ՑԱՒԱԼԻ ՁԱԽՈՂՈՒՄ

Երէկուան օրը իսկապէս տխուր էր թրքահայ իրականութեան տեսակէտէ։ Մեր համայնքը ականատես եղաւ ցաւալի ձախողումի մը։ Անշուշտ, առաջին հերթին, հաւաքական ձախողումի մը մասին է խօսքը՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ ո՛վ պատասխանատուութեան ի՛նչ կամ որքա՛ն բաժին ունի այդ երեւոյթին մէջ։ Արդարեւ, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս տակնուվրայութիւնը հասած է անհաւատալի համեմատութիւններու եւ սա մեր համայնքը կը տանի կաթուածահար ըլլալու եզրին։

Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիներու պաշտօնազրկումով սկսած տագնապը շատ անհանգստացուցած էր մեր ժողովուրդը։ Համապատասխան մտահոգութեան զուգահեռ այս գործընթացը շարունակուեցաւ Պատրիարքարանի՝ երկխօսութեան հարթակ մը ձեւաւորելու ուղղեալ նախաձեռնութեամբ։ Երէկուան դրութեամբ յաչս մեր համայնքին այնպիսի պատկեր մը ստեղծուեցաւ, որով ինքնաբերաբար կը խորանայ անկառավարելիութեան տպաւորութիւնը։ Մէկ կողմէ հանրային կարծիքի անտեսուած սպասումները, միւս կողմէ երկխօսութեան մսխուած հնարաւորութիւնը եւ այս բոլորին ածանցուած այլ խնդիրներ. օրինակ՝ ինքնագլուխ գործելաոճ, կազմակերպչական թերութիւններ, շահեր համատեղելու տկարութիւններ, հեղինակութիւններու աններելի անտեսումներ, առաջնահերթութիւններու շփոթութիւններ, եւ այլն։ Այս բոլորի հանրագումարը համազօր է մեծ ողբերգութեան մը։

Թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ հիմա, այս պահուն դժուար է պատասխանել։ Կրթական կեանքի վերաբերեալ հարցի մը լուծման որոնումներուն միախառնուած են վարչական ու մրցակցային այլ հարցեր։ Ճիշդ է, որ նման իրավիճակներու մէջ անկարելի է այդ բոլորի հարիւր տոկոսով տարանջատումը, սակայն, այժմու տխուր երեւոյթն ալ անվիճելիօրէն պայմանաւորուած է առանցքի շուարումով։ Այս պահու դրութեամբ, հարցին ուղղակի կամ անուղղակիօրէն առընչուած բոլոր կողմերը կամ շրջանակները այս գործընթացէն դուրս եկած են աւելի տկարացած կամ մաշած, ինչ որ մարտահրաւէրներով ծանրաբեռնուած ներկայ շրջանին բնաւ պէտք չէ մեր համայնքի հաւաքական շահերուն տեսակէտէ։ Միայն երկու տնօրէնուհիները՝ Սաթենիկ Նշան եւ Առլին Եշիլթեփէ յաչս հանրային կարծիքին կրցած են ընդհանուր առմամբ արդարանալ առկայ իրավիճակին մէջ։

Յայտնի է, որ տարիներէ ի վեր կուտակուած խնդիրները այլեւս կաթուածահար ըրած են մեր համայնքի վարչամեքենան եւ խնդիրներ լուծելու, անոնց դիմագրաւելու ընդունակութիւնը։ Այս իրավիճակէն դուրս գալու միակ ելքը անյապաղ ձեւով համայնքային առկախեալ ընտրութիւններու իրականացումն է, սակայն այդ հորիզոնն ալ դժբախտաբար տակաւին չէ ուրուագծուած։

Ինչպէս հաղորդած էինք, Պատրիարքարանի երէկուան ժողովին Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները չմասնակցեցան։ Աթոռը, բնականաբար, բուռն ձեւով հակազդեց այս երեւոյթին։ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի շրջանակներն ալ զանազան հարթակներու վրայ պատճառաբանեցին իրենց բացակայութիւնը, ինչ որ մէկ կողմէ հարիւր տոկոս արդար չէ, իսկ միւս կողմէ ալ հարիւր տոկոսով անընդունելի կամ անտրամաբանական չէ։ Յայտնի է, որ իրարու բոլորովին անհաղորդ վիճակի մը մէջ գտնուած են անոնք եւ այդ կէտէն սկսեալ, դժբախտաբար, երէկուան դրութեամբ սկսած են վերջնագրային ոճով խօսիլ իրարու հետ կամ իրարու դէմ։ Սա շատ աննպատակայարմար պարագայ մըն է մեր համայնքի շահերուն տեսակէտէ։ Արմատականութիւններով հնարաւոր չէ ներդաշնակութիւն հաստատել համայնքէն ներս։ Ներկայ պահուն իրականութիւնը այն է, որ Պատրիարքական Աթոռը որոշած է ետ քաշել Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւները ցնոր տնօրինութիւն եւ բոլոր խորհրդակատարութիւնները կը կասեցուին Ս. Երրորդութիւն եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցիներուն մէջ։ Խորքին մէջ սա միակ պատժամիջոցն է, որ կրնայ ձեռք առնուիլ Պատրիարքարանի կողմէ։ Այդ միակը, պարզ է, որ նաեւ վերջինն է եւ, ըստ երեւոյթին, հազար անգամ մտածելէ վերջ պէտք է մէկ անգամ կատարել։ Արդարեւ, այդ միակ միջոցը թէեւ կրնայ վարչայիններու դէմ առնուած ըլլալ, սակայն, վերջին հաշուով՝ ան կու գայ պատժել նաեւ այն հաւատացեալները, որոնք կը յաճախեն այդ եկեղեցիները։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ կարելի է դիտարկել, որ Պատրիարքական Աթոռը դանակը ոսկորին հասած համարած է։ Այս կացութեան յաղթահարումը պիտի կարօտի որոշ ժամանակի։ Մաղթենք, կողմերը հասունութիւն եւ պաղարիւնութիւն ցուցաբերեն, որպէսզի ժամ առաջ յաղթահարուի այս փակուղին։

