​Նոր պատուհան մը մեր համայնքին համար պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ

Տեղապահի ընտրութիւնը նոր ու հետաքրքրական պատուհան մը բացած է մեր համայնքին առջեւ։ Շուրջ տասնմէկ տարիէ ի վեր Պատրիարքական Աթոռը չունի գահակալ։ Այսօր աւելի քան երբեք իրատեսական ու մօտ է նոր պատրիարքի ընտրութիւնը։ Այս հեռանկարը անշրջադարձելիօրէն ուրուագծուած է հորիզոնին վրայ։ Աստիճանաբար պիտի գայ այն պահը, երբ օրինական, կանոնական, աւանդական ընտրութեան մը ձեռնարկելու ենթագետինի պատրաստուելէն վերջ մեր ժողովուրդը այլեւս պիտի սկսի թեկնածուներու միջեւ նախընտրութիւն մը ընելու մասին։ Թէեւ ներկայ պահը տակաւին շուտ է այդ նախընտրութեան մէջ խորանալու համար, սակայն յառաջիկայ ժամանակաշրջանը մեր համայնքին պիտի ընձեռէ կարեւոր հնարաւորութիւն մը։

Պոլսոյ Աթոռը ունի իրեն կապուած երեք սրբազան։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի տեղապահ ընտրուելով գործնականօրէն անոնց երեքն ալ ժամանակաւոր ձեւով ստանձնած պիտի ըլլան Պատրիարքական Աթոռի ղեկը։ Անցումային ժամանակաշրջանի զանազան փուլերուն մէջ այս երեք սրբազաններն ալ ժամանակաւոր ձեւով պաշտօնավարած պիտի ըլլան։

Ամփոփ կերպով յիշենք։ Մօտաւոր անցեալին միջոց մը քաղաքիս մէջ որպէս տեղապահ պաշտօնավարեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան՝ առանց պետական իշխանութիւններու կողմէ երկխօս ճանչցուելու։ Թէեւ յարգանք, համակրանք ու սէր վայելեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, սակայն, դժբախտաբար, իր պաշտօնավարած կարճ շրջանը եզրափակուեցաւ մեծ ձախողումով մը։ Բաւարար է յիշեցնել, որ պատրիարքական ընտրութեան համար պաշտօնապէս թուականներ հրապարակուեցան եւ այդ ժամկէտներով կարելի չեղաւ ընտրութեան ձեռնարկել, իսկ այդ ծանր երեւոյթին առջեւ նոյնիսկ նուազագոյն բացատրութիւն մը պաշտօնապէս չտրուեցաւ մեր համայնքին։

Անցեալ անցումային ժամանակաշրջանի գերակշիռ բաժնին մէջ Պատրիարքարանի ղեկը ստանձնած էր Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ակնյայտ է, որ համայնքէն ներս միանշանակ չեն իրեն վերաբերեալ ընկալումները։ Այս երեւոյթը ցոլացած է նաեւ մեր հոգեւորականաց դասու վերաբերմունքին վրայ։ Արդարեւ, ան տեղապահի ընտրութիւնը կորսնցուցած է ձայներու 13-11 յարաբերակցութեամբ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի դէմ մեր համայնքի որոշ շրջանակներուն կողմէ կուտակուած է ահաւոր հակազդեցութիւն մը. այն աստիճան, որ յառաջացած են խոր բեւեռացումներ։

Այժմ, մեր հաւաքական կեանքէն ներս նոր էջ մը կը բացուի, երբ պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին վրայ Աթոռի ղեկը՝ որպէս տեղապահ կը ստանձնէ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Աթոռի երեք սրբազաններու շարքին ան կրտսերագոյնն է։ Յարաբերաբար աւելի բարձր ժողովրդականութիւնով մը տեղապահի պաշտօնին կը ձեռնարկէ նորին սրբազնութիւնը, որ առաջին պահէն զգալի դարձուցած է իր կամքը պատրիարքական ընտրութիւնը փութով կազմակերպելու ուղղութեամբ։ Անշուշտ, երբ տակաւին հազիւ օր մը անցած է տեղապահի ընտրութեան վրայէն, անկարելի է տալ որեւէ գնահատական իր գործունէութեան մասին։

Այս բոլորին հանրագումարը մեր ժողովուրդին տեսակէտէ հնարաւորութեան նոր պատուհան մը կը բանայ։ Մեր բարձրաստիճան եկեղեցականները, անշուշտ, յաչս մեր ժողովուրդին կերպար մը կը մարմնաւորեն առաւել չափով՝ որպէս հոգեւորական։ Սա անշուշտ շատ կարեւոր է եւ էական, որովհետեւ եկեղեցականը առաջին հերթին կ՚առընչուի բարոյականութեան, խղճի եւ հաւատի հետ։ Իսկ պատրիարքի պարագային կան յաւելեալ երեսակներ։ Պատրիարք մը, առաջին հերթին, կը համարուի վարչական մարդ մը՝ հոգեւորականին առընթեր։ Ան թէեւ հոգեւոր կեդրոն մը կը գլխաւորէ, սակայն Պոլսոյ հայոց պատրիարքի առաքելութեան մաս կը կազմեն վարչական բնոյթով բազում երեսակներ։

Ուստի, ներկայ վիճակը մեր ժողովուրդին հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ մեր սրբազանները դիտարկելու համար նաեւ որպէս վարչական մարդ։ Այդ դիտարկումը եւ յաջորդ քայլափոխի բաղդատութիւնը, բնականաբար, պիտի ըլլան քաղաքիս մէջ գտնուող մեր երկու սրբազաններու միջեւ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի տեղապահ ընտրուիլը կ՚երաշխաւորէ, որ մեր ժողովուրդը պատրիարքական ապագայ ընտրութեան ժամանակ կարենայ աւելի առողջ եւ հիմնաւորեալ նախընտրութիւն մը ընել։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 5, 2019