Մարտի 8

Այսօր համայն աշխարհի մէջ կը նշուի Մարտի 8-ը։ Համաշխարհային կանանց օրն է։ Աւանդաբար այս օրը հաստատուած է հասարակութեան կեանքէն ներս վաստակ ներդնող, ֆիզիքական ուժով աշխատող կանանց համար, սակայն շուտով շատ աւելի համապարփակ նշանակութիւն մը ստացած է։ Համաշխարհային կանանց օրուան հաստատումէն ի վեր տաս-նամեակներու տեւողութեան աշխարհի կեանքը, ընթացքը փոխուած է էապէս։ Մարդկութիւնը արձանագրած է ձեռքբերումներ, դիմագրաւած՝ մարտահրաւէրներ։ Պայմանները ինչ որ ալ ըլլան, որքան որ ալ վիթխարի փոփոխութիւններ տեղի ունեցած ըլլան, ապա հասարակութիւններու արձանագրած զարգացման ու վերելքին տեսակէտէ չափանիշ մըն ալ կը շարունակեն կանանց պայմանները։ Աշխարհի վրայ տակաւին այժմէական է կանանց իրաւունքներու խնդիրը։ Հասարակութիւններէն ներս կանանց դերակատարութեան արժէքը միշտ կը մնայ բարձր։ Հաւաքական ձեռքբերումներու արժեւորման տեսակէտէ առանցքային նշանակութիւն ունի իգական սեռին ընդհանուր վիճակը։

Մարտի 8-ի Համաշխարհային կանանց օրը ունի կարեւոր խորհուրդ մը։ Առերեւոյթ, բոլոր հարթութիւններուն վրայ կ՚արծարծուին կանանց խնդիրները, իրաւունքներն ու հարցերը։ Մետայլի միւս երեսակին, սակայն, խօսքը ուղղակիօրէն կը վերաբերի նաեւ տղամարդկանց։ Մարտի 8-ի խորհուրդին մէջ կան նաեւ անոնց վերապահուած բանալիներ՝ որպէսզի կարենան աւելի լաւ պատկերացնել, թէ ինչպիսի հասարակութեան մը մէջ կ՚ապրին եւ այդ պատկերացումը որքանով կը համընկնի իրենց իտէալներուն հետ։

Շնորհաւոր Մարտի 8-ը երկրագունդի բոլոր կանանց։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մարտ 8, 2018