ԲԱԺՆԵԼ ՊԱՇԱՐԸ…
Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» նախաձեռնութիւնը ունի ապագայի ուղղեալ յստակ տեսլական մը։ Պաքըրգիւղի մէջ կազմակերպուած վերջին աշխատաժողովի ընթացքին այդ տեսլականը գտաւ իր արտայայտութիւնը դիպուկ բանաձեւումով մը, թէ ապագային ի պատուի պիտի դառնան այնպիսի ասպարէզներ, որոնց անունները այսօր ծանօթ չեն։ Այս նախաձեռնութեան պատասխանատուներու խումբը «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն»ը կ՚ընկալէ՝ որպէս վարչական պաշար բաժնելու հարթութիւն։ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Փրոֆ. Թորոս Ալճան, որ վարեց աշխատաժողովը, զանազան փուլերու մէջ կատարած նշումներով յստակացուց նախաձեռնութեան որդեգրած նպատակները։ Բոլորի միտքը զբաղեցնող հարցումը այն էր, թէ ինչպէ՞ս պէտք է կառավարուին մեր վարժարանները եւ թրքահայ կրթական համակարգէն ներս ինչպիսի՞ ընդհանուր դրուածք մը պէտք է ապահովուի։ Որպէս այս հարցադրման պատասխան՝ Թորոս Ալճան մէջբերեց Ս. Խաչ դպրեվանքի նախկին տնօրէն Արմէն Սարուխանեանի կողմէ արտայայտուած մօտեցում մը՝ պաշտօնի ստանձնման փուլին. «Ես այնպէս կը զգամ, որ 16 դասարաններով դպրոցի մը մէջ մէկ դասարանէն միւսը կ՚անցնիմ»։
«Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» նախաձեռնութիւնը ընդհանրապէս հորիզոնական յարաբերութիւններ կը պատկերացնէ մեր վարժարաններուն միջեւ։ Թորոս Ալճանի բանաձեւումով, բոլոր դպրոցները ուղղահայեաց նուիրապետութեան մը հասկացութիւնով ղեկավարելու ձգտում մը գոյութիւն չունի։ Այստեղ հիմ-նական հարցն է վարչական պաշարի բաժնուիլը։ «Մեր դըպ-րոցները կարծէք, թէ միայն նիւթական խնդիրներ ունին, կարծես ուրիշ հարց չունինք։ Մինչդեռ մեր խնդիրները միայն ելմտական չեն։ Մենք պէտք է իրարու միջեւ բաժնենք դպրոցներու կառավարման մեր պաշարը։ Մենք պէտք է փրկուինք առկայ մարսուած անճարութեան զգացումէն։ Պէտք է ընդունինք, որ մեր ներկայ միջոցներով չենք կրնար աւելի լաւ կրթութիւն մը կազմակերպել։ Մեր համայնքը աղբիւրի խնդիր չունի, մեր խնդիրը աղբիւրները կառավարելն է. կառավարել աւելի արդիւնաւէտ ու նպատակասլաց։ Ուստի, շատ կարեւոր է, որ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը պատրաստակամութիւն յայտնած է մասնակցութիւն բերելու այս նախաձեռնութեան։ Մեր դպրոցներու պիւտճէները ներկայիս կը գոյանան՝ նուազագոյն կարիքները դիմագրաւելիք ձեւով։ Ուսուցիչը գիտականօրէն տակաւին կը մնայ կրթական գործի առանցքին՝ որպէս անհրաժեշտութիւն։ Այստեղ նպատակը նուազ միջոցներու բաժնուիլը չէ, այլեւ՝ միջոցներու աւելցուիլը», համոզուած է Ալճան։
Աշխատաժողովի ընթացքին մատնանշուեցաւ, որ մեր բոլոր վարժարաններու պարագային ընդհանուր պիւտճէի առիւծի բաժինը կը յատկացուի կրթական մշակներու ամսաթոշակներուն։ Սա արդէն ապացոյց մըն է, որ մեր դպրոցներու պիւտճէները չեն պատրաստուիր հեռահար նպատակներով, այլ տուեալ պահու ստիպողութիւնները հաշուի առնելով։ Աշխատաժողովի ընթացքին մասնաւորապէս օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ կրթութեան բը-նագաւառի արհեստավարժ ղեկավարներ հասցնելու խնդիրը։
