Այլեւս յաղթահարել…

Իսթանպուլի կուսակալութենէն Գումգաբու հասած վերջին ծանօթ պաշտօնագիրը կը շարունակէ բնորոշել մեր համայնքին օրակարգը։ Այս գրութիւնը մէկ կողմէ կը յստակացնէ պետութեան վերաբերմունքը, իսկ միւս կողմէ կարգ մը նոր մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ մեր համայնքին տեսակէտէ։

Պատրիարքական Աթոռի եւ պետական իշխանութիւններու միջեւ մօտաւորապէս տարիէ մը ի վեր ստեղծուած է անհաղորդ կացութիւն։ Այս ժամանակահատուածին մեր բարձրաստիճան եկեղեցականները, իրենց համակիրներու շրջանակներով հանդերձ, փորձեցին պետութեան վերաբերեալ գործօններու միջոցաւ մղել ազդեցութեան պայքար, իրարու դէմ առաւելութեան հասնիլ եւ իրարու վրայ ճնշել։ Սա է ցաւալի ճշմարտութիւնը։ Եւ այս պայքարը մղուեցաւ զուտ անձնական նկրտումներով, առանց նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելու ընթացակարգային անհրաժեշտութիւններու մէջ չթերանալու ուղղութեամբ։ Այս բոլորը ծնած է ծանր հետեւանքներ։ Այսօր մեր Պատրիարքական Աթոռը դէմ յանդիման կը գտնուի անվերապահօրէն հրահանգ մը կատարելու ստիպողութեան։ Երկարաժամկէտ դասեր քաղելու բազում հանգամանքներ կան այս ոդիսականին մէջ։ Բայց եւ այնպէս, անյետաձգելի հրամայական մըն ալ կայ այսօր մեր համայնքի օրակարգին վրայ։ Պաշտօնագրին մէջ նախատեսուածը թէեւ անխուսափելի է, սակայն այդ մէկը ինչպէ՞ս պիտի ներմուծուի Պատրիարքական Աթոռի ընթացքին, ինչպէ՞ս պիտի մարսուի մեր համակարգին կողմէ։ Այլ խօսքով, ճար մը պէտք է գտնել կարճելու համար պետութեան ակնկալութիւններուն եւ մեր եկեղեցական կարգ ու կանոնաց միջեւ յառաջացած հակասութիւնները։ Անցեալ շուրջ մէկ տարուան ընթացքին, Պատրիարքարանի այժմու ղեկավարութեան կողմէ գիտակցաբար հրահրուեցան այդ հակասութիւնները։ Սա անբնական երեւոյթ մըն էր եւ այսօր արդէն Պատրիարքական Աթոռը այդ անհեռատես քաղաքականութեան հետեւանքով կատարուած իրողութեան դէմ յանդիման մնացած է։

Ուստի, մեր համայնքի գերագոյն շահերը կը պահանջեն այսօր այլեւս պաղարիւն ձեւով արժեւորել առկայ իրադրութիւնը։ Մեր բարձրաստիճան եկեղեցականները, այսինքն մեր Աթոռի երեք սրբազանները, պէտք է վերահաստատեն եղբայրական նուազագոյն երկխօսութիւն մը։ Սա ամէն բանէ առաջ անհրաժեշտ է յաչս մեր համայնքին, մեր Պատրիարքական Աթոռին եւ հոգեւորականաց դասուն վարկը վերականգնելու համար։ Պէտք չէ մոռնալ, որ հոգեւորականաց դասէն ներս պառակտումները շատ աւելի խոր են՝ բաղդատմամբ աշխարհականներուն։ Այս իրավիճակէն ելքը կ՚ենթադրէ անոնց միջեւ նուազագոյն աշխատանքային մթնոլորտի մը ստեղծուիլը։ Մեր երեք սրբազանները քով քովի գալով պէտք է յստակ պարզեն, թէ յառաջիկային ի՛նչ դեր, ի՛նչ պատասխանատուութիւն եւ ի՛նչ  զոհողութիւն պիտի վիճակի իրենցմէ իւրաքանչիւրին։ Սա անյետաձգելի ստիպողութիւն մըն է անոնց տեսակէտէ։ 

