ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՎԱՐՊԵՏ ՃԻՎԱՆ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ ԿԱԽԱՐԴԱՆՔԸ

Ծիրանափողի վիրթիէօզը հեռացաւ մեզմէ. բօթը երէկ համատարած ցաւ ստեղծեց ինչպէս հայ իրականութենէն, այնպէս ալ երաժշտական աշխարհէն ներս։ Անվիճելի եւ անկրկնելի մեծութիւն մըն էր վարպետը, իսկական հանճար մը, որու կորուստը որբացման զգացում կը յառաջացնէ հայ ժողովուրդին մօտ։ Ափսոս, հազար ափսոս, որ Ճիվան Գասպարեան այլեւս մեզի հետ չէ, կը մնայ հաշտուիլ անոր թողած պարապութեան հետ առկայ թանձր մշուշին մէջ, զոր ամիսներէ ի վեր կը դիմագրաւէ հայութիւնը։ Կաղնի մը տապալեցաւ, երկնակամարէն սահեցաւ այնպիսի աստղ մը, որու սփռած լոյսը հիւսիսային աստղի համազօր էր իր հարազատ ժողովուրդին համար։ Եւ հիմա ոչ եւս է...

Իր ապրած ու արարած ժամանակներուն մէջ Ճիվան Գասպարեան եղած էր աշխարհի վրայ հայ մշակոյթի դեսպաններէն, առաքեալներէն մին։ Մեծ վարպետը, մեծ արուեստագէտը, մեծ մարդ մը ու մեծ մարդասէր մը ըլլալու առընթեր, նոյնքան մե՜ծ հայ մըն էր։ Մշեցի ծնողներու շնռաւիղ, իր ազգի ամբողջ ժառանգութեան, նաեւ ամբողջ յիշողութեան կրողն էր։ Բեռ չէին այդ բոլորը իրեն համար, ոչ ալ կառչած-մնացած էր անոնցմէ։ Էութեան մէջ մարսուած, գիտակցական հարթութեան վրայ իւրացուած էին զանոնք Ճիվան Գասպարեանի պարագային։ Այդ բոլորը ճանապարհ կը հարթէին իր ձգտումին առջեւ՝ դէպի կատարելապաշտութիւն։ Ու կեանքը զինքը այնպիսի կէտի մը հասցուցած էր, որ այդ կատարելապաշտութեան շնորհիւ արդէն սկսած էր մաս կազմել իր հարազատ ժողովուրդի արժեհամակարգին։ Կենդանի առասպելը անմահացած էր կենդանութեան օրօք։ Իր առաքելութեան նկատմամբ հաւատարմութիւնը, իր կոչումին նկատմամբ նուիրումը այդ մակարդակին հասցուցած էին զինքը։ Աստուածատուր իր ձիրքերուն, բնատուր կարողութիւններուն, արտասովոր ընդունակութիւններուն փայլուն հանրագումարի թագն ու պսակն էին՝ իր յամառութիւնը, նախանձախնդրութիւնն ու աշխատասիրութիւնը։

Ճիվան Գասպարեան ժամանակներու պատգամաբեր մըն էր։ Թէեւ շատ հնամենի, աւանդական նուագարանի մը կը տիրապետէր, սակայն, իր պատգամը միայն անցեալի մասին չէր։ Կախարդանք մը ունէր կարծես իր շունչը։ Երբ կը փչէր ծիրանափողը, այնպիսի ձայն մը դուրս կու գար, այնպիսի մեղեդի մը կը հնչէր, որ մարդկային բոլոր զգացումներու վերաիմաստաւորման դուռ կը բանար։ Իր նուագածը գէթ քիչ մը աղօթք էր, իր երաժշտութիւնը լոկ կը հասնէր բանաստեղծութեան եզրին։ Բայց երբեք անոնցմէ զուտ որեւէ մէկը չէր։ Իր հնչեցուցած ձայնը իւրաքանչիւր ունկնդրողի համար գերագոյն հնարաւորութիւն մըն էր՝ վերամրապնդուելու համար իր մարդկային էութեան մէջ։ Ինքնուրոյն էր, որովհետեւ ուրիշներէ տարբերուելու ինքնանպատակ հակումէն հեռու էր։ Պարզ էր ու համեստ, ինչ որ կը պայմանաւորէր իր արուեստի ամբողջ խորութիւնը։

Ճիվան Գասպարեան լիարժէքօրէն կը մարմնաւորէր բարդ համադրութիւն մը, կերպարներու խտացում մըն էր։ Ան մէկ կողմէ իր մէջ պարփակած էր մշեցի հայ գեղջուկը, որմէ աւանդած երաժշտութիւնը իր գեղարուեստական գործունէութեան առանցքն էր, իսկ միւս կողմէ ան նաեւ համաշխարհային այն «բարձրաշխարհիկ» երաժիշտն էր, որու կատարումները տուեալ ժամանակաշրջանի մարդոց ներաշխարհին առջեւ հորիզոններ կը բանար՝ ամբողջ զգացականութիւն մը, նոր դիտարկման եւ ընկալման եզրեր խմորելու առումով։ Ան հեղինակութիւն դարձած էր, որովհետեւ իր հետ շփումը լոկ երաժշտութիւն լսել չէր, իր արուեստին հաղողդ դառնալը շատ աւելին էր։ Իր շունչը ծիրանափողէն լսելի կը դարձնէր այնպիսի երեւակայական աշխարհ մը, որ խորհրդանշական բանալիներ կը մատուցէր կեանքը խորաթափանց պատկերացնելու համար։

Հողը թեթեւ գայ Ճիվան Գասպարեան վարպետին վրայ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 7, 2021