Աշխատաժողովի յագեցեալ օրակարգին վրայ տեղ գտած էին «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» նախաձեռնութեան զանազան երեսակներուն վերաբերեալ բացատրութիւններ. օրինակ՝ ելմտական չափումը, կանոնադրութեան մը պատրաստութիւնը, արտասահմանեան հայկական կրթական կամ երիտասարդական կառոյցներու հետ համագործակցութիւնը, նոյնիսկ թրքահայ վարժարաններու շրջանաւարտները աւելի համախումբ, համայնքային կեանքին աւելի մասնակից պահելու խնդիրները։ Այս բոլորին շուրջ կը որոնուին պատասխաններ, որոնք հետամուտ են արդի փորձագիտական հնարաւորութիւնները առաւելագոյնս օգտագործելու։ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի հիմնադիր Արէտ Քարապուլութ, որ բացատրութիւններ տուաւ այս նախաձեռնութեան կանոնադրութեան մշակման ջանքերուն շուրջ, իր զեկուցման մէջ ըսաւ. «Այստեղ թէեւ պարտադրութիւններու պարագայ մը չկայ, սակայն պէտք է դրսեւորել հասարակաց կամք մը։ Խնդիրը միայն մեր վարժարաններու ապագան չէ, այլեւ կրթութեան միջոցով մեր հաւաքականութեան ապագայի պատրաստութիւնն է»։
«Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» նախաձեռնութեան անդամները աշխատաժողովի ընթացքին մանրամասն բացատրութիւններ տուին, թէ մինչեւ այսօր ինչեր ըրած են։ Այս աշխատանքի ամբողջին մէջ նախաձեռնութեան ներկայացուցիչները այցելած են մեր բոլոր վարժարանները, ինչպէս նաեւ կրթական բնագաւառին մասնագիտական կամ նիւթական աջակցութիւն բերող կառոյցները։ Լայնախարիսխ խորհրդակցութեան միջավայրի մը ստեղծուիլը այս նախաձեռնութեան տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ բոլորը պէտք է ինքզինքնին զգան այս նախաձեռնութեան մասնակիցը, գործընկերը։ Միայն այսպէսով կարելի է ապահովել սիներժին։ Սոյն նախաձեռնութեան ժամկէտն ալ յատկանշական է, որովհետեւ համայնքային կեանքի պարագային երկրի առկայ տնտեսական դժուարութիւններէն առաւելագոյն բաժինը կը հասնի մեր վարժարաններուն, որոնք շատ ժխտական ազդեցութեան կ՚ենթարկուին, կը դիմագրաւեն ծանր հետեւանքներ։
Նորութիւններու, նորարարութիւններու եւ ապագայատեսիլ ընթացքի վերաբերեալ խօսակցութիւններու մթնոլորտին մէջ, Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի զեկուցումը առանձնացաւ՝ անցեալը, ներկան ու ապագան շաղկապելու մտայնութիւնով։ Ան բացատրեց, որ դպրոցը կրթութեան ու դաստիարակութեան գործը միասին կը կատարէ եւ կրթական երեսակը հետզհետէ կը տկարանայ։ Հայ իրականութեան մէջ 19-րդ դարուն արդէն գոյութիւն ունէր վարժարաններու ցանց մը։ Կրթութեան գործը հաստատութեան ըմբռնումով կազմակերպուած էր, ներառեալ ասպարէզի կրթութիւնը։ «Այո, անցեալի մէջ թէեւ պէտք չէ թաղուինք, սակայն