Բաց աստի, անոնք պէտք է լուծում մը գտնեն Պատրիարքական Աթոռի կարգ ու կանոնին մէջ, նախընթացներուն մէջ ներմուծելու համար ներկայ պաշտօնագրին տրամադրութիւնները։ Վերջին տասն տարուան ընթացքին Պատրիարքական Աթոռի վերաբերեալ բոլոր ճակատագրական որոշումները ընդունուեցան Եկեղեցականաց համագումար ժողովին կողմէ։ Չենք ուզեր ըսել, որ այդ բոլոր որոշումները հարիւր տոկոսով ճիշդ էին, սակայն նուազագոյն օրինականութիւն մը կ՚ապահովէին միջանկեալ շրջանին որդեգրուած ճանապարհին։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը ընտրուած է Եկեղեցականաց համագումարին կողմէ։ Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեան հանգստեան կոչուած էր Եկեղեցականաց համագումարին կողմէ։ Տեղապահը ընտրուած էր Եկեղեցականաց համագումարին կողմէ։ Ուրեմն, ներկայ փուլին ալ Եկեղեցական համագումարը պէտք է անհրաժեշտ որոշումը առնէ՝ որպէսզի պետութեան ու Պատրիարքական Աթոռին միջեւ առկայ հակասութիւնները, հրահրուած հակադրութիւնները հարթուին, յաղթահարուին։ Այսպէսով է, որ կարելի պիտի ըլլայ երաշխաւորել ապագայ պատրիարքի ընտրութեան ըստ մեր օրէնքներուն, կարգ ու կանոնաց, աւանդական ձեւով կատարուելուն։

Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան տակ գործող հոգեւոր հայրերը չեն կրնար պատասխանատուութենէ խուսափիլ ներկայ փուլին։ Մեր հոգեւորականաց դասուն կը վիճակի մեծ գործ մը։ Այդ գործին պէտք է լծուին պաղարիւնութեամբ, սառնասրտութեամբ եւ առանց զգացական գործօններէ տարուելու։

Աթոռի երեք սրբազաններուն յարաբերութիւնները եւ որդեգրելիք ընթացքը չափազանաց մեծ նշանակութիւն ունին այս գործընթացին մէջ։ Կրօնական ժողովը պէտք է ժամ առաջ գումարուի եւ նախաձեռնէ՝ Եկեղեցական համագումարի կազմակերպման։ Իր հերթին, Եկեղեցական համագումարն ալ պէտք է արժեւորէ Պատրիարքարան հասած վերջին պաշտօնագիրը ու կատարէ պատշաճ տնօրինութիւն մը։ Մեր համայնքը ներկայիս անայլընտրանք վիճակի մէջ է։ Առկայ կացութիւնը, դժբախտաբար, հետեւանքն է Պատրիարքարանի այժմու ղեկավարութեան առած քայլերուն։ Բայց եւ այնպէս, հիմա մօտաւոր անցեալի հաշուեյարդարը կամ հաշուեկշիռը ընելու ժամանակը չէ։ Սեփական արժանապատուութեան խնդիրները լուծելու եւ իր ընդհանուր երթը հնարաւորինս օրինականութեան ծիրի մէջ պահելու համար Պատրիարքարանը անյապաղ պէտք է բանեցնէ ժողովականութեան միջոցները։ Միայն այս ձեւով կարելի է փրկուիլ անել վիճակէն։ Գումգաբուի ներկայ խուճապահար լռութիւնը միայն ու միայն կը մտահոգէ մեր ժողովուրդը։

Պատրիարքական Աթոռը վերջին ճակատագրային ճիգ մը պէտք է ընէ՝ թօթափելու համար ներկայ ծանր փուլի բեռը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2018