ՅԱՄԱՌՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան խնդի­րը կը պա­հէ իր ան­փո­փոխ տե­ղը հա­մայն­քի օ­րա­կար­գին վրայ։ Հար­ցը թէեւ չի կորսնց­ներ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը, բայց կ՚ու­նե­նայ հե­տաքրք­րա­կան ե­րան­գա­ւո­րում­ներ։

Այ­սօր հար­ցը այն­պի­սի հանգ­րուան մը թե­ւա­կո­խած է, որ ը­սուե­լիք, խօ­սե­լիք նոր բան չէ մնա­ցած։ Շուրջ ութ տա­րուան այս գոր­ծըն­թա­ցին ե­լե­ւէջ­նե­րը, ընդ­հան­րա­պէս, պայ­մա­նա­ւո­րուած կ՚ըլ­լա­յին հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րու զա­նա­զան խմո­րում­նե­րով, այ­սինքն աշ­խար­հա­կան դա­սի բարձ­րա­ցու­ցած աղ­մու­կով։

Ներ­կա­յիս այս ա­ռու­մով կան կարգ մը նո­րու­թիւն­ներ կամ յա­րա­բե­րա­կան տար­բե­րու­թիւն­ներ։ Հար­ցը վեր­ջին ան­գամ գե­տի նման վա­րա­րե­ցաւ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վին մօտ ապ­րուած­նե­րով։ Ար­դիւն­քը ե­ղաւ այն, որ այս պա­հու դրու­թեամբ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վը չու­նի ա­տե­նա­պետ մը։

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին եւ ընդ­հան­րա­պէս թրքա­հայ հա­մայն­քին տե­սան­կիւ­նէն առ­կայ կա­ցու­թիւ­նը անբնա­կան է։ Հա­ւա­քա­կան կեան­քէ ներս, առ հա­սա­րակ, ար­տա­սո­վոր շրջան­նե­րը որ­քան որ եր­կա­րին՝ այն­քան ա­ւե­լի ծանր ու դժուար յաղ­թա­հա­րե­լի կ՚ըլ­լան հե­տե­ւանք­նե­րը։ Որ­քան եր­կար տե­ւեն ան­ցու­մա­յին գոր­ծըն­թաց­նե­րը, այն­քան ա­ւե­լի դժուար կ՚ըլ­լայ բնա­կա­նոն վի­ճա­կի վե­րա­դառ­նա­լը։ Պատ­րիար­քա­րա­նի պա­րա­գա­յին ալ լիու­լի ի զօ­րու են այս բո­լո­րը։

Պոլ­սա­հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն այ­սօր ստեղ­ծած ընդ­հա­նուր տպա­ւո­րու­թիւ­նը, ան­վի­ճե­լիօ­րէն, խիստ յատ­կան­շա­կան է բո­լոր ա­ռում­նե­րով։ Այս գոր­ծըն­թա­ցի ա­մե­նաս­կիզ­բին, դժբախ­տա­բար, հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն կող­մէ առ­նուած շարք մը ան­հե­ռա­տես ո­րո­շում­նե­րը ըստ էու­թեան, պատ­րաս­տե­ցին առ­կայ վա­տա­ռողջ դրու­թեան հիմ­քը։ Ի դէմս Մու­թա­ֆեան Պատ­րիար­քի, ան­հատ­ներ կուռ­քաց­նե­լու ուղ­ղեալ մտայ­նու­թիւ­նը Պատ­րիար­քա­րա­նը զրկեց լու­ծում­ներ ար­տադ­րե­լու հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն եւ մեղք, որ կա­թուա­ծա­հա­րեց ա­նոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Այ­սօր հետզ­հե­տէ ջու­րի ե­րես կ՚ել­լեն նաեւ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն ան­հանգս­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ծնունդ կ՚առ­նեն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ղե­կա­վար­ման առ­կայ վա­տա­ռողջ դրու­թեան հե­տե­ւան­քով։ Յա­մե­նայն­դէպս, խնդի­րը այս­քա­նով սահ­մա­նա­փա­կուած չէ…

Որ­քան որ ալ այ­սօ­րուան կարգ մը ան­հանգս­տու­թիւն­ներն ու պա­հանջ­նե­րը ըլ­լան ար­դար, հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն ան­դամ­նե­րը չեն կրնար ձեր­բա­զա­տուիլ գոր­ծըն­թա­ցի ա­մե­նաս­կիզ­բին գոր­ծուած սխալ­նե­րու հա­ւա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թե­նէն։ Ան­տե­ղի ու յա­մա­ռօ­րէն կուռ­քա­ցուած պատ­րիար­քի մը հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը ար­հես­տա­կա­նօ­րէն փո­խա­րի­նե­լու ո­րո­նում­նե­րուն մէջ, մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը յօ­ժա­րե­ցաւ՝ որ­պէս­զի ամ­բողջ բե­ռը մնայ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ու­սե­րուն՝ ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դի կար­գա­վի­ճա­կով։ Գոր­ծըն­թա­ցը որ­քան որ եր­կա­րաձ­գուե­ցաւ, հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը որ­քան որ պա­տաս­խա­նա­տուու­թե­նէ խու­սա­փե­ցաւ, այն­քան խո­րա­ցան հար­ցե­րը եւ այն­քան ամ­րապն­դուե­ցաւ նաեւ ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դին դիր­քը։ Չենք ու­զեր ը­սել, որ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան կա­տա­րեալ գործ տե­սած է կամ կը տես­նէ, սա­կայն ար­դար չէ նաեւ զին­քը քա­ւու­թեան նո­խա­զի վե­րա­ծե­լը։ Մեր հոգե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն ան­դամ­նե­րը չու­նին բա­րո­յա­կան ի­րա­ւուն­քը՝ ի­րենց իսկ թե­րու­թիւն­նե­րուն պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ան­տե­սե­լու եւ մա­նա­ւանդ ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը հա­կազ­դե­ցու­թեան թի­րախ դարձ­նե­լու։

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը այ­սօր անգ­լուխ հաս­տա­տու­թիւն մըն է։ Հե­ռու ա­մէն տե­սակ զգա­ցա­կա­նու­թե­նէ՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը պէտք է կշռա­դա­տել խղճի, տրա­մա­բա­նու­թեան եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու սահ­ման­նե­րուն մէջ։ Պէտք է ըլ­լալ ի­րա­տես եւ ընդ­հա­նուր ըն­թաց­քը դի­տար­կել՝ հա­մա­կող­մա­նի, բո­լոր գոր­ծօն­նե­րուն լոյ­սին տակ։

Ներ­կա­յիս, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, առ­կայ հար­ցի կի­զա­կէ­տը հե­տե­ւեալն է. Պատ­րիար­քա­րա­նը վե­րա­ծուած է անգ­լուխ հաս­տա­տու­թեան մը։ Անգ­լուխ մնա­լու հան­գա­ման­քը չի նշա­նա­կեր, որ ան պէտք է դադ­րի նաեւ հաս­տա­տու­թիւն ըլ­լա­լէ։ Հի­մա մի­թէ այդ­պէ՞ս է։ Պատ­րիարք մը չկայ. լա՛ւ, բայց չկայ նաեւ դի­ւա­նա­պետ, Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վը չու­նի ա­տե­նա­պետ։ Ին­չո՞ւ… Մեր հա­մեստ կար­ծի­քով, չա­փա­զանց միա­կող­մա­նի մօ­տե­ցում մը կ՚ըլ­լայ այդ բո­լո­րին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը լոկ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ան­ձին վե­րագ­րե­լը։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, այս­տեղ զգա­լի է պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան պա­կաս մը։ Առ­կայ ըն­թաց­քով ճիշդ է, որ հար­ցե­րը պի­տի բար­դա­նան, բայց նաեւ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն պի­տի ամ­րապն­դուի ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դին դիր­քը՝ ըլ­լա­լով միակ դէմ­քը, որ չի խու­սա­փիր յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րէ եւ ըն­դու­նակ է պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­ներ ստանձ­նե­լու։

Հե­տե­ւա­բար, պոլ­սա­հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը պէտք է հնա­րա­ւո­րինս ազ­դու, ար­դիւ­նա­ւէտ ձե­ւով բա­նեց­նէ ներ­քին քննա­դա­տու­թեան, ինք­նաքն­նա­դա­տու­թեան մի­ջոց­նե­րը, սա­կայն պա­ռակտ­ման տպա­ւո­րու­թիւն պէտք չէ թո­ղու մեր հա­մայն­քին վրայ։ Այ­լա­պէս, առ­կայ փա­կու­ղին կրնայ այն­պէս մը հու­նէ դուրս գալ, որ ա­պա­գա­յին ընտ­րուե­լիք նոր պատ­րիարքն ալ ի վի­ճա­կի չ՚ըլ­լար կոր­սուա­ծը ետ բե­րե­լու։

Ա՞յս է մեր ու­զա­ծը։

*

Միւս  կող­մէ, հա­մայն­քէն ներս այս խնդի­րը յա­մա­ռօ­րէն շօ­շա­փե­լու հե­տա­մուտ կարգ մը շրջա­նակ­ներն ալ ան­թա­քուն ձե­ւով որ­դեգ­րած են զար­մա­նա­լի գոր­ծե­լաոճ մը։ Կան­խաւ ընդգ­ծենք, որ յա­մա­ռու­թիւնն ու հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թիւ­նը պէտք չէ շփո­թել այս կէ­տին վրայ։ Վեր­ջին օ­րե­րուն կազ­մա­կեր­պուած կարգ մը հա­ւա­քոյթ­նե­րէն կա­րե­լի է հե­տեւց­նել, որ ո­մանք հա­մայն­քէն ներս ի­րենց ազ­դե­ցու­թեան ան­հե­ռան­կար պայ­քա­րը կը քօ­ղար­կեն պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ այդ ա­ռե­րե­ւոյթ յա­մա­ռու­թեամբ։