մեր անցեալը փայլուն օրինակներով լեցուն է ու մենք մեր այսօրուան ուժը կ՚առնենք այդ անցեալէն», ըսաւ Սիլվա Գույումճեան եւ աւելցուց, որ հայկական վարժարաններու հիմնադիրները միշտ նախատեսած էին նոր սերունդին ջամբել այնպիսի կրթութիւն մը, որ օտար վարժարաններու մէջ գտնել կարելի պիտի չըլլար։ Այսինքն, սա կ՚ենթադրէ միւս բոլոր առարկաներու կատարեալ ուսուցման առընթեր երիտասարդներուն ջամբել հայոց լեզուն ու մշակոյթը։ «Սակայն այսօր խեղճ վիճակի մը մէջ ենք։ Մեզի համար անընդհատ ահազանգ մը կը հնչէ, սակայն մենք ի՞նչ կ՚ընենք։ Շարունակ համալսարանի մտից քննութիւններուն մասին կը մտածենք։ Եթէ ամէն ինչ կատարեալ ըլլայ, սա արդէն բնականաբար կ՚իրականանայ։ Սակայն ի՞նչ կ՚ըլլան մեր լեզուն ու մշակոյթը։ Այս հարցին շուրջ պէտք է անհանգիստ ըլլանք, պէտք է լաւ ախտաճանաչում մը ընենք մտահոգութեամբ։ Մեր ուսուցիչները կ՚աշխատին զոհողութեամբ, յանցաւորներ կամ պատասխանատուներ պէտք չէ փնտռել։ Յանցաւորը ընդհանրապէս համակարգն է, որու վրայ կ՚աւելնան վերջին դարուն մեր ենթարկուածները։ Երիտասարդներու մէջ պէտք է համադրենք մարդկային ընդհանուր արժէնքներն ու մեր մշակոյթը։ Մեր դպրոցներուն մէջ հայոց պատմութեան դաս չկայ եւ այդ բացը կը հաւասարակշռուի զանազան ձեռնարկներու կազմակերպումով։ Այս հարթութեան վրայ ալ կ՚ըլլան անտարբերութիւններ։ Խորքին մէջ, այդ անտարբերութիւնը կը կատարուի մեր ասպարէզին, զաւակներուն եւ մշակոյթին դէմ։ Թէ ինչպէ՞ս կրնանք աւելցնել հետաքրքրութիւնը։ Կայացած հաստատութիւններու պարագան կ՚ենթադրէ ապագայի վերաբերեալ երաշխիք մը, հետեւողականութիւն։ Մենք թէեւ կայացած կրթական հաստատութիւններ ունինք, սակայն կը խօսինք մեր վարժարաններու ապագային բաց մնալու հարցին շուրջ։ Այսօր այլեւս ինքնապարփակուած, փոքր համայնքի մը վիճակին մատնուած ենք, սակայն միշտ ալ ընելիք բաներ մը կան։ Իսկապէս ծափահարելի է, որ մեր համայնքը կրցած է կանգուն պահել այսքան հաստատութիւն։ Ամուր մշակոյթն ու ամուր պիւտճէն պէտք է ընթանան զուգընթաց։ Յաջող հաստատութիւնները միշտ ամուր մշակոյթի մը տէր կ՚ըլլան։ Մենք պէտք է լաւ ըմբռնենք, որ ի՛նչ կը փնտռենք. մշակո՞յթ, թէ ոչ ելմտական միջոց», բացատրեց Սիլվա Գույումճեան։
«Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» նախաձեռնութեան աշխատաժողովը առիթ հանդիսացաւ քանի մը ժամուան ընթացքին, խտացեալ ու ծաւալուն աշխատանքով յիշողութիւն թարմացնելու մեր կրթական համակարգի դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Լայն հորիզոններով, լայն տեսադաշտով ձեռնարկուած գործ մըն է այս մէկը։ Նախաձեռնութեան կազմակերպիչները ցարդ իրենց կողմէ տարուած աշխատանքին շուրջ գրքոյկ մըն ալ ներկայացուցին մասնակիցներուն։ Գրքոյկին մէջ ամփոփ բանաձեւուած են թրքահայ վարժարաններու կարգավիճակը եւ նոր միութիւն մը ստեղծելու ուղղեալ նախաձեռնութեան կողմէ նախատեսուած վարչակազմակերպչական