Նոր հարթութիւն (8)

 

Որպէս վարչապետ պաշտօնավարած տարիներուն, 1980-ական թուականներու կէսին՝ նախկին նախագահներէն Թուրկուտ Էօզալ յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կը համարուի միայն անգամ մը օգտագործելի փամփուշտ մը։ Սա թէեւ ունէր իր տրամաբանութիւնը, որոշ հիմնաւորումներ, սակայն այդ ժամանակ քաղաքական մեկնաբաններու եւ վերլուծաբաններու կողմէ բուռն քննադատութեան առարկայ դարձած էր։ Երբ Թուրկուտ Էօզալ այդ մօտեցումը կ՚արտայայտէր, տակաւին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը գոյութիւն չունէր որպէս այդպիսին։ Թուրքիա հայկական հարցը կ՚ընկալէր շատ աւելի տարբեր ձեւով, դրսեւորումները չէզոքացնելու տեսակէտէ ունէր շատ աւելի տարբեր պատկերացումներ։ Այդ մօտեցումը արտայայտուած էր ղեկավարի մը կողմէ, որ մեծ եռանդ ներդրած էր Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւններու որակը փոխելու եւ համագործակցութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ դնելու տեսանկիւնէն՝ բարձրացնելու համար այդ շրջանի պայմաններով երկրին կշիռը։

Այսօր թէեւ նախագահ Պայտընի 24 Ապրիլի պատգամէն վերջ շատերու կողմէ կը վերյիշուին հանգուցեալ Թուրկուտ Էօզալի այդ յայտարարութիւնները, սակայն, անշուշտ, կամուրջին տակէն շատ ջուրեր հոսած են։ Յամենայնդէպս, Ուաշինկթըն արդէն արձակած է այդ՝ մէկ անգամ օգտագործելի փամփուշտը։ Իրադարձութիւններու շարունակութեան տեսակէտէ սկսած է նոր փուլ մը։

Հայկական հարցի վերաբերեալ միջազգային բեմահարթակի բոլոր իրադարձութիւններու հունը վերջին երեք տասնամեակին կը բնորոշուի Հայաստանի վերաբերեալ խնդիրներուն ազդեցութեամբ։ Ուղղակի կամ անուղղակի Անգարան ալ այս ժամանակաշրջանին թիրախաւորած է ու կը շարունակէ թիրախաւորել Երեւանը։ Պարզ է, որ պետական մակարդակի վրայ՝ հաւասարը հաւասարին խնդիրը դիմագրաւելու տեսակէտէ թրքական կողմը կը ձգտէր թուլացնել հայկական կողմի դիրքերը։ Այսպիսի պայմաններու ներքեւ հարցին մեխը դարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը։ Թուրքիա մէկ կողմէ գործնականօրէն կը զսպէր հաւանական ծաւալապաշտական նկրտումները, իսկ միւս կողմէ մէկ քարով երկու թռչուն կ՚որսար։ Մէկ կողմէ պատմութեան վերաբերեալ խնդիրներու շուրջ ռիսքերը կը չէզոքացնէր, իսկ միւս կողմէ ռէէլ-փոլիթիք առումով հակամարտութեան մը մէջ կողմ ըլլալով՝ ինքնաբերաբար կը դառնար տարածքաշրջանային գործօն մը։

Սպիտակ տան հրապարակումին յաջորդած երկարաշունչ պատգամին մէջ նախագահ Էրտողան ապագայ իրադարձութիւններու ընթացքը հերթական անգամ բանաձեւեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համատեսքին մէջ։

Այս հակամարտութեան տեսանկիւնէն ալ կամուրջին տակէն շատ ջուրեր հոսած են։ Հիմա նոր իրավիճակ մը, նոր կլիմայ մը ստեղծուած է։ Թէ՛ թրքական եւ թէ հայկական կողմերուն համար կարգ մը դուռեր բացուած են, կարգ մը դուռեր ալ փակուած։ Իսկ անոնց յարաբերութիւններու ապագային վերաբերեալ հաւանականութիւնները տակաւին միայն պատուհաններէ կը դիտարկուին։ Թէ ի՞նչ ցոյց պիտի տայ այդ պատուհաններէն երեւցած հորիզոնը. այս հարցումին պատասխանելու համար տակաւին պէտք է ունենալ համբերութիւն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021