Կարեւոր նախադրեալ

Պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը սկսած է գործել ամբողջական թափով։ Մարմինը թէեւ երէկ իր տակաւին երրորդ ժողովը գումարեց, սակայն պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ անոր ընկալումները արդէն բաւական յստակ են։ Յայտնի է, որ Նախաձեռնարկ մարմինը մտքին մէջ ունի բաւական յստակ պատկեր մը եւ կը ջանայ համապատասխան հունի մը մէջ դնել նախընտրական գործընթացը։ Այս հանգամանքը կարեւոր առաւելութիւն մըն է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը յաջողութեամբ պսակելու համար։

Երէկուան հերթական ժողովի նիստի լոյսին տակ ի յայտ եկած է յստակ նորութիւն մը։ Նախաձեռնարկ մարմինը պիտի փորձէ յառաջիկայ շրջանին աշխատանքներուն աստիճանաբար ներգրաւել մեր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդները։ Սա լայնախարիսխ մօտեցումով ընտրութիւն մը կազմակերպելու տեսակէտէ կարեւոր նախադրեալ մըն է։ Որքան որ ալ Նախաձեռնարկ մարմինը ըլլայ վերադաս եւ ունենայ կեդրոնական հանգամանք, տեղական հարթութիւնը ունի մեծ նշանակութիւն։ Պատրիարքական ընտրութիւնը այնպէս մը կը կազմակերպուի, որ իւրաքանչիւր եկեղեցի կը համարուի ընտրատեղամաս մը, ընտրաշրջան մը։ Ուստի, այս տեսակէտէ շատ կարեւոր է Նախաձեռնարկ մարմնի եւ թաղային խորհուրդներու համագործակցութիւնը։ Թաղային խորհուրդներու դերակատարութիւնը աստիճանաբար պիտի բիւրեղանայ երկու ուղղութեամբ։ Առաջինը՝ ընտրացուցակներու թարմացման ու կատարելագործման խնդիրն է։ Երկար ժամանակէ ի վեր մեր համայնքէն ներս տեղի չեն ունեցած ընտրութիւններ եւ այս մէկը կը համարուի առարկայական դժուարութիւն մը։ Այս հարցի յաղթահարումը միայն թեքնիկ աշխատանք մը չ՚ենթադրեր։ Արդարեւ, համայնքի օրակարգի վերջին տարիներու վէճերէն կարելի է հետեւցնել, որ թաղային խորհուրդներու կողմէ դրսեւորուելիք կամքը անկիւնադարձային նշանակութիւն պիտի ունենայ։ Երկրորդ՝ թաղային խորհուրդներու նախաձեռնութեամբ պիտի ստեղծուին ու պիտի գործեն տեղական ընտրական մարմինները։ Ինչպէս Նախաձեռնարկ մարմնի հիմնադրութեան շրջանին յաճախ ընդգծուած էր, այնպէս ալ այս յառաջիկայ փուլին շատ մեծ կարեւորութիւն պիտի ներկայացնէ տեղական ընտրական մարմիններու անաչառութիւնը, անկողմնակալութիւնը եւ հեղինակաւոր դէմքերէ կազմուած ըլլալը։ Այս բոլորը անկարելի է պատկերացնել առանց թաղային խորհուրդներու աշխատանքին։ Ուստի, Նախաձեռնարկ մարմնի եւ թաղային խորհուրդներու համագործակցութիւնը ունի կենսական բնոյթ մը։

Պատրիարքական ընտրութիւնը մեր համայնքին տեսակէտէ պիտի ըլլայ մեծ փորձաքար մը։ Այդ քննութենէն պատուով դուրս գալու, հաւաքական յաջողութիւն մը արձանագրելու ճանապարհին պէտք է ստեղծէ ամուր ենթագետին մը։ Նախաձեռնարկ մարմնի եւ թաղային խորհուրդներու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը անհրաժեշտ նախապայման մըն է այս ճանապարհին։ 

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 6, 2019