ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ
Իսթանպուլահայ կրթական կեանքի օրակարգին վրայ ներկայիս կը գտնուին շարք մը հրատապ հարցեր, որոնք 2015-2016 տարեշրջանի վերամուտի սեմին քննարկուեցան Պատրիարքարանի երդիքին տակ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ առաւօտ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ համայնքային կարեւոր խորհրդակցութիւն մը, որ տեւեց շուրջ երկու ժամ։ Ժողովին նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ կը գլխաւորէ նաեւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP)։ Միւս ժողովականներու շարքին կը գտնուէին VADİP-ի կրթական յանձնախումբին անդամները, դիւանի ատենադպիր Յարութիւն Շանլը եւ ատենապետները կամ ներկայացուցիչները այն մատակարար մարմիններուն, որոնք կը հովանաւորեն դպրոցներ։
Վերամուտին նախորդելիք կարեւորագոյն հանգրուանին՝ արձանագրութիւններու սեմին կազմակերպուած այս ժողովի օրակարգին վրայ նախատեսուած էին շարք մը առանցքային հարցեր, որոնք այսօր դարձած են հրատապ եւ իրականութեան մէջ քննարկումները գուցէ պէտք է սկսէին շատ աւելի կանուխ։ Համայնքային վարիչիերը մանրամասնօրէն խոշորացոյցի տակ առին՝ դաւանափոխ ընտանիքներու կամ խառն ամուսնութիւններէ ծնած դպրոցահասակ զաւակներու իսթանպուլահայ վարժարաններ ընդուման նիւթը։ Նկատի ունենալով որ հարցը ունի բազում ծալքեր, քննարկումներն ալ եղան բազմակողմանի։ Սկզբունքային եւ մասնագիտական բնոյթով բոլոր խնդիրները ծեծուեցան բազում երեսակներով։ Աւելի՛ն, 28 Յունիս 2015 թուականի դրութեամբ պատկան իշխանութիւնները փոփոխութեան ենթարկած են՝ փոքրամասնութեանց վարժարաններու աշակերտ ընդունման (արձանագրութեան) ընթացակարգը։ VADİP-ի շրջանակներէն ներս Պատրիարքական Աթոռը որքան որ ալ նախապէս յայտնած էր իր դիրքորոշումը, յամենայնդէպս յառաջացած էր երէկուան ժողովին կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը։ Ըստ անպաշտօն զանազան լսումներու, այս ուղղութեամբ դեր խաղացած էին նաեւ համայնքային վարիչներուն միջեւ վերջին շրջաններուն ծագած տարակարծութիւններն ու ապրուած բուռն վէճերը։ Բարեբախտաբար, երէկուան կարծիքի փոխանակումներուն արդիւնքին հնարաւոր դարձաւ գտնել հասարակաց յայտարար մը՝ Պատրիարքական Աթոռի ցուցմունքներուն ուղղութեամբ։
Այստեղ միջանկեալ ձեւով նշենք, որ հնարաւորութիւն ունենալով հետեւելու երէկուան ժողովի ամբողջ ընթացքին՝ առաջին հերթին ունեցանք այն տպաւորութիւնը, թէ VADİP-ի կրթական յանձնախումբը չէ կրցած նպատակասլաց հունի մը մէջ յառաջ տանիլ համապատասխան քննարկումները ամենասկիզբին։ Սա դժբախտաբար հերթական ձախողումն է այս յանձնախումբին, որ ընդհանրապէս կը նախընտրէ գործել թաքուն ոճով, հեռու թափանցիկութենէ։ Ըստ երեւոյթին, այս պարագային ալ այնտեղ տխուր երեւոյթ մը յառաջացած է։ Յանձնախումբին կարգ մը անդամները փորձած են անհասկնալի աճապարանքով մը իբրեւ թէ լուծել խնդիրը, խորքին մէջ գործնականօրէն կատարուած իրողութիւն մը ստեղծելով համայնքին տեսակէտէ։ Այս մանրամասնութիւնը կ՚արձանագրենք մատնանշելու համար երէկուան նիստի օգուտներէն մին։ Նա՛խ այս ժողովին արդիւնքը բոլոր հարթակներուն վրայ յառաջիկային յստակութիւն մը պիտի ապահովէ, յետո՛յ ապրուած բանավէճին հետեւանքները յաղթահարելու գետին մը պիտի պատրաստէ։
