Ժամանակ մսխելու ռիսքերը

Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի Պատրիարքարանի մէջ սարքած երէկուան մամլոյ ասուլիսը մէկ կողմէ եկաւ վերահաստատել հին մտահոգութիւնները, իսկ միւս կողմէ ծնունդ տուաւ նոր հարցականներու։ Մեր տպաւորութիւնը այն է, որ պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ փակուղին կը խորանայ։ Նորին սրբազնութիւնը փորձեց համոզիչ ըլլալ՝ ընդգծելով, որ պատրիարքական ընտրութիւնը անպայման տեղի պիտի ունենայ։ Սա պարզ է, ու ծանօթ բոլորին։ Հարցը այն է, որ ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ ընտրութիւնը։ Աւելի քան ինն տարուան խնդիրը պիտի լուծուի ժամկէտի մը հեռանկարին ստեղծումով, այլ ոչ թէ սկզբունքներու վերահաստատումով։

Երէկուան ասուլիսին ընթացքին տեղապահ սրբազան հօր յիշեցուեցաւ մամուլին մէջ ըրած իր մէկ յայտարարութիւնը, ըստ որու եթէ մինչեւ 9 Հոկտեմբեր պետութենէն պատասխան մը չհասնի, ապա Պատրիարքարանը կրնայ նոր աղերսագիր մը յղել։ Իսկ Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն Սեպուհ Ասլանկիլ յայտնեց, որ իրենք որոշած են 120 օրուան սպասման ժամանակաշըր-ջան մը ունենալ։ Երբ այս երկու տուեալներուն հակասութիւնը հարց տրուեցաւ նորին սրբազնութեան՝ պատասխանը եղաւ այն, որ ինք մանրամասնութիւններուն չէր տիրապետեր եւ հիմա արդէն վերահասու կը դառնար։ Խնդիրը տեղապահ սրբազան հօր տեսակէտէ խոցելի կացութեան մը ստեղծուիլը չէ։ Մարդկային երեւոյթները, բնականաբար, պէտք չէ չարաշահուին։

Միւս կողմէ, երէկուան այդ հակասութեան ընդմէջէն ակամայ յայտնի կը դառնար իրողութիւն մը։ Պատրիարքարանի այժմու ղեկավարութիւնն ու Նախաձեռնարկ մարմինը հետզհետէ առանց բարձրաձայնելու կ՚անդրադառնան, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը փակուղիի մատնուած է եւ իրենց ջանքերը դարձած են անհեռանկար։ Նման ձախողումի մը փոխարէն հասկնալիօրէն Պատրիարքարանը կը ջանայ ժամանակ շահիլ։ Սա տրամաբանական է՝ ժամանակ պէտք է շահիլ, որպէսզի լուծման համար յաւելեալ ջանքեր գործադրելու հնարաւորութիւն ստեղծուի։

Յամենայնդէպս, Պատրիարքարանի ժամանակ շահելու ուղղեալ ներկայ մարտավարութիւնը կրնայ ունենալ նաեւ ռիս-քեր։ Այդ բոլորը պէտք է լաւ հաշուարկուին, որպէսզի մեր Աթոռն ու համայնքը այլեւս խնայւին յաւելեալ բարդութիւններէ։ Ըստ երեւոյթին, Պատրիարքարանին ու պետութեան միջեւ առկայ անհաղորդ վիճակը կը խորանայ։ Նորին սրբազնութեան կողմէ երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին օգտագործուած ոճը, նախընտրուած բառամթերքն ու մասնաւորապէս միակողմանի ակնկալութիւններու բանաձեւումը այդ երեւոյթին ապացոյցը կը համարուի։ Անշուշտ, մաղթելի է, որ այդ անհաղորդ վիճակը ձեւով մը յաղթահարուի, այլապէս պատրիարքական ընտրութիւնը կրնայ տակաւին յապաղիլ։ Ժամանակ շահելու ուղղեալ քայլերը պէտք է առնուին վարպետօրէն, որպէսզի չվտանգուին մեր Պատրիարքական Աթոռին ու համայնքին իրաւունքները եւ ցայսօր եղած նախընթացներէ դուրս արտասովոր խնդիրներ չծագին։

Չափելով, կշռելով պէտք է գործել այս շրջանին։ Մաղթենք, որ վերապահները, յոռետեսները սխալին։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2017