մեքենան։ Մատնանշուած են ծրագրեր եւ այլ զանազան հանգամանքներ։ Մեր իրականութեան մէջ այսպիսի ծրագրերուն մեկնարկը միշտ կը տրուի խանդավառ մթնոլորտի մէջ, միշտ կ՚ըլլայ յաջող։ Մեր խնդիրը միշտ եղած է այսպիսի ծրագրերու ի կատար ածուիլը։ Ճիշդ է, որ այս անգամ կան անցեալի փորձերէն տարբեր կարգ մը գործօններ, որոնք հիմք կը ստեղծեն յաջողութեան տեսակէտէ յարաբերաբար աւելի լաւատես ըլլալու համար։ Ուրեմն, բարի երթ «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» նախաձեռնութեան։
«ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՄԻԱՍԻՆ ՔԱԼԵԼ»
«Կրթական բարեփոխումներու նախաձեռնութիւն»ի վարիչ Պաթուհան Այտակիւլ իսկապէս շատ կարեւոր մասնակցութիւն մը բերաւ աշխատաժողովին։ Սա հասարակական կազմակերպութիւն մըն է, որ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ այս բնագաւառին մէջ։ Իր մասնակցութիւնը ապահովուած էր «Հրանդ Տինք» հիմնարկի համակարգողներէն Նայեաթ Քարաքէօսէի ջանքերով։ Կրթութիւնը, խորքին մէջ, անծայրածիր բնագաւառ մըն է, սակայն Պաթուհան Այտակիւլ յաջողեցաւ յստակ սահմանումներ մատուցել իր զեկուցման մէջ՝ առանց ժամանակի ու տարածութեան հարթութենէն փրթելու։ Իր մասնակցութեան նշանակութիւնը բիւրեղացաւ նաեւ ուրիշ հանգամանքի մը առումով։ Արդարեւ, թրքահայ վարժարանները կը գործեն Թուրքիոյ կրթական համակարգին մէջ, ուզեն-չուզեն, ուղղակի կամ անուղղակի կ՚ազդուին երկրի կրթադաստիարակչական ընդհանուր կացութենէն։ Երկրի առկայ կրթական մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար գործադրուած ջանքերը կրնան հնարաւորութիւններ ստեղծել նաեւ մեր վարժարաններուն առջեւ, որոնք ունին փոքրամասնական մասնաւոր վարժարանի կարգավիճակը։ Այտակիւլ կը տիրապետէր թէ՛ երկրի գործընթացներուն, թէ՛ Ազգային կրթութեան նախարարութեան ներկայ տրամադրութիւններուն եւ թէ այս ոլորտի վերաբերեալ միջազգային օրակարգին։
Պաթուհան Այտակիւլ աշխատաժողովի ընթացքին հիմնական շեշտը դրաւ՝ կրթութեան մէջ հարցաքննող միտքէ չհեռանալու անհրաժեշտութեան վրայ։ Ան հանգամանօրէն ներկայացուց, որ յարափոփոխ աշխարհին մէջ կրթութիւնը ինչպիսի՛ սլացք մը կ՚արձանագրէ։ Մասնագէտը զեկուցման անմիջապէս սկիզբին ընդգծեց ընկերային ցանցերու ազդեցութիւնը։ Այսպէս, ընկերային ցանցերը շատ լուրջ ազդեցութիւն մը կը գործեն մարդոց սորվելու, ընկալելու գործընթացին վրայ, սակայն պատճառ կը դառնան լուրջ ծանծաղութեան։ Մարդոց այնտեղ ոչ-խորքային ձեւով կը մատուցուի ամէն ինչ։ Որովհետեւ, ընկերային ցանցերու միջավայրին մէջ նիւթի մը ընթերցողներու թիւէն աւելի կարեւոր է՝ այդ մէկը բաժնողներու, փոխանցողներու թիւը։
