Պռաւօ Վարդանանց երգչախումբին

Գործի մը, առաքելութեան մը յաջողութեան գլխաւոր չափանիշներէն մին է շարունակականութիւնը։ Հաւաքական կեանքէ ներս յարատեւութիւնը շատ յաճախ ինքնին կը նշանակէ նուաճում։ Հետեւողականութիւնը նախապայման մըն է ամէն տեսակ ձեռքբերումի համար։ Տեւականութիւնը ծնունդ կու տայ տեսակ մը տոկունութեան, ինչ որ կ՚երաշխաւորէ կայունութիւն ու վերանորոգ կը պահէ ներուժի վերարտադրութիւնը։ Մասնաւորաբար խմբային աշխատանքի մը պարագային կը դառնայ կենսունակութեան գրաւականը։

Այս մեծ պատկերն է մեր աչքին առջեւ՝ Ֆէրիգիւղի Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի դէպի Հայաստան կատարած ճամբորդութեան արձագանգներուն հետեւելու ժամանակ։ Վարդանանցի ընտանիքը հասած է հերթական գագաթի մը, որ ո՛չ միայն բնականաբար խօսեցնել կու տայ իր մասին, ո՛չ միայն հասկնալիօրէն ուշադրութիւնը կը լարէ անոր վրայ, այլ՝ ինքնաբերաբար յարգանք ու համակրանք կը պարտադրէ անոր նկատմամբ։ Մեր համայնքը կ՚ըմբոշխնէ երգչախումբի յաղթական վերադարձով պայմանաւորուած ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը։ Պոլսահայութեան համար իսկապէս հարազատ է Վարդանանց երգչախումբը, որ մեր համայնքին զուլալ աղբիւրի մը նման կը մատուցէ իր տոհմիկ մշակոյթը՝ անոր առջեւ ճանապարհ հարթելով դէպի իր արմատները, դէպի իր ակունքը։ Եւ իրեն նկատմամբ տածուած դրական զգացումները կը բազմապատկուին, որովհետեւ Վարդանանց երգչախումբին գործունէութիւնը սահմանափակ չի մնար լոկ մեր համայնքով։ Խումբը, անուանը համահունչ, կը հասնի ճակատէ ճակատ՝ գէթ համահայկական գետնի վրայ հանդէս կու գայ, գէթ՝ միջազգային կամ միջմշակութային։

Վարդանանց երգչախումբը կը գործէ այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, ուր առաւելագոյն չափով խտացած է մեր համայնքի մարդուժը։ Խումբը այս միջավայրը կ՚օգտագործէ իր կազմը, հետեւաբար ներուժը մշտանորոգ պահելու, սահուն փոխանցումներ կազմակերպելու համար։ Մեր համայնքի առկայ ինքնութեան հարցերուն տեսակէտէ խումբը մեծ խնդիրներու լուծման կը նպաստէ։ Հայերէնի համատարած նահանջի պայմաններուն ներքեւ, երգչախումբը կը նպաստէ՝ որպէսզի մեր ժողովուրդը հնարաւորինս հաղորդ դառնայ մեր ժառանգութեան, մնայ կարելի չափով անոր ծածկոյթին տակ՝ օգտագործելով ուժը, ձգողականութիւնը երաժշտութեան, որ ձեւով մը, որոշ չափով լեզուէ անկախ արուեստի ճիւղ մըն է։

Վարդանանց երգչախումբը այս բոլորը կ՚ընէ՝ տարիներէ ի վեր իր գլուխը ունենալով անկրկնելի կարողութիւններով վարիչ մը։ Ատրուշան Հալաճեանի տեսլականը, անտարակոյս, կը բնորոշէ խումբին ճակատագիրը։ Ան խմբային առաւել արդիւնաւէտութեամբ աշխատանք կը կազմակերպէ։ Որքան որ ալ խոնարհ սպասաւոր մը ըլլայ եկեղեցիէն ներս, որքան որ ալ համեստ ըլլայ իր նկարագիրով, մաէսթրոն յաւակնոտ է իր խումբին վերաբերեալ ձգտումներուն մէջ։ Թէեւ իր լինելութեամբ Վարդանանց երգչախումբը բազում ոլորտներու հետ կ՚առընչուի, զանազան բնագաւառներէ ներս հարցերու դէմ պայքարի կռուան մըն է, սակայն երգչախումբի մը պարագային, անշուշտ, այդ բոլորը երկրորդական են՝ ինչքան որ ալ դրական պտուղներ ունենան։ Երգչախումբի մը պարագային հիմնականը, առանցքայինը արուեստն է՝ երաժշտութիւնը։ Ատրուշան Հալաճեանի տեսլականին մէջ միշտ զգալի է այս առաջնահերթութիւնը։ Այլապէս, դժուար թէ խումբը հասած ըլլար այժմու մակարդակին եւ տասնամեակներէ ի վեր որակի չափանիշ համարուէր մեր իրականութենէն ներս կամ տեւաբար ինքնակատարելագործուելով բաց ճակատով հանդէս գար իւրաքանչիւր փորձաքարի առջեւ։ Երաժշտական ասպարէզի մէջ արհեստավարժ մըն է Հալաճեան եւ երգչախումբին գլուխը միշտ հաւատարիմ կը մնայ այդ լրջութեան։ Չի հաշուարկեր յարակից գետիններու վրայ ապահովուած յաջողութիւններով քօղարկել միջակութիւններ։ Այս է պատճառը, որ իր խումբը միշտ պատնէշի վրայ է, ի պատուի է։ Եկեղեցական եւ աշխարհիկ երաժշտութեան նկատմամբ հաւասարապէս նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերէ Վարդանանց երգչախումբը։ Սա իր հիմնական առանձնայատկութիւններէն մին է։ Հայկական ամբողջ սփիւռքին մէջ այս առումով կ՚առանձնանայ՝ հազիւ մատի վրայ համրուելիք խումբերու հետ։ Կարճ խօսքով, Վարդանանց երգչախումբը դպրոց մըն է եւ արձանագրած յաջողութիւններով պատուանդանի վրայ կը պահէ իր բազմավաստակ խմբավար Ատրուշան Հալաճեանը։

Նման դրուատիքներ ցայսօր շատ-շատ անգամներ արդարօրէն շռայլուած են Վարդանանց երգչախումբին համար։ Սա կրկնութիւն չէ՝ որովհետեւ ան կը յարատեւէ իր յաջողութիւններով։ Ընդհակառակն, մաղթենք՝ որ ապագային եւս չպակսին նման առիթները։ Ինչ լաւ է, որ դէպի Հայաստան այս վերջին ուղեւորութիւնն ալ ընձեռած է նման առիթ մը՝ արդար գնահատանքի համար դուռ բանալով։

Դպրաց դասու նախագահ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան Երեւանի մէջ տեղին բանաձեւումով մը նշած է, որ հայ երգը բխած է հայու սիրտէն, արմատէն։ Ուրեմն, թող անխափան ըլլայ Վարդանանց երգչախումբին հաստատակամ երթը՝ հայու սրտի ձայնի, արմատի կանչի նուիրական ճանապարհին։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2017