Երէկուան քննարկումները կատարուեցան այն իրողութեան լոյսին տակ, թէ Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ կատարուած են շարք մը կարգադրութիւններ, որոնք նոր ընթացակարգ մը կը սնհմանեն փոքրամասնական վարժարաններու աշակերտներու արձանագրութեանց համար։ Մասնաւոր կրթական հաստատութիւններու պարագային նոր որդեգրուած դրութեան ծիրին մաս կը կազմէ փոքրամասնական դպրոցներու աշակերտներու ընդունման բարեփոխեալ ընթացակարգը։ Զուգահեռաբար՝ մեր վարժարաններուն կ՚առընչուին նաեւ Քաղաքացիական օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները։ Արդարեւ, այս երկու փոփոխութիւններն ալ կրնան պայմանաւորել իսթանպուլահայ վարժարաններու աշակերտութեան ընդհանու դիմագիծը։
Ուրեմն, այժմու իրադրութիւնը հետեւեալն է. եթէ ցայսօր մեր վարժարաններուն աշակերտները պաշտօնապէս կ՚արձանագրուէին փոխ-տնօրէններուն կողմէ, ապա այլեւս այդ լիազօրութիւնը պիտի պատկանի ուղղակիօրէն տնօրէնին։ Ինչպէս ցարդ կ՚ըլլար փոխ-տնօրէնի պարագային, այնպէս ալ տնօրէններուն կողմէ յառաջիկային կատարուելիք արձանագրութիւնները պիտի հաստատուին պատկան մարմիններուն կողմէ։ Նախարարութիւնը նոր դրութեան մէջ ալ յարմար նկատած է, որ իւրաքանչիւր փոքրամասնական վարժարան աշակերտ ընդունի միայն տուեալ համայնքի անդամներուն շարքէն՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի ըլլալու պայմանով։ Այս իրաւունքը երաշխաւորուած է նաեւ Լոզանի դաշնագրով։ Քանի որ թրքահայ համայնքը ունի կրօնական փոքրամասնութեան կարգավիճակ՝ անոր անդամակցութեան միակ ու բացարձակ ապացոյցը կը նկատուի մկրտութեան վկայականը, որ կը տրուի Պատրիարքական Աթոռին կողմէ։ Պատրիարքարանի պաշտօնական կարգավիճակին վերաբերեալ պղտորութիւնները այս գետնին վրայ ռիսք մը չեն յարուցեր, որովհետեւ պետական մարմիններն ալ նման նիւթերու պարագային Պատրիարքարանը կ՚ընդունին որպէս երկխօս ու որեւէ որոշում կայացնելու անհրաժեշտութիւն եթէ ծագի, ապա բացառապէս Պատրիարքարանին կողմէ փոխանցուած տուեալներով կ՚առաջնորդուին։
Այս բոլորին կը հակադրուին միայն այն վարկածները, որոնք պայմանաւորուած են Քաղաքացիական օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութիւններով։ Այսպէս, մինչեւ մօտաւոր անցեալը երախայի մը ինքնութիւնը կը բնորոշուէր՝ ըստ իր հօրը ինքնութեան։ Իսկ ներկայիս, հօր առընթեր, հաւասարապէս մայրն ալ բաւարար կը համարուի ինքնութիւն մը ժառանգելու համար։ Այս կէտին վրայ է, որ բարդութիւններ կը յառաջանան խառն ամուսնութիւններով կազմուած ընտանիքներու զաւակներուն պարագային։ Կարգ մը տեսանկիւններէ սա նոյնիսկ աւելի խրթին հարց մը կը համարուի՝ դաւանափոխ կամ կրօնափոխ եղած անձերու շառաւիղներու խնդիրներուն բաղդատմամբ։ Ի լրումն այս բոլորին, պետութիւնը դադրած է փոքրամասնութիւններու պարագային օգտագործելէ ցեղային ծածկագրերը, որոնք բաւականաչափ խնդրայարոյց էին մարդու տարրական իրաւանց տեսանկիւնէն։ Այսինքն, հիմա, ի դէմս տնօրէններուն համայնքն է, որ պիտի որոշէ, թէ աշակերտի թեկնածու մը ունի՛ հայկական ինքնութիւն, կը պատկանի՛ թրքահայ համայնքին կամ ոչ։ Հետեւաբար, միակ հաւաստի ու վաւերական ապացոյցը կրնայ համարուիլ մկրտութեան վկայականը, որ կը տրուի Պատրիարքարանին կողմէ։ Այս հանգամանքը միեւնոյն ժամանակ կը գերահաստատուի այն մտայնութիւնով, որով Պատրիարքարանը թէ՛ հոգեւոր կեդրոն մըն է եւ թէ ազգային՝ հաւասարապէս ու անտարանջատելիօրէն։
Խառն ամուսնութիւններու արդիւնքին ծնած երախաներու խնդիրներուն ածանցուած ձեւով՝ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ անոնց ծնողներու ամուսնալուծման պարագաներուն, ինչ որ կը պատահի յաճախ։ Եթէ երախային հայրը հայ ըլլայ, ապա համայնքային վարժարանի մը մէջ դաստիարակուելու ճանապարհին հարցերը ընդհանրապէս կ՚ըլլան լուծելի։ Հակառակ պարագային խնդիրները կը ճիւղաւորուին։ Եթէ երախային մայրը հայ ըլլայ, դժուարութիւնները կը մեծնան։ Կը պատահի, որ հայրը հաւանութիւն չտայ իր զաւկի հայկական վարժարան յաճախելուն կամ չյօժարի, որ այդ դպրոցը երթալու համար անցնի մօրը դաւանանքին։
