Մշտական պայքար

Ա­նա­հիտ Տօ­նա­պե­տեա­նի ե­րէ­կուան դա­սա­խօ­սու­թիւ­նը իս­կա­պէս հե­տաքրք­րա­կան էր, նաեւ հարս­տա­ցու­ցիչ։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, իր խօս­քե­րը հիմ­նա­կան ո­րե­ւէ ար­տա­սո­վոր նո­րու­թիւն չէին բո­վան­դա­կեր՝ հայ ի­րա­կա­նու­թեան քիչ թէ շատ ծա­նօթ ան­ձի մը տե­սան­կիւ­նէն։ Մե­տայ­լի միւս ե­րե­սա­կին, սա­կայն, իր խօս­քե­րը չա­փա­զանց ու­շագ­րաւ էին, ո­րով­հե­տեւ կը ցո­լաց­նէին ա­ռար­կա­յա­կան ճոխ տուեալ­ներ, վի­ճա­կագ­րու­թիւն­նե­րով, հա­մադ­րու­թիւն­նե­րով եւ դի­տար­կում­նե­րով հան­դերձ։ Իր մա­տու­ցած տուեալ­նե­րը անհ­րա­ժեշտ են­թա­գե­տին մը կը պատ­րաս­տէին՝ վեր­լու­ծու­թիւն­ներ, հե­տե­ւու­թիւն­ներ, նոյ­նիսկ դա­տո­ղու­թիւն­ներ ը­նե­լու հա­մար։

Հա­յոց Սփիւռ­քի պայ­ման­նե­րով, հայ դպրո­ցը կը շա­րու­նա­կէ մնալ օ­րա­կար­գի հրա­տապ նիւ­թե­րու կամ հար­ցե­րու շար­քին։ Այդ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը, ան­շուշտ, չի բա­ցատ­րուիր սահ­մա­նա­փակ պատ­ճառ­նե­րով։ Այդ գոր­ծօն­նե­րուն իւ­րա­քան­չիւ­րին շուրջ նոր ժա­մա­նակ­նե­րուն զու­գա­հեռ կը յա­ռա­ջա­նան նոր ու բարդ մար­տահ­րա­ւէր­ներ։

Ան­փո­փոխ միակ ի­րո­ղու­թիւ­նը կը մնայ այն, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի կեն­դա­նի պա­հուի­լը կը կա­րօ­տի մշտա­կան պայ­քա­րի՝ ու­ժե­րու հա­մախմ­բու­մով, հա­ւա­քա­կան կամ­քով եւ ի­րա­տե­սու­թեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, արեւմտահայերէնի հեւքը կը վիճակի համայն հայութեան եւ այս ամբողջին մէջ որքան որ ալհիմնական պատասխանատուութիւնը վիճակի Սփիւռքին, պէտք է այդ պայքարին հնարաւորինս ներգրաւել նաեւ Հայաստանի գիտական ներուժը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015