Պաթուհան Այտակիւլ մատնանշեց, որ արդի աշխարհի մէջ կրթական գործը կը ձախողի, որովհետեւ դպրոցները յարափոփոխ աշխարհին քայլ յարմարցնելու կը դժուարանան։ Վերջին քանի մը դարու տեւողութեան դպրոցի դրուածքը, կառուցուածքը շատ քիչ փոփոխութիւն կրած է, մինչ տարբերութիւնը անհամեմատելի է, օրինակ, արդիւնաբերական արտադրութեան միջավայրի պարագային։ «Պատճառը հետեւեալն է. դպրոցը ստեղծուած է՝ մարդուժ, աւելի ճիշդը՝ գործուժ եւ քաղաքացի հասցնելու համար։ Երեւակայեցէ՛ք, միայն 70 տարիէ ի վեր կը խօսուի մանկանց իրաւունքներու մասին։ Իսկ այսօր, այս խնդիրներով այլեւս կը զբաղի նոյնիսկ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումը՝ WEF-ին», ըսաւ ատենախօսը։ 21-րդ դարու համար կը փնտռուին այլընտրանքներ, որոնց առանցքին է միշտ հարցաքննող միտքը։ Ներկայ դարուն ջանքեր կը գործադրուին՝ հասցնելու համար տեղական ու համաշխարհային առումով աշխոյժ քաղաքացիներ։ Այդ աշխոյժ քաղաքացիութեան հասկացումը կը խարսխուի իրաւունքի հիման վրայ. քաղաքացիներ, որոնք չեն խրտչիր զանազանութիւններէ, կը յարգեն տարբերութիւնները, կը պահպանեն իրենց կողքը ապրողին իրաւունքները ու շարժման կ՚անցնին անոնց դէմ ոտնձգութիւններու պարագային։
Այս բաժնէն վերջ Այտակիւլ լսարանի նկատառման յանձնեց նոր հասկացութիւն մը, որն է՝ ընդունակութիւններու ուսուցումը։ Սա արդէն կ՚ապահովէ կեանքի ողջ տեւողութեան անհատի վերանորոգուելու հնարաւորութիւնը։ Այս մէկուն կ՚ածանցուի նաեւ «կեանքի համար կրթութիւն» սահմանումը։ Այս բոլորի խաչմերուկին վրայ կը վերաիմաստաւորուի այն հարցադրումը, թէ ինչպիսի՞ անհատ մը, քաղաքացի մը պէտք է հասցնել հասարակութեան համար։ «Կեանքի համար կրթութիւն»ը, յամենայնդէպս, կը ներառնէ նաեւ դպրոցէ դուրս սորվելու երեւոյթը։ Այսինքն, մարդոց տեսակէտէ բաներ մը սորվելու հիմնական, կարեւորագոյն միջավայրերէն մին կը շարունակէ մնալ ընտանիքը։ «Մայրութեան բնազդը քանի որ կը շարունակուի մարդ արարածի պարագային՝ ապա մեծ մայրերն ալ կը մնան բաներ կը սորվելու ամենաթանկ միջոցներէն մին», բացատրեց մասնագէտը։ Նոյն շրջանակէն ներս, Այտակիւլ խօսեցաւ նաեւ մարդոց կեանքի ամբողջին մէջ սորվելու փորձառութիւններուն մասին։ Առաջին հերթին ան թուեց գիրքը, որ միշտ մտածելու կը մղէ մարդը։ Ան ունի մարդը վերաձեւելու, եղափոխելու ներուժ։ Այս բանին մէջ Այտակիւլ մէջբերումներ ըրաւ ամերիկացի մանկավարժ Էլիսըն Կոփնիկի տեսութիւններէն։ Այդօրինակ փորձառութիւններու շարքին շատ կարեւոր են նաեւ յարաբերութիւնները, շփումները։ Մարդկային շփումներն ալ, վերջին հաշուով, ունին մարդիկ վերափոխելու լուրջ ներուժ մը։ Մանուկներու, պատանիներու նկատմամբ խնամքն ու հոգածութիւնն ալ այս բաժնի գլուխներէն մին կը հանդիսանան։ Ծնողներ, չափահասներ շատ յաճախ անոնց տարրական ֆիզիքական կարիքները կը հոգան, սակայն անչափահասները ինքզինքնին կը զգան «տեսադաշտէ դուրս» կամ անտեսանելի, աննկատ մնացած։ Ուստի, անոնք պէտք է զգան, թէ ներկա՛յ են։ Որպէս սորվելու վերջին գործօն՝ ատենախօսը մատնանշեց նաեւ ընկերային ու զգացական ուժը։ Կրթութեան գործը պէտք է դիտարկել ո՛չ թէ իբրեւ կահագործութիւն, այլեւ՝ զայն պէտք է