Այս եւ նման բազմաթիւ օրինակներ ու վարկածներ հաշուի առնուեցան ժողովականներուն կողմէ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ համայնքային վարիչները նրբանկատութեամբ ծանրացան հարցերուն վրայ՝ այդ բոլորին համար դրական լուծումներ գտնելու պատրաստակամութեամբ։ Այդ որոնումներուն ժամանակ, անոնք բծախնդիր մտային մարզանք մը կատարեցին, որպէսզի թէ՛ կանխուին անբաղձալի խտրականութիւններու տպաւորութիւնները եւ թէ շուքի տակ չմնան հայկական ինքնութեան անզիջելի ստորոգելիները։
Ժողովականները չանտեսեցին նաեւ ուիշ կարեւոր հանգամանք մը։ Արդարեւ, արձանագրութիւններու նոր դրութեան մէջ լուրջ դեր մը վերապահուած է մեր տնօրէններուն։ Դժուար չէ կանխատեսել, որ անոնք անխուսափելիօրէն ծնողներու հետ դէմ դիմաց պիտի մնան խնդրայարոյց պարագաներով։ Նիստի մասնակիցները համակարծիք գտնուեցան, որ մեր տնօրէնները պէտք է խնայուին անպայման։ Ուստի, պիտի ստեղծուի յանձնախումբ մը, որ պիտի բաժնէ այդ պատասխանատուութիւնը եւ պիտի կանխէ մեր տնօրէններուն թիրախ դառնալը։
Հաշուի առնուեցաւ նաեւ մեր վարժարաններուն դէմ բացուելիք հաւանական դատերու վարկածը։ Սա առանձնապէս մտահոգիչ չհամարուեցաւ, որովհետեւ ինքնութեան հարցերուն մէջ օրէնքով տնօրէններուն սահմանուած իրաւասութիւնները եւ Պատրիարքարանին վերապահուած դերը կը ստեղծեն լաւատեսութեան հիմքեր։
Նիստին տեւողութեան մատնանշուեցաւ, որ արձանագրութիւններու նոր ընթացակարգը հեռանկարային հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ, որպէսզի համայնքը ձեւաւորէ իր նախընթացները։ Իսկ մինչեւ անոնց յստականալը՝ պէտք է լաւ կառավարել կամ վերահսկել անցումային շրջանը, բոլորին նկատմամբ յարգանքով, հասկացութիւնով, համոզիչ գործելաոճով։ Ստիպողութիւն մը չկայ շտապողական կողմնորոշումներու համար։ Այստեղ ազատութեան անանտեսելի դաշտ մը կը բացուի համայնքին առջեւ, որովհետեւ նախապէս պետութեան կողմէ կատարուած տնօրինութեան մը լիազօրութիւնը կը վերադարձուի համայնքին։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան քննարկումներուն ժամանակ ունեցաւ քանի մը արտայայտութիւններ, որոնք կրնան ուղղորդել այս գործընթացը։ «Մեր դուռը բաց է բոլորին համար, կը բաւէ, որ գան ու մկրտուին», ըսաւ ան։ Այս պատգամը փոխանցելու առընթեր, ընդհանուր փոխանորդը յայտնեց, որ Պատրիարքարանը պատրաստ է հաւաքական մկրտութիւններ կազմակերպելու համար։ Նորին Սրբազնութիւնը քանիցս շեշտեց, որ Պատրիարքարանին կողմէ տրուելիք մկրտութեան վկայականը ի զօրու է այս հարցերը յաղթահարելու, իսկ այս հարցին մէջ Աթոռին վերաբերմունքը միանշանակ է, օրինաչափ եւ անվիճելի։
«Անձ մը, որ չէ մկրտուած, չի կրնար դասուիլ մեր համայնքի անդամներու շարքին», ըսաւ ընդհանուր փոխանորդը եւ աւելցուց, թէ իրաւաբանները կը խօսին իրաւունքի մասին, իսկ Պատրիարքարանը կը խօսի ինքնութեան մասին։ Ըստ իրեն, բազմադարեան անհերքելի ճշմարտութիւնը այն է, որ հայոց պարագային ազգային ու կրօնական ինքնութիւնը նոյնացած է միանգամընդմիշտ։ Հասկնալի է, որ մարդիկ անցեալին մահուկենաց պայմաններու ներքեւ փոխելու պարտաւորուած են իրենց կրօնը եւ ընդհանուր փոխանորդը համոզուած է, թէ վերադարձի առումով անկեղծ ցանկութեան պարագային անոնց շառաւիղները պէտք է մկրտուին՝ զոհողութիւն մը յանձն առնելով։ Բաց աստի, Նորին Սրբազնութիւնը դիտել տուաւ, թէ պետութիւնը ներկայ դրութեամբ նոր իրաւունք մը սահմանած է համայնքին համար, իսկ մեր համայնքը այդ իրաւունքը պէտք է օգտագործէ շինիչ ու նպատակասլաց ձեւով, պատասխանատուութեան ամենայն գիտակցութեամբ։ Այս հնարաւորութիւնը պէտք է ի սպաս դրուի հայ համայնքի բոլոր շերտերուն համար, իսկ մեր հաստատութիւններն ալ գործադրութեան տեսակէտէ արդէն ունին անհրաժեշտ նախադրեալները՝ մեր աւանդական սկզբունքներէն եւ զգայնութիւններէն չշեղելու համար։
