Անթիլիասի Համահայկական մամլոյ համաժողովի լոյսին տակ (ա.)
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ Անթիլիասի մէջ կազմակերպուած Հայ մամլոյ համահայկական համաժողովը առիթ հանդիսացաւ հայաշխարհի բազմաբնոյթ արդի եւ հրատապ խնդիրներու քննարկման։ Շուրջ քսան տարիէ ի վեր կը կազմակերպուին նման համաժողովներ։ Ցայսօր անոնք առ հասարակ կազմակերպուած են Հայաստանի մէջ, անգամ մըն ալ Արցախ, միակ բացառութիւնը եղած է Պրաթիսլաւան՝ երկրորդ հազարամեակի անմիջապէս սկիզբին։ Ուրեմն, Անթիլիասը եկաւ միանալ անոր։ Արդարեւ, հայկական սփիւռքին տեսակէտէ առանցքային երկրի մը, քաղաքի մը մէջ համախմբուած էինք։ Ցայսօր այս ձեւաչափով համաժողովները կը հովանաւորուէին, ըստ էութեան, հասարակական կամ պետական կառոյցի մը կողմէ։ Ուրեմն, այս անգամ աննախընթաց ձաւով սոյն համաժողովը իրականացաւ եկեղեցական կառոյցի մը նեխաձեռնութեամբ։ Այս բոլորը, բնականաբար, ունին խորհրդանշական իմաստ։ Յամենայնդէպս, այդ բոլոր խորհրդանշաններուն համադրութիւնը պայմանաւորեց համաժողովին մթնոլորտը։ Իսթանպուլէն Պէյրութ ուղեւորուելու ժամանակ հեռու էինք ընթացիկ մասնակցութեան մը կանխատասումէն կամ տրամադրութենէն։ Այո՛, արտասովոր բաներ մը կային կարծես այս անգամ։ Եւ այդ բոլորը արդարացան համաժողովի օրերուն, որովհետեւ վանքի մը համալիրէն ներս համախմբուած ըլլալու պարագան տարբեր հարթութեան մը վրայ դրած էր քննարկումները, տարբեր իմաստ մը վերագրած՝ անոնց։ Եթէ ցայսօր Հայաստանի մթնոլորտին մէջ քննարկած էինք համահայկական հարցերը, ապա այս անգամ տեղափոխուած էինք սփիւռք։ Բնականաբար, օրակարգի առաջնահերթութիւններուն տեսակէտէ մեծ փոփոխութիւն մը չկար։ Բացի վերացականի հասած կէտերէն, համահայկական օրակարգը արդէն վերջին շուրջ երեք տասնամեակին կը բիւրեղանայ անփոփոխ մարտահրաւէրներու համայնապատկերին վրայ. Հայաստանի ամրապնդում, Արցախի հիմնախնդիր, սփիւռքի մէջ ինքնութեան պահպանութիւն, եւ այլն։ Այսինքն, այն խնդիրները, որոնք գործնականօրէն կրնան ազդել հայ ժողովուրդի ճակատագրին վրայ։ Ժողովականները այս բոլորը դիտարկեցին հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու պրիսմակէն։ Իրականութեան մէջ, համահայկական հարթութեան վրայ, ուրիշ բնագաւառներու բաղդատմամբ՝ լրատուական աշխարհէ ներս, գործնական առումով շատ աւելի խոր տարբերութիւններ կան Հայաստանի եւ սփիւռքի լրատուամիջոցներու պարագային։ Անոնց գործունէութեան պայմանները, մտայնութիւնն ու նպատակները յաճախ ունին էական տարբերութիւններ։ Թէեւ չենք կրնար ըսել, որ այդ տարբերութիւնները կը հասնին հակասութեան կամ հակադրութեան սահմանին, սակայն անոնք կը բխին իրենց տեսած գործի բնոյթէն։ Զուտ մասնագիտական առումով, այլ բնագաւառներու մէջ գործող մարդոց տեսակէտէ տարբերութիւնը կրնայ ըլլալ յարաբերաբար աւելի նուազ՝ մանաւանդ եթէ տուեալ մասնագիտութեան հիմքը առարկայական գիտութիւն մըն է կամ նիւթ մը։ Բայց եւ այնպէս, այդ ոլորտներու մարդիկ շատ աւելի նուազ տեղեակ են իրարու կացութեան՝ քան մամուլի մարդիկ։ Հայ լրագրողները կամ լրատուութեան աշխարհի սպասաւորները շատ աւելի հաղորդ են իրարու իրականութեան. օրինակ՝ իրաւաբանի, բժիշկի կամ ոսկերիչի բաղդատմամբ։ Սա է այն հիմնական ազդակը, որ լրագրողները կը մղէ համագործակցութեան եւ համապատասխան հորիզոններ կ՚ուրուագծէ անոնց առջեւ։ Միջանկեալ պէտք է արձանագրել, որ լրատուական աշխարհէն ներս ալ սփիւռքի լրագրողները յարաբերաբար աւելի մօտէն ծանօթ են Հայաստանի ընդհանուր վիճակին, քան թէ հակառակը։ Այս երեւոյթն ալ, անշուշտ, ունի իր տրամաբանութիւնը։
Այս անգամուան համաժողովի էական տարբերութիւններէն մին այն էր, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութիւնը փոփոխութեան ենթարկած է երկրի լրատուամիջոցներու ընդհանուր պատկերը։ Յեղափոխութեան նկատմամբ դիրքաւորումները նոր դերաբաժանում յառաջացուցած են երկրի զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն ներս։ Իշխանամէտներու եւ ընդդիմադիրներու պարագային կայ դերերու փոփոխութիւն։ Այս երեւոյթի դրսեւորումները անանտեսելի ու շատ յատկանշական են՝ Հայաստանի մէջ մամլոյ եւ կարծիքի հիմնարար ազատութիւններուն համար լրագրողներու կողմէ մղուած պայքարի, անոնց կողմէ բերուած ներդրման արժեւորման տեսակէտէ։ Միջանկեալ նշենք, որ այս առումով Դաշնակցական մամուլի կտրուածքով ալ ստեղծուած է հետաքրքրական պատկեր մը։ Այսպէս, եթէ այս կուսակցութեան Հայաստանի լրատուամիջոցները յարաբերաբար աւելի ընդդիմադիր հայեացքով կ՚առաջնորդուին, ապա Դաշնակցական մամուