Վարչապետ Տավուտօղլու պիտի այցելէ Լիբանան. կ՚ըլլա՞յ արդեօք շփում մը Անթիլիասի հետ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու կը պատրաստուի այցելել Լիբանան։ Դէպի Պէյրութ իր ուղեւորութիւնը պիտի կայանայ Լիբանանի Վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաւէրին ընդառաջ։
Միջազգային բեմահարթակի հրատապ իրադարձութիւններուն բերումով Թուրքիոյ ուշադրութիւնը ներկայիս առաջնահերթօրէն կեդրոնացած է Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններուն վրայ։ Սուրիոյ եւ Իրաքի ճգնաժամային կացութիւնը, միջազգային պատժամիջոցներէ ձերբազատուած Իրանի եւ Ռուսաստանի համագործակցութիւնը, այլ բազում գործօններու հետ յայտնուած են Անգարայի կիզակէտին։ Այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ է, որ կը հաղորդուի Տավուտօղլուի դէպի Պէյրութ ուղեւորութեան մասին։ Արդարեւ, Լիբանան առանցքային երկիր մըն է Մերձաւոր Արեւելքի հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ։
Տավուտօղլու Լիբանան կատարելիք այցելութեան մասին տեղեկացուցած է «Էլ Միւսթաքպէլ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան շեշտած է, թէ Լիբանանի բոլոր քաղաքական կողմերը բարեկամ են Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Ըստ վարչապետին, Անգարա պատրաստ է նախաձեռնութիւններով հանդէս գալու՝ Լիբանանի ներքին հարցերը կարգի բերելու գործընթացէն ներս։ Այս առումով բոլորը գիտեն, թէ 2008 թուականին Թուրքիա նման միջամտութիւնով մը օժանդակած էր Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակի կարգաւորման։ Տավուտօղլուի այս խօսքերը կը զուգադիպին այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Լիբանան չունի նախագահ մը, աւելի ճիշդը՝ երկար ատենէ ի վեր չի յաջողիր նախագահ մը ընտրել, ինչ որ մտահոգիչ կը համարուի երկրի ընդհանուր կայունութեան տեսակէտէ։ Աւելի՛ն, Մերձաւոր Արեւելքի այժմու դժոխային իրավիճակին մէջ բոլորովին անհանդուրժելի կը համարուի Լիբանանէ ներս կայունութեան խանգարուիլը։
Վերոյիշեալ հարցազրոյցին մէջ Ահմէտ Տավուտօղլու լուրջ քննադատութիւններ հասցէագրած է Ռուսաստանին, Պեշար Էսատի կողմէ գլխաւորուած Սուրիոյ վարչակարգին եւ «Հիզպուլլահ» կազմակերպութեան դէմ։
Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցեալին Լիբանան կատարած այցելութիւններուն ընթացքին Ահմէտ Տավուտօղլու հանդիպումներ ունեցած էր նաեւ այդ երկրի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Այդ ժամանակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ տեղի չէր ունեցած շփում մը, ըստ երեւոյթին Անթիլիասի չկամութեան բերումով։ Ներկայիս թէեւ Տավուտօղլուի ուղեւորութեան ժամկէտին մասին յստակ տուեալներ չկան, սակայն սոյն այցելութեան վերաբերեալ բարձրաձայնուած մթնոլորտին մէջ կը ծնի նաեւ հետաքրքրական հարցում մը եւս։ Արդեօք այս անգամ շփում մը պիտի ըլլա՞յ Տավուտօղլուի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ։ Այս հարցումը շատ բնական ու աւելի քան երբեք այժմէական կը համարուի՝ հաշուի առնելով Անթիլիասի կողմէ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատը, որով կը պահանջուի վերաձեռքբերել սեփականութեան իրաւունքը Կիլիկիոյ երբեմնի կաթողիկոսարանի, մայր տաճարի եւ յարակից համալիրի գտնուած տարածքին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