Իր կարգին, Պետրոս Շիրինօղլուն ալ մատնանշեց, թէ մեր վարժարանները արդէն կը դիմագրաւեն նիւթական մեծ դժուարութիւններ եւ աշակերտական դիմագծի փոփոխութիւնը պէտք է շատ լաւ նախապատրաստուի, պէտք է յառաջ տարուի փուլ առ փուլ՝ մարսուած ձեւով։ Այլապէս, ստեղծուելիք մթնոլորտը կրնայ լուրջ վտանգներ յառաջացնել մեր կրթական կեանքի ապագային տեսակէտէ։
Հուսկ, ժողովականները աւարտին համաձայն գտնուեցան կարգ մը հասարակաց սկզբունքներու շուրջ։ Այսպէս, այն աշակերտի թեկնածուները, որոնք չունին մկրտութեան վկայական, պիտի չկարենան արձանագրուիլ իսթանպուլահայ վարժարանները։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նշեց, թէ նոյնիսկ ծնողներու երկուքն ալ կրնան մկրտուած չըլլալ, սակայն եթէ իրենց ստորագրութիւնով հաւանութիւն տան՝ ապա Պատրիարքարանը կրնայ մկրտել իրենց զաւակները եւ անձնագրային համապատասխան արձանագրութիւններէ վերջ անոնք կրնան ընդունուիլ իսթանպուլահայ վարժարանները։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
BASIN BİLDİRİSİ
Milli Eğitim Bakanlığı'na bağlı Özel Öğretim Kurumları Genel Müdürlüğü'nın 28 Haziran 2015 tarihinde yayınladığı genelgede, azınlık okullarına kayıt için okul müdürlerinin uygunluk görüşünün yeterli olacağı belirtilmiştir. Genelgeye göre okul müdürlerinin çocuğun cemaat okullarına kaydı esnasında konuyu düzenleyen Lozan Antlaşması'nın 40. ve 41. maddeleri ile 5580 sayılı Özel Öğretim Kurumları Kanunu'nun 5. maddesinin (c) bendinin birinci fıkrasına göre hareket etmeleri gerekmektedir. Söz konusu maddeye göre azınlık okullarında sadece kendi cemaatine mensup çocuklar eğitim alabilmektedir.
Bakanlığın bu kararı çerçevesinde 5 Ağustos 2015 tarihinde VADİP Eğitim Komisyonu ve okulu olan vakıfların başkanlarından oluşan bir heyet Patrik Genel Vekili Başepiskopos Aram Ateşyan riyasetinde Patrikhane çatısı altında bir toplantı gerçekleştirmiştir.
Toplantıda okul müdürlerine verilen bu yetki çerçevesinde, gerçekleşebilecek tüm olasılıkların gerek dini, gerekse hukuki boyutları detaylı olarak masaya yatırılmıştır. Toplantı sonunda bir öğrenci adayının Ermeni okullarına kayıt olabilmesi için o çocuğun Ermeni cemaatine ait olma kriterlerini taşıyıp taşımadığının kontrol edilmesine, yasaya aykırı işlem yapmamak için söz konusu kriterleri yerine getirmeyen çocukların okullarımıza kaydının yapılmamasına karar verilmiştir.
Diğer taraftan üyeleri VADİP Eğitim Komisyonu üyeleri ve Patrikhane'nin belirleyeceği bir üyeden oluşan bir "Danışma Kurulu" kurulmasına, kayıt esnasında okul müdürlerinin şüpheye düştüğü kayıtlar için bu kuruldan görüş almasına, okullarımıza yapılacak "tüm yeni kayıtlarda" hazırlanacak ortak bir formun okul yönetimlerince ekleriyle birlikte Danışma Kurulu'na gönderilmesine karar verilmiştir.
VADİP EĞİTİM KOMİSYONU