Համայնքը ի՞նչ կ՚ընէ նոր սերունդին համար կամ թողենք երազեն մեր երիտասարդները

Ե­րի­տա­սար­դու­թեան վե­րա­բե­րեալ մեր հա­մայն­քին մօ­տե­ցու­մը մեծ հար­ցա­կան­նե­րով կ­­՚ուղ­ղոր­դուի։ Նոր սե­րուն­դի հար­ցե­րը թէեւ սկզբուն­քօ­րէն կը հա­մա­րուին ա­ռաջ­նա­հերթ, սա­կայն գործ­նա­կա­նին մէջ կա՞յ այդ սկզբուն­քին հա­մա­հունչ վե­րա­բեր­մունք մը։ Թրքա­հա­յու­թեան մօտ հա­սա­րա­կաց քա­նի մը ա­ռանցք կա­րե­լի՞ է թուար­կել՝ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն նկատ­մամբ զգայ­նու­թիւն­նե­րու բիւ­րե­ղաց­ման տե­սան­կիւ­նէն։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, մեր հա­մայն­քը ներ­կայ դրու­թեամբ կը բա­ւա­րա­րուի միայն վար­ժա­րան­ներ բաց պա­հե­լով ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մար։ Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր այս­պէս է։ Հայ դպրո­ցը, ինչ խօսք, ու­նի չա­փա­զանց հա­րուստ, շատ ճոխ ա­ւան­դու­թիւն­ներ։ Վար­ժա­րան­նե­րու ցանց մը կան­գուն պա­հե­լը՝ նա­խախ­նա­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի՝ մա­նա­ւանդ, որ թրքա­հա­յու­թիւ­նը գեր­մարդ­կա­յին զո­հո­ղու­թիւն­ներ յանձն կ­­՚առ­նէ դպրոց­նե­րը կա­յուն պա­հե­լու, ա­նոնց ա­ռա­քե­լու­թեան տե­ւա­կա­նու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար։ Ճիշդ է, որ հա­մայն­քը այս ճա­կա­տին վրայ մեծ մար­տահ­րա­ւէր մը կը դի­մագ­րա­ւէ, սա­կայն այս­տեղ կա­տա­րուած վիթ­խա­րի զո­հո­ղու­թիւն­նե­րը չեն կրնար, ան­շուշտ, ար­դա­րաց­նել այլ ուղ­ղու­թիւն­նե­րով ան­բա­ւա­րա­րու­թիւն­նե­րը։ Մեր ի­րա­կա­նու­թեան մօտ կը շա­րու­նա­կէ մեծ հար­ցա­կան մը մնալ, թէ ի՞նչ տես­լա­կա­նով կ­­՚ա­ռաջ­նոր­դուի թրքա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը։

