ՔԱՍԻՄԻ ԵՒ ՍԱՐԳԻՍ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆԻ ԱՒԱՆԴԸ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՆՈՒԻՐԱԳՈՐԾՈՒԱԾ՝ ՊԱՀԱՐԱՆԻ ՄԸ ՎՐԱՅ ԴՐՈՒԱԾ ԿՆԻՔՈՎ
Երեւանի մէջ կազմակերպուած՝ «Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթ» անուանեալ նամականիշի կնքման արարողութիւնը ցայսօր մեր մասնակցած՝ թերթիս վերաբերեալ ամենայատկանշական ձեռնարկներէն մին էր։ Դրոշմաթուղթը մեր ժամանակներուն վաղուց դադրած է գործնականօրէն հրատապ նշանակութիւն ունենալէ, սակայն ունի խորհուրդ մը։ Մարդիկ այսօր թուղթի վրայ նամակ գրելէ շատ հեռացած են։ Գրուածներու պարագային ալ շատ յաճախ դրոշմաթուղթը կը փոխարինուի պահարանի վրայ դրուած կնիքով մը։ Այսքանով հանդերձ, նամականիշի աւանդութիւնը կ՚ապրի։ Սա, կարծես, նոր ժամանակներու հոսանքներուն դիմադրող գլխաւոր խորհրդանշաններէն մին է։ Այդ տոկունութեան հիմնական պատճառներէն մին այն է, որ նամականիշը միայն վճարումի մը հաստատականը չէ։ Կարելի չէ զայն դիտարկել՝ զուտ որպէս թղթատարական ստացական մը։ Պարզ է, որ նամականիշի մը նշանակութիւնը շատ աւելին է, որովհետեւ թղթատարութեան միջոցաւ ան կ՚առընչուի ընկերային, մշակութային, գեղարուեստի եւ այլ բնագաւառներու հետ։ Կարճ խօսքով, իւրաքանչիւր դը-րոշմաթուղթ ունի խորհուրդ մը, կը կրէ պատգամ մը եւ կը քարոզէ արժէք մը։
Այս աշխարհի վրայ ո՛վ գիտէ, քանի միլիոն մարդ ունի դրոշմաթուղթերու հաւաքածոյ մը։ Սա որքան որ ալ ընդհանրացած ըլլայ, իւրաքանչիւր հաւաքածոյ նաեւ այնքան առանձնայատուկ է, ներաշխարհէ մը ծնունդ առած ենթակայական նախընտրութիւններով ու հանգամանքներով։ Ժամանակներու աւերներէն խնայուած խորհրդանշական արժէքներ են անոնք։ Յարատեւութիւն մը կը մարմնաւորեն իրենց էութեամբ։
Նամականիշը ձեւ մըն է՝ դիրքաւորուելու համար խայտաբղետ աշխարհի մէջ։ Եզր մըն է մարդկութեան ներկայանալու, յաչս անոր դէմք մը, դէպք մը, վայր մը, եղելութիւն մը ընդգծելու համար։ Նամականիշը կ՚ենթադրէ իր բնոյթով մեծ շրջանառութիւն մը, որ կ՚անդրանցնէ ժողովուրդները, մշակոյթները, կենցաղները, նոյնիսկ դարերը եւ այդպէսով կը վերածուի համադրութեան մը։ Համամարդկային ցուցափեղկի մը առարկան է ան՝ միշտ հատելով տեղականի սահմանը։
«Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթ» նամականիշի կնքման արարողութիւնը մեզ առաւ, տարաւ այս խոհերուն։ Մեր առջեւ դրուեցան ծրարներ, որոնց վրայ փակցուած էին այդ դրոշմաթուղթերը։ Ստորագրեցինք այդ պահարանները եւ կնքեցինք նամականիշները։
Եւ այսպէս, պահարանի մը վրայ դրուած կնիքով ժամանակներու մէջ նուիրագործուեցաւ այս թերթի հիմնադիրներուն՝ Քասիմի եւ Սարգիս Գօչունեանի աւանդը։ Իրենց հիմնած գործը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը պաշտօնապէս շրջանառութեան մէջ մտաւ՝ որպէս արժէք, ուրոյն պատգամով ու խորհուրդով։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