ԲԱՐԻ ԿԱՄՔԻ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄ

Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ երէկ կողմերը հերթական անգամ բարձր մակարդակի վրայ վերահաստատեցին իրենց բարի կամքը։

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի հիմնադրութեան 30-ամեակին ձօնուած յոբելենական գագաթաժողովը յատկանշական իրադարձութեան մը առիթ դարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ երէկ երկկողմանի հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ ՍԾՏՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի հաւաքին։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Անգարայի JW MARRIOTT պանդոկին մէջ, ուր կազմակերպուած էր գագաթաժողովը։ Շենթոփ եւ Սիմոնեան առաջին հերթին նեղ շրջանակի մէջ խորհրդակցութիւն մը ունեցան, իսկ աւելի վերջ անոնց խօսակցութիւնը շարունակուեցաւ սեղանի գլուխ, աւելի ընդլայնուած կազմով։ Երկու խորհրդարաններու նախագահներն ալ հանդիպումէն վերջ դրական պատգամներ փոխանցեցին։

Ալէն Սիմոնեան, Շենթոփի կողմէ ընդունուելէ վերջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որուն հետեւեցան թրքական բազմաթիւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներ։ Այս փուլին Ալէն Սիմոնեան յայտնեց, որ առանց Թուրքիոյ անկարելի է խաղաղութիւն կառուցել տարածաշրջանի մէջ եւ Հայաստան կը յուսայ, թէ Թուրքիա կ՚առնէ համապատասխան քայլերը։ Ան համոզուած է, թէ Անգարա-Երեւան բնականոնացումը կ՚ապահովէ տարածաշրջանէ ներս նոր էջի մը բացուիլը։ «Ես այստեղ եմ՝ թուրք հասարակութեան ըսելու համար, թէ Հայաստան պատրաստ է խաղաղութեան», ըսաւ Սիմոնեան, որ խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մասին։ Իր խօսքով՝ Հայաստան որեւէ տարածքային պահանջ չունի Ատրպէյճանէն, պատրաստ է ու հետաքրքրուած՝ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումով։ Հայկական կողմը կը ձգտի, որ առեւտրական իմաստով բացուի տարածաշրջանը։ Ան յայտնեց, որ Ատրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան եւ դէպի Թուրքիա փոխադրումներն ալ ազատ ու անարգել ձեւով կրնան ըլլալ՝ Հայաստանի օրէնսդրութեան շրջանակին մէջ եւ ինքնիշխանութեան հիման վրայ։ Սիմոնեան յիշեցուց Երեւանի կողմէ Պաքուին ներկայացուած առաջարկը, որով կը նախատեսուի սահմանային զօրքերը հայելային ձեւով ետ քաշել։

Անգարայի մէջ Սիմոնեան պատասխանեց նաեւ՝ Երեւանի մէջ վերջերս բացուած «Նեմեսիս» յուշարձանին վերաբերեալ հարցումներուն։ Ան ցաւ յայտնեց Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած արձագանգին համար եւ ընդգծեց, որ այս նիւթը շօշափած է նաեւ Շենթոփի հետ։ Սա եղած է տեղական ինքնակառավարման մարմնի մը նախաձեռնութիւնը։ «Ես չեմ փափաքիր, որ սա ընկալուի որպէս արտաքին քաղաքականութեան քայլ», ըսաւ Սիմոնեան եւ աւելցուց, որ միշտ ալ կարելի է պատճառներ գտնել յարաբերութիւնները վատթարացնելու համար։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի նախօրէի յայտարարութիւններու լոյսին տակ ան յայտնեց, թէ հայկական կողմը բացարձակապէս անկեղծ է։ «Եթէ կայ քաղաքական կամք, ապա պէտք է հասկնանք, որ ճանապարհը դիւրին պիտի չըլլայ, սակայն մենք պէտք է երթանք յառաջ», նշեց Սիմոնեան։

Ալէն Սիմոնեան երէկ երեկոյեան վերադարձաւ Երեւան։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2023