Վեր­ջին օ­րե­րուն ա­ռիթն ու­նե­ցանք այ­ցե­լել Է­սաեան վար­ժա­րան։ Մայ­րե­նիի հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րուան շար­ժա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պուած ա­սու­լի­սի մը մաս­նակ­ցե­ցանք այն­տեղ։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն այ­ցե­լած էինք նաեւ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րան եւ Սուրբ Խաչ դպրե­վանք։ Իւ­րա­քան­չիւրն ալ, հա­ւա­տա­ցէք, ե­զա­կի փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ էին՝ մա­նա­ւանդ, որ մեր մօտ աս­տի­ճա­նա­բար մտա­հո­գիչ թա­փով կը տկա­րա­նան մա­մուլ-դպրոց կա­պե­րը։ Ընդ­հան­րա­պէս, հա­մայն­քէն ներս սո­վո­րու­թիւն են՝ մեր վար­ժա­րան­նե­րէն ա­շա­կեր­տա­կան խում­բե­րու կող­մէ մա­մու­լի խմբագ­րա­տուն­ե­րը տրուած այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը։ Ու­րեմն, այս ան­գամ փո­խուած էին դե­րե­րը, մենք փու­թա­ցինք ի­րենց այ­ցե­լու­թեան։ Լի­սէա­կան ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, այդ ալ ի­րենց իսկ դաշ­տին վրայ դի­տար­կե­լը՝ լաւ փոր­ձա­ռու­թե­նէ մը ան­դին, հարս­տա­ցու­ցիչ է միան­շա­նակ։ Զգալ նոր սե­րուն­դին բազ­կե­րա­կը, հե­տե­ւիլ ե­րի­տա­սար­դի հա­յեաց­քին. մե­րօ­րեայ հայ լրագ­րո­ղին հա­մար հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն է կեն­սա­կան։ Այդ հնա­րա­ւո­րու­թեան ի­մաս­տը ա­ռա­ւել կը բիւ­րե­ղա­նայ՝ մա­մուլ-դպրոց կա­պե­րու զար­գաց­ման, վե­րա­կեն­դա­նաց­ման ո­րո­նում­նե­րու պրիս­մա­կէն։ Մեր դպրոց­նե­րու նստա­րան­նե­րէն տա­րի­նե­րու հո­լո­վոյ­թին մէջ շա­րան-շա­րան կ­­՚անց­նին մար­դիկ, ո­րոնք այս հա­մայն­քին ներ­կան կը կ­­՚ամր­ջեն ա­պա­գա­յին՝ որ­պէս կրո­ղը մշա­կոյ­թի մը, որ­պէս յա­ջոր­դը ժա­ռան­գի մը, գո­նէ տե­սա­կա­նօ­րէն։

Այ­սօր, երբ մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս ան­նկա­րագ­րե­լի տաղ­տուկ մը կը տի­րէ, պարզ է, որ ե­րի­տա­սար­դու­թեան վե­րա­բե­րեալ ո­լորտ­նե­րը զերծ չեն մնար այդ տակ­նուվ­րա­յու­թե­նէն։ Ա­ռար­կա­յա­կան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, որ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քին ընդ­հա­նուր դրուած­քը բա­ւա­կան հե­ռու է ե­րի­տա­սար­դու­թեան նա­րու­ժին հի­ման վրայ շար­ժու­մի մը ծնունդ տա­լէ։ Ա­ւե­լորդ է յի­շեց­նել, որ այդ­պի­սի շար­ժում մը կրնայ փո­խել այս հա­մայն­քին ճա­կա­տա­գի­րը եւ ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թիւն ա­պա­հո­վել ա­նոր ըն­թաց­քին մէջ դէ­պի ա­պա­գայ՝ ան­շուշտ, ե­թէ պի­տի ըլ­լայ ա­պա­գայ մը ըն­դու­նուած ի­մաս­տով։

Թրքա­հա­յու­թեան տե­սա­կէ­տէ ան­յե­տաձ­գե­լի դար­ձած է՝ նոր սե­րուն­դը հա­մայն­քա­յին կեան­քին ներգ­րա­ւե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։ Հա­մայն­քին մէջ կայ խաւ մը, որ մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կը դա­տէ միայն ու միայն հա­յա­խօ­սու­թեան չա­փա­նի­շով։ Հա­յա­խօ­սու­թեան հար­ցը կա­րե­ւոր է ան­վի­ճե­լիօ­րէն, սա­կայն պէտք չէ ու­րա­նալ, որ այս ա­ռանց­քին շուրջ նա­հան­ջը ա­հա­ւոր է։ Տկա­րա­ցու­մը յա­ճախ կը ստեղ­ծէ խու­ճապ, որն ալ իր հեր­թին, պատ­ճառ կը դառ­նայ ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րու կամ մա­կե­րե­սայ­նու­թիւն­նե­րու։ Եր­կուքն ալ, բնա­կա­նա­բար, ու­նին ան­պա­տե­հու­թիւն­ներ եւ հե­տե­ւանք­ներ, ո­րոնք հա­մա­տա­րած ու սիս­թե­մա­թիկ զօ­րա­շար­ժով մը կրնան հա­ւա­սա­րակշ­ռուիլ։ Հա­մայն­քը ու­նի ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք կը յա­ճա­խեն հայ­կա­կան դպրոց, ու­նի ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք չեն յա­ճա­խեր ազ­գա­յին վար­ժա­րան մը։ Կան նաեւ հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րը կամ ա­նոնք, ո­րոնք ուս­ման շրջա­նը դադ­րե­ցու­ցած են վա­ղա­ժամ։ Իւ­րա­քան­չիւ­րին պա­րա­գա­յին պէտք է որ­դեգ­րել մաս­նա­ւոր հա­յե­ցա­կարգ մը։ Հար­ցը մէկ կող­մէ ու­նի մաս­նա­գի­տա­կան բնոյթ, իսկ միւս կող­մէ՝ գի­տակ­ցա­կան։

Հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն թի­ւը որ­քան որ կը նօս­րա­նայ, ա­նոր կեան­քին մաս­նա­կից­նե­րը որ­քան որ կը դառ­նան սա­կաւ, այդ­քան եւ ա­ւե­լի կ­­՚ա­ւել­նայ լճա­ցու­մը։ Փա­կու­ղի է... Այն­պէս կը թուի, թէ միակ ելքն է ե­րի­տա­սար­դու­թեան մի­ջո­ցաւ սի­ներ­ժիի մը հաս­նի­լը։

Ան­կեղ­ծօ­րէն պէտք է ըն­դու­նիլ, որ մեր ի­րա­կա­նու­թեան մօտ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մար կա­տա­րուած ներդ­րում­նե­րը չնչին մա­կար­դա­կի վրայ են։ Խորհր­դան­շա­կան կրթա­թո­շակ­նե­րով կամ հու­նէ դուրս ե­կած մեր սա­նուց միու­թիւն­նե­րու սահ­մա­նա­փակ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով լու­ծուե­լիք հարց մը չկայ այս­տեղ։ Հե­տե­ւո­ղա­կան ու համ­բե­րա­տար ջան­քեր յա­ռաջ պէտք է տա­րուին՝ մի­ջոց­նե­րու կամ յատ­կա­ցում­նե­րու վե­րա­դա­սա­ւո­րու­մով։ Իբ­րեւ մտայ­նու­թիւն՝ նոր սե­րուն­դը պէտք է զգայ, որ մար­դիկ չեն ձգտիր կա­ղա­պար­նե­րու մէջ տե­ղա­ւո­րել զին­քը։ Ե­րի­տա­սար­դը պէտք է զգայ, որ յար­գանք կը վա­յե­լէ որ­պէս ան­հատ, հա­մայն­քը իր մեծ ըն­տա­նիքն է եւ հա­մո­զուած պէտք է ըլ­լայ, որ յոյ­սեր դրուած են իր նե­րու­ժին, ե­ռան­դին ու աշ­խու­ժու­թեան վրայ։ Այ­լա­պէս ան­կա­րե­լի է ե­րի­տա­սար­դա­կան ա­ռողջ շար­ժում մը ակն­կա­լել այս հա­մայն­քէն ներս։