համարել իբրեւ պարտիզպանութիւն։ Այսինքն այստեղ խօսքը չի վերաբերիր առարկայական կառուցման, այլեւ՝ կ՚երթայ մշակման։ Այս բոլորի լոյսին տակ Պաթուհան Այտակէօր կանգ առաւ կեանքի իմաստին, իմաստալից կեանքի ու կեանքի մէջ իմաստի եզրոյթներուն վրայ։ Այս կէտին վրայ ան մէջբերեց նաեւ այլ յայտնի անունի մը՝ ամերիկացի արուեստագէտ Տէյվիտ Քլիֆորտի բանաձեւումը, թէ կեանքի իմաստն է՝ հետամուտ ըլլալ երջանկութենէ շատ աւելի բարդ բաներու։
Երկարաշունչ զեկուցման յաջորդ բաժնին մէջ Պաթուհան Այտակէօր դիտել տուաւ, որ դպրոցը մշտական է, մշտական կառոյց մըն է, սակայն կարելի է անոր բովանդակութիւնը փոփոխութեան ենթարկել։ «Վարժարանի մը դերակատարութիւնը կ՚անդրանցէ վարժարան մը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ կրթական գործի, վարժարանի առանցքին կը շարունակէ մնալ ուսուցիչը։ Այս կէտին վրայ ան ուշագրաւ խորհրդածութիւններ ըրաւ նաեւ կրթական մշակներու նկատմամբ որդեգրուած վերաբերմունքի կապակցութեամբ։ Այսպէս, ճիշդ չէ այն հաշուարկը, թէ ուսուցիչները միայն իրենց ասպարէզին վերաբերեալ կարիքներ ունին։ «Ուսուցիչներու միակ կարիքը մասնագիտական վերապատրաստութիւնը չէ։ Անոնք ալ ինքզինքնին առանձին կը զգան», ըսաւ զեկուցողը։ Այս կէտին վրայ Այտակիւլ խօսեցաւ նաեւ Ազգային կրթութեան նախարարութենէն ներս խմորման փուլի մէջ մտած նոր մօտեցումներու մասին։ Ներկայ նախարար Զիյա Սելչուկ այս ոլորտէն եկած, կրթական ասպարէզին մէջ թրծուած անձնաւորութիւն մըն է եւ խորաթափանց կը տիրապետէ առկայ խնդիրներուն։ Այժմ նախարարութենէն ներս ալ փոփոխութիւններու շրջան մը սկսած է։ Կրթական գործի կիզակէտին պիտի յայտնուին ուսուցիչներն ու վարժարանները։
Յաջորդ բաժնին մէջ Պաթուհան Այտակէօր խօսեցաւ վարժարաններու առաքելութեան եւ ծաւալած գործունէութեան շուրջ։ Իր խօսքով՝ իւրաքանչիւր վարժարան կ՚ունենայ ուրոյն դիմագիծ մը, առանձնայատկութիւն մը։ «Նոյնիսկ ցանցի մը բոլոր վարժարանները նոյնանման չեն կրնար ըլլալ։ Իւրաքանչիւր վարժարան պէտք է ունենայ սեփական զարգացման ծրագիրը։ Դպրոցները քիչ մըն ալ իրենք պէտք է լուծեն իրենց հարցերը։ Նախարարութեան այժմու նախաձեռնութիւններն ալ յոյս կը ներշնչեն այս մտայնութեան առջեւ ճանապարհ հարթելու ուղղութեամբ։ Կարեւոր է նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութիւնը», նշեց ան։
Միջանկեալ նշենք, որ վարժարաններու ուրոյն դիմագծին վերաբերեալ իր շեշտադրումները անուշադրութեան մատնուելիք տեսակէն չէին իսկապէս մեր իրականութեան առումով։ Սա դիպուկ արտայայտութիւն մըն էր, նաեւ լաւ պատգամ մը՝ հասցէագրուած բոլոր անոնց, որոնք մեր վարժարաններուն «փրկութիւն» կը ծրագրեն՝ զանոնք հեռացնելով իրենց հայկականութենէն։
Հարցում-պատասխանի բաժնին մէջ ալ Այտակէօր հանդէս եկաւ հետաքրքրական տեսակէտներով։ «Մենք լա՛ւ մարդու կարիքն ունինք, գերակաները թող ձերն ըլլան», ըսաւ ան եւ ներկաներու նկատառման յանձնեց «կեանքի համար պատրաստ տղոց» բանաձեւումը։