Այս­տեղ ա­մե­նա­ցա­ւոտ ու նուրբ կէ­տե­րէն մին հար­ցի պե­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ ե­րե­սակն է։ Ա­ւե­լորդ է ը­սել, որ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցը պի­տի լու­ծուի Ա­թո­ռին եւ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մե­րաշ­խու­թեամբ։ Պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին միշտ ե­ղած է այդպէս, հի­մա ալ բնա­կա­նա­բար պի­տի ու պէտք է ըլ­լայ նոյ­նը։ Ե­կուր-տե՛ս, որ կարգ մը շրջա­նակ­ներ այ­սօր կար­ծես կը ձգտին ուղ­ղա­կի մի­ջամ­տու­թեան հրա­ւի­րել պե­տու­թիւ­նը, ինչ որ խմբա­կա­յին նեղ շա­հե­րու ծա­ռա­յե­լէ դուրս օ­գուտ մը չի կրնար բե­րել։ Ա­նոնք այդ մի­ջամ­տու­թեան գե­տին պատ­րաս­տել կ՚ու­զեն՝ թեկ­նա­ծու­նե­րու մի­ջեւ ու­ժա­յին յա­րա­բե­րակ­ցու­թիւ­նը վե­րա­դա­սա­ւո­րե­լու հա­մար, իսկ պե­տու­թիւ­նը, այս պա­րա­գա­յին այդ ալ աշ­խար­հա­վար, բա­ցար­ձա­կա­պէս ան­կողմ­նա­կալ է։ Պե­տու­թեան շա­հե­րը այս­տեղ սկզբուն­քա­յին են, ան­ձե­րով չեն պայ­մա­նա­ւո­րուած, հե­տե­ւա­բար մե­ծա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը կ՚ըլ­լայ այս բա­նա­վէ­ճին մէջ ա­նոր ներգ­րա­ւու­մը։

Հա­պա մեր հա­մայն­քին շա­հե­րը… Թրքա­հա­յու­թեան տե­սա­կէ­տէ նա­խընտ­րե­լի՞ է, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը են­թար­կուի ճնշում­նե­րու։ Աղ­մուկ-ա­ղա­ղա­կի հե­տա­մուտ­նե­րը, ե­թէ այդ մի­ջամ­տու­թեան ար­դիւն­քը ձեռն­տու չըլ­լայ ի­րենց հա­մար, այդ պա­րա­գա­յին ալ պի­տի չընդ­դի­մա­նա՞ն գե­րա­կայ ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­մար։ Մենք կ՚ըն­դու­նինք հա­սա­րա­կու­թեան հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու գծով Պատ­րիար­քա­րա­նի թե­րու­թիւն­նե­րը, սա­կայն ի՞նչ կը նշա­նա­կէ թե­րա­հա­ւա­տու­թիւն ար­տա­յայ­տել՝ Պատ­րիար­քա­րա­նի կող­մէ պե­տա­կան մար­մին­նե­րուն յանձ­նուած դի­մում­նե­րուն հան­դէպ։ Ո՞ւր կա­րե­լի է հաս­նիլ այս­պէս։ Մեր հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն մօտ ան­հանգս­տու­թիւ­նը, հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը որ­քան որ ալ կու­տա­կուած ըլ­լայ՝ այդ բո­լո­րը պէտք չէ փոր­ձել հու­նէ դուրս բե­րել ու մա­նա­ւանդ այդ բո­լո­րը պատ­րուա­կե­լով գե­տին պատ­րաս­տել ար­տա­քոյ ե­կե­ղե­ցիէ մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րու եւ ի վեր այս բո­լո­րէն յու­սալ ար­դիւնք­ներ, ո­րոնք դա­տա­պար­տուած են միայն ու միայն տխուր բնոյթ կրե­լու։ Իս­կա­կան լու­ծու­մը այս բո­լո­րի հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան, սկզբունք­նե­րու հա­մադ­րու­թեան մէջ է ան­տա­րա­կոյս։

Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հիմ­նախնդ­րին թղթած­րա­րը ինք­նին ար­դէն բարդ է։ Հե­տե­ւա­բար, այդ մէ­կուն ազ­դե­ցու­թեան պայ­քար­նե­րու ա­ռար­կայ դարձուի­լը կը ծա­ռա­յէ հա­մայն­քի մատ­նուած ա­նե­լի խո­րաց­ման։ Չ՚ար­ժե՞ր քիչ մը խնա­յել թրքա­հայ հա­ւա­քա­կան կեան­քի ար­դէն իսկ գու­նա­տած հա­մայ­նա­պատ­կե­րը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2015