Նոր սե­րուն­դը ե­թէ զգայ, որ իս­կա­պէս յոյ­սեր դրուած են իր վրայ, ա­պա այն ա­տեն յանձ­նա­ռու­թիւն­ներ կրնայ ու­նե­նալ՝ պա­տաս­խա­նա­տուու­թե­նէ չխու­սա­փե­լով։ Այս հա­մայն­քը պար­տա­ւոր է այ­լընտ­րանք­ներ ըն­ձե­ռե­լու իր նոր սե­րուն­դին։ Կրթա­կա­նին ա­ռըն­թեր, ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պէտք է ու­նե­նան հա­մայն­քին ա­պա­հո­ված մի­ջոց­նե­րով հնա­րա­ւո­րինս յա­գեց­նել ի­րենց կա­րիք­նե­րը՝ ըն­կե­րա­յի­նէն սկսեալ, մին­չեւ մշա­կու­թա­յի­նը, մարդ­կայ­ի­նէն սկսեալ մին­չեւ կեն­ցա­ղա­յի­նը։ Ե­րի­տա­սար­դը պէտք է իր շուրջ նկա­տէ զօ­րակ­ցու­թիւն։ Ա­ռանց այս բո­լո­րը պատ­րաս­տե­լու դժուար թէ կա­րե­լի ըլ­լայ լա­ւա­տես հա­շուարկ­ներ ը­նել ա­պա­գա­յի հա­մար։ Մնաց որ, ար­դի աշ­խար­հը շատ հե­ռու է զո­հո­ղու­թեան ակն­կա­լու­թիւն­նե­րով հան­դերձ ձգո­ղա­կա­նու­թիւն ու­նե­նա­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թե­նէն։ Մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը այ­սօր լիար­ժէք կը տի­րա­պե­տեն փոր­ձա­գի­տա­կան մի­ջոց­նե­րուն, կա­տա­րեալ կը դի­տար­կեն կեան­քը եւ յա­ճախ կ­­՚ուղ­ղեն այն­պի­սի հար­ցում­ներ, ո­րոնք կու տան ճիշդ բա­նա­լի­ներ գտած ըլ­լա­լու ազ­դան­շան­նե­րը։

Թրքա­հա­յու­թիւ­նը պէտք է պատ­րաս­տէ են­թա­գե­տին մը, որ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը զի­րար պի­տի գտնեն ու պի­տի գիր­կընդ­խառ­նուին ի­րա­րու հետ։ Այդ նոյն գետ­նին վրայ ա­նոնք հա­ղորդ պի­տի դառ­նան մեր ժա­ռան­գու­թեան, պի­տի ըմբռ­նեն մեր հա­մայն­քի գո­յա­տեւ­ման ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը, պի­տի մտա­ծեն զայն վե­րա­բա­նա­ձե­ւե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Տա­կաւ­ին ա­նոնք պի­տի պատ­կե­րաց­նեն թրքա­հայ ան­հա­տին դիր­քը՝ որ­պէս քա­ղա­քա­ցի, ի­րա­ւունք­նե­րու, պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րու, պա­հանջ­նե­րու, քա­ղա­քա­կան յա­րա­փո­փոխ ի­րադ­րու­թիւն­նե­րու յա­րա­բե­րակ­ցու­թեան մէջ։ Եւս ա­ռա­ւել ա­նոնք պի­տի շփուին Հա­յաս­տա­նի հետ, տար­րա­կան պատ­կե­րա­ցում մը պի­տի ու­նե­նան սփիւռ­քի մա­սին։ Ժա­մա­նակ­նե­րու ո­գիին, մարդ­կու­թեան ար­ժե­հա­մա­կար­գի ընդ­հա­նուր ե­ղա­փո­խու­թեան հա­մա­հունչ, կարճ խօս­քով, պի­տի կա­րե­նան դիր­քա­ւո­րուիլ կեան­քի մէջ։ Սար­սա­փե­լի՞։ Ան­կա­րե­լի՞։ Ոչ մէ­կը, ոչ ալ միւ­սը ան­շուշտ։

Այս հա­մայն­քը պէտք չէ բա­ւա­րա­րուի ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հա­մար միայն կրթու­թեան եւ զուար­ճան­քի կա­րե­լիու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լով։ Մի­ջա­վայ­րեր պէտք է ստեղ­ծել, որ­պէս­զի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­նան միաս­նա­բար աշ­խա­տե­լու, ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու եւ ար­տադ­րե­լու։ Պէտք է խրա­խու­սել, որ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ու­նե­նան ե­րազ­ներ, զորս կը սնու­ցա­նեն ի­րար­մով։ Տես­նենք այդ ժա­մա­նակ ի՛նչ կ­­՚ըլ­լան ան­կա­րե­լի­նե­րը, ո՛ւր կը մնան սար­սա­փե­լի­նե­րը։ Ար­ժա­նի չե՞ն մի­թէ մեր տղա­քը ե­րա­զե­լու։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016