Միթէ ամէն մարդ կրնա՞յ ըլլալ ուսուցիչ... Այս հարցման պատասխանելով՝ Այտակէօր շօշափեց զանազան նիւթեր։ Նա՛խ, ան մատնանշեց, որ ուսուցիչներու պարագային գոյութիւն չունին կախարդական ծրագրեր, ուսուցանելու երաշխաւորուած ձեւեր կամ եզրեր։ Ան համոզուած է, թէ, ըստ էութեան, կրթական մշակներուն համար պէտք է բացուին պատուհաններ՝ որպէսզի անոնք հասնին այդ բոլորին։
Ներկայիս, ուսուցչութեան թեկնածուներու մեծամասնութեան բուն նպատակն է դառնալ պետական պաշտօնեայ։ Համապատասխան քննութիւններու մասնակիցներու ամենայաւակնոտները, յաջողագոյնները չեն ձգտիր դառնալ ուսուցիչ, չեն նախընտրեր այդ ասպարէզը։ Ինչ որ ալ ըլլայ, ամէն դպրոցի մէջ գոյութիւն ունին ուսուցիչներ, որոնք բարձր կեդրոնացումով ու բարձր արդիւնաւէտութեամբ կ՚աշխատին։ «Ուսուցիչները մաս կը կազմեն այն խմբաւորման, որ առաւելագոյն ճնշման տակ կ՚աշխատի։ Անոնցմէ կ՚ակնկալուի աշխարհի փրկութիւնը, սակայն անոնց նուազագոյն աջակցութիւն կը ցուցաբերուի։ Հարցը պէտք չէ տեսնել՝ որպէս ուսուցիչներու որակի բարձրացումը։ Սա կ՚ենթադրէ ուղղահայեաց նուիրապետութիւն մը։ Իմ համոզմամբ, հարցը ուսուցիչներու հետ միասին քալելն է», շարունակեց ան։
Զեկուցման աւարտին Պաթուհան Այտակէօր կարեւորեց նաեւ կրթական մշակներու միջեւ փորձառութեան փոխանակումները՝ առանց նուիրապետութեան, հորիզոնական կապերու ձեւաչափին մէջ։
ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐԸ. «ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԱՄԷՆ ԻՆՉ»
«Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» նախաձեռնութեան կողմէ կազմակերպուած աշխատաժողովի ընթացքին շահեկան զեկուցումով մը հանդէս եկաւ նաեւ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչայիններէն Լեւոն Եըլտըրըմեան, որու ելոյթը շատ շատ լաւ ցոլացուց՝ աւելի քան կէս դարէ ի վեր մեր կրթական համակարգին իր նպաստը բերած այս հաստատութեան պաշարը։ Լեւոն Եըլտըրըմեան շեշտեց, որ հիմնարկը գործունէութիւն կը ծաւալէ համայնքի կրթական կեանքի կարիքներու եւ պահանջներու հիման վրայ։ Ան մանաւանդ ընդգծեց՝ վերջին տարիներուն գործի լծուած կրթական յանձնախումբի դերակատարութիւնը։ Եըլտըրըմեանի խօսքով՝ այս յանձնախումբը կազմուած է՝ մեր կրթական հաստատութիւններուն կողմէ ուղարկուած ներկայացուցիչներէ, ինչ որ կ՚ապահովէ զգալ մեր կրթական համակարգի զարկերակը։ Այս յանձնախումբը անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ մեր կրթական մշակներուն կողմէ ներկայացուած պահանջներն ու փափաքները։ Քանի որ վարժարաններու կողմէ ուղարկուած ներկայացուցիչները կը գտնուին յանձնախումբի կազմին մէջ՝ անոր որդեգրած առաջնահերթութիւններով ծաւալուած գործունէութիւնն ալ ինքնաբերաբար կը համարուի արդարացած։
