Հեռատես ու հեռահար
Թուրքիա հայկական հարցին բերումով կը դիմագրաւէ հերթական մարտահրաւէրը։ Այս խնդիրը պատճառ դարձած է, որ դարձեալ լարուածութիւն մը յառաջանայ երկրի մը հետ։ Այս անգամ բողոքներու թիրախն է Գերմանիան, որու դէմ ծագած հակազդեցութիւնը կը տարածուի ամբողջ Եւրոպայի վրայ։
Երկար ժամանակէ ի վեր, հակառակ գործադ-րըւած բոլոր ջանքերուն, Անգարա չի կրնար այս հիմնախնդրին կտրուածքով միջազգային գետնի վրայ ապահովել հաւասարակշռութիւններու կայունութիւնը։ Զուտ այս հարցին ուղղեալ նախաձեռնութիւնները կը մնան անբաւարար, անուղղակի գործօններն ալ հեռու կը մնան ազդու ըլլալէ։ Ջղագրգիռ կացութիւն կը յառաջանայ եւ Թուրքիա ընդվզում կը յայտնէ, թէ երրորդ կողմերը նախապատուութիւն կու տան միակողմանի մօտեցումներուն, չեն ուզեր հաշուի առնել մետայլի միւս երեսակը, որու վրայ թրքական կողմի պաշտօնական բանաձեւումները կը գտնուին։
Թրքական դիւանագիտութիւնը ունի խոր փորձառութիւն։ Պարզ է, որ աշխարհի բոլոր երկիրները նման իրավիճակներու մէջ կ՚առաջնորդուին սեփական շահերով։ Արդարի կամ անարդարի, առարկայականի կամ ենթակայականի գործօնները յաճախ կը դառնան երկրորդական։
Թուրքիա կը դժուարանայ հայկական հարցին շուրջ հարիւր տոկոսով համոզիչ ըլլալ յաչս միջազգային հանրութեան։ Դժուար է երրորդ երկիրները համոզել նաեւ՝ սեփական շահերով պայմանաւորուած գործօններու բերումով։ Ուստի, աւելի հեռատես ու հեռահար քայլեր պէտք է առնէ Անգարան։ Պէտք է ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ մը, որու պայմաններուն ներքեւ երկրորդական պէտք է դառնայ համոզիչ ըլլալը կամ ոչ։ Պէտք է վերացնել այն քաղաքական գործօնները, որոնք գետին կը պատրաստեն նման բանաձեւերու, երրորդ երկիրներու այս հարցի միջամտութեան։
Այս հեռահար ու հեռատես քայլը պիտի ըլլայ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացումը. երանելի այդ հանգրուանը օր մը պիտի հասնի ապահովաբար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 11/25/2024