Թրքահայ իրականութեան մէջ այս պահուն կը գերակշռէ անորոշութիւնը։ Կը սիրենք յուսալ, որ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ մեր համայնքը աչալրջութիւնով եւ հաւասարակշռութիւնով ձեւ մը գտնէ այս տագնապը յաղթահարելու համար եւ այդ ձեւը այնպէս մը ըլլայ, որ փարատէ յոռետեսութիւնը, ամրապնդէ սեփական ուժերու նկատմամբ հաւատքը եւ զօրացնէ մեր համայնքը։

*

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի երէկ առաւօտեան ժողովէն վերջ դահլիճի երդիքին տակ հանդէս եկաւ հակիրճ յայտարարութիւնով մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ ըսաւ.

«Հեռաձայնելով լուր տուած էին, որ պիտի չմասնակցին։ Հետեւաբար, ժողովը կատարեցինք առանց իրենց մասնակցութեան։ Ուրեմն, մենք հոստեղ ո՛չ միայն Էսաեանի խնդիր ունինք, այլ՝ համայնքային խնդիր ունինք։ Մեր ամենէն թանկարժէք, թանկագին, հարուստ վաքըֆներէն մէկուն վարչութեան մէջ մեծ խնդիրներ կան եւ այդ խնդիրները ստիպուած ենք մենք լուծելու։ Այլեւս այս հարցը միայն Էսաեանի հարց ըլլալէ ելաւ։ Պատրիարքարան, համայնք, վարչութիւններ՝ միասնաբար մենք այս՝ այլեւս ապօրինի եղած վարչութեան դէմ ստիպուած ենք քայլեր առնելու։ Այդ ուղղութեամբ մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը՝ մինչեւ որ արդար լուծումներ գտնուին։ Ուրեմն, մինչ այդ, արդէն դուք գիտէք Պատրիարքարանի կեցուածքը ի՛նչ է։ Պատրիարքարանը այս համայնքի կեդրոնն է եւ բոլոր խնդիրներու լուծման վայրը պէտք է ըլլայ։ Եւ այս խնդիրը կարող էին շատ խելացի, շատ ողջամիտ ճամբաներով լուծել, բայց անիկա չուզեցին իրենք եւ ասիկա ալ իրենց երկխօսութեան որքան փակ ըլլալը ցոյց կու տայ։ Այնպէս, որ մենք համբերութիւն կը մաղթենք մեր երկու թանկագին տնօրէնուհիներուն։ Աստուած իրենց ուժը աւելցնէ եւ այս իրենց հանդէպ եղած ոտնձգութիւնը համայնքի օգտին համար, հայութեան օգտին համար ծառայէ։ Իրաւ, որ դժուար օրեր կ՚անցընեն, բայց եւ այնպէս Աստուած կարող է բոլոր չարութիւններէն բարին հանել։ Ինչ որ պիտի ընենք՝ բոլորը խաղաղ ճամբաներով պիտի ըլլայ եւ օրէնքներուն համաձայն պէտք է ըլլայ։ Այս բաները պէտք է մտածուին եւ միասնական ուժով ըլլան։ Այսինքն՝ ժողովին մէջ խօսուեցաւ, ապագային արդէն աւելի լաւ դուք եւ համայնքը կը ստանայ այն տեղեկութիւնը, թէ ինչպէս այս պայքարը պիտի շարունակուի»։

Նորին Ամենապատուութենէն վերջ արտայայտուեցաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Նկատի ունենալով, որ դահլիճին մէջ էին նաեւ «Էսաեանի հարթակ»ի երէկ առաւօտ Գումգաբու ցոյցի մեկնած ներկայացուցիչները՝ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան խօսքին մէջ անոնց ալ ուղղեց յորդորներ։ Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Միայն մէկ բան, անշուշտ, յիշեցնենք, որ ինչ որ կը գրուի, մակարդակ պէտք է ունենայ, անարգական արտայայտութիւններ պէտք չէ ունենալ։ Երբեք նկատի պէտք չէ առնուի ձեր ընդդիմախօսին ոճը։ Իրենք միշտ սպառնալիքներ կ՚ուղղեն կամ տարբեր ոճով կ՚արտայայտուին։ Շատ պիտի խնդրենք, որ ձեր խաղաղութիւնը պահէք, անարգական ոճով ոչ մէկ բան գրէք՝ հակառակ, որ ձեւով մը ամէն տեսակ անարգանքի կրնաք արժանի նկատել զանոնք։ Պաղարիւնութեամբ պէտք է շարունակել»։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2020