէն ներս լաւ ընտրական համակարգի մը ձեւաւորումը, ապահովէ արդար ու ներառական պայմաններ, որպէսզի քուէատուփէն դուրս գայ հաւաքական կամքի յստակ դրսեւորում եւ այդ հիման վրայ, ըստ կարիքներու, նպատակասլաց տնօրինուի հաւաքական ունեցուածքը։ Կարելի չէ ընտրական նոր կանոնադրութեան պատրաստութեան այժմու՝ ըստ երեւոյթին, եզրափակիչ փուլը այնպէս պատկերացնել, որ կատարեալ համակարգ մը ունենալու ձգտումը մէկ կողմ թողուի եւ ապագայ մրցակցութիւններու կամ ազդեցութեան պայքարներու համար  ենթագետին պատրաստելը, առաւելութեան հասնելու նեղ հաշիւները գերադասուին։

Պէտք չէ մոռնալ առկախեալ ընտրութիւններու հարցի ծագման պատճառները, որպէսզի լուծման հեռանկարներուն առջեւ տիրէ իրատեսութիւն։ Քաւութեան նոխազներ փնտռելը առողջ ու վերջնական լուծում չի կրնար ապահովել համայնքային հարցերուն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մայիս 5, 2022