Տեղեկագիր եւ վկայութիւն…
Կեանքի հոլովոյթը դուռ կը բանայ ինչ-ինչ պատկերներու։ Յարաբերութիւնները այս ամբողջին մէջ առանցքային են։ Երբեմն մարդկային բարեկամական կապերը կը վերածուին գործնական յարաբերութիւններու, երբեմն ալ աշխատանքային պայմաններէ կը ծնին բարեկամութիւններ։ Առաջին հայեացքով, անշուշտ, մարդկային անկեղծութիւնն է բարեկամութեան առանցքը, բայց եւ այնպէս, մաքուր արհեստավարժութիւնն ալ կրնայ այնպիսի գործօն մը ըլլալ, որ կը կերտէ բարեկամութիւններ։ Այսօր ո՞վ չունի իր անմիջականներու շարքէն գործընկեր կամ ո՞վ չունի՝ գործընկերական յարաբերութենէ ծնած անմիջականութեամբ մարդ։ Լրագրողներու պարագային այս դիպուածը առաւել եւս ի զօրու է՝ քանի ասպարէզը կ՚ենթադրէ անսահմանափակ շփման հնարաւորութիւն։
Թէ ինչո՞ւ այս բոլորը…
Երբ կարդացի Լիզպոնէն՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, ակամայ մտածեցի կարծես պահ մը։ Ռազմիկ Փանոսեան արդէն տասը տարին բոլորած է՝ այդ բաժանմունքին գլուխը։ Սա կը նշանակէ, որ մեր ալ բարեկամութեան տասնամեակն է արդէն։ Իրեն հետ ծանօթացած էինք տնօրէն նշանակուելէ անմիջապէս վերջ։ Յոբելեա՞ն…
Այսօր կը յիշեմ, որ իր հետ զրուցած առաջին լրագրողներէն մին եղած եմ, անշուշտ, հեռաձայնով՝ Պոլիսէն Լիզպոն։ Կը յիշեմ իր առաջին Պոլիս այցելութիւնը, երբ գիշերով զինքը դիմաւորած էի՝ Կալաթասարայի իր իջեւանած պանդոկի մուտքասրահին մէջ։ Այցելած էր մեր խմբագրատունը։ Կարճ ժամանակ անց դարձեալ եկած էր՝ այս անգամ մասնակցելու համար ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դարադարձի ծաւալուն ծրագրի եզրափակիչ փուլի ձեռնարկներէն մէկուն։ Տակաւին կը յիշեմ Պոլսոյ մէջ մեր անմոռանալի ընթրիքներէն մին, որուն ներկայ էր նաեւ շատ սիրելի անուն մը՝ փրոֆ. Արուս Եումուլ։ Մեր շփման աշխարհագրութիւնն ալ ընդլայնած էր ժամանակի ընթացքին՝ Երեւանէն մինչեւ Փարիզ։
Ու դարձեալ, թէ ինչո՞ւ ուրեմն այս բոլորը…
Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի հետ մեր յարաբերութիւնը խմորուեցաւ աշխատանքային մթնոլորտի մէջ։ Իր անձին մէջ պարփակուած էր այն մաքուր արհեստավարժը, որ գործին նկատմամբ լրջութիւնն ու յարգանքը դարձուցած էր առաքինութիւն մը, որ խթանեց մեր բարեկամութիւնը։
Մարդ, բնականաբար, զեկոյցի մը պարագային չի կրնար նոյն վերաբերմունքը ունենալ՝ եթէ անոր հեղինակին ծանօթ ըլլայ կամ ընդհակառակն։ Սա, անշուշտ, որպէս անհատ, ինչ որ լրիւ անկախ է լրագրական դիրքաւորումէ կամ արժեւորումէ։
Ռազմիկ Փանոսեանի պաշտօնավարութեան տասնամեակի հաշուետուութիւնը հետաքրքրական է։ Այնտեղ կան ուշագրաւ դիտարկումներ, մտայղացումներ եւ կանխատեսումներ՝ համամիտ ըլլաք կամ ոչ։
Այդ զեկոյցին ընթերցումը հերթական առիթը կը ստեղծէ՝ հայ իրականութեան ընդելուզուած բազում մարտահրաւէրներուն մասին խորհրդածելու։
Հեղինակին մասին անձնական վկայութիւններ ունենալը երբեմն ընթերցողին կրնայ առթել այն զգացումը, թէ աւելի խորաթափանց կ՚ընկալէ տողատակերը։
Հուսկ, սիրելի Ռազմիկ Փանոսեանին մաղթենք՝ բեղմնաւոր գործունէութեան տակաւին երկա՜ր տարիներ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