Լեւոն Եըլտըրըմեան Ուսուցչաց հիմնարկի կողմէ յառաջ տարուած աշխատանքները ամփոփեց երեք գլուխներու տակ։ Առաջին՝ հայերէնի իմացութեան, քերականութեան եւ հայ գրականութեան ուղղեալ ծրագիրները, որոնց վերջին տարիներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ հրատարակիչ Արտաշէս Մարկոսեան, իսկ այս տարի պատասխանատուութեան հերթը կը ստանձնէ՝ հայերէնի ուսուցիչ Արաս Սարըչոպան։ Երկրորդ՝ մշակութային բնոյթով զրոյցներ կամ ասուլիսներ, որոնք հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն փորձառութեան փոխանակման։ Եւ երրորդ՝ կրթական մշակներու ուղղեալ մասնագիտական աշխատանոցները։ Այս բոլորին վրայ այս տարի պիտի աւելնայ նոր ծրագիր մը, որ կը կոչուի «Կեանքի վերաբերեալ ամէն ինչ»։ Սա պիտի ըլլայ զրոյցներու շարք մը։
Զեկուցման աւարտին հարցումի մը պատասխանելով՝ Լեւոն Եըլտըրըմեան յայտնեց, որ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը բոլոր ծրագիրները յառաջ կը տանի՝ որպէս գանձատրման աղբիւր ունենալով մեր համայնքին կողմէ տրամադրուած միջոցները։
ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԴԷՄ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔ
Պաքըրգիւղի մէջ կազմակերպուած աշխատանոցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ մեր կրթական մշակներու ապահովագրութեան հարցը։ Համայնքային վարժարաններէ ներս պաշտօնավարող մեր ուսուցիչները ընդգրկուած են միայն պետական ապահովագրական համակարգին մէջ։ Մասնաւոր ապահովագրութիւններու պարագային դժուար է մտադրութիւն ունենալ, որովհետեւ վճարումները կը հասնին ահաւոր համեմատութիւններու։ «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» նախաձեռնութեան ամբողջին մէջ այս խնդիրն ալ եկած է օրակարգի վրայ։ Խօսքը կը վերաբերի լրացուցիչ ապահովագրութեան։ Այս կապակցութեամբ բացատրութիւններ տալու համար աշխատաժողովին մասնակցեցաւ Պարըշ Պերք Պոզեիւրիւք՝ որպէս Eureko ընկերութեան ներկայացուցիչը։ Արեգ Ֆերահեանն ալ տեղեկութիւններ փոխանցեց այս մասին։
Պետական ապահովագրութեան անբաւարար մնացած վիճակներուն մէջ կարելի է օգտուիլ այս լրացուցիչ ապահովագրութենէն։ Ճիշդ է, որ հնարաւորութիւնները մասնաւոր ապահովագրութեան մակարդակին չեն հասնիր, սակայն թէկուզ համեստ առաւելութիւն մը կրնայ ապահովել այս տարբերակը։ Խորքին մէջ, սա միջանկեալ եզր մըն է։ Մեր վարժարաններուն վերաբերեալ այս ծրագրին զուգահեռ՝ վերոյիշեալ ընկերութեան հետ բանակցութիւններ վարել սկսած են Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի եւ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնները։ Եթէ ամէն ինչ նախատեսուած հունին մէջ ընթանայ, ապա դարմանման անհրաժեշտութեան պարագային մեր կրթական մշակներու կարելիութիւնները քիչ մը պիտի բարելաւուին։
Սոյն ջանքերուն առումով առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ՝ քաղցկեղի պարագային զօրակցութեան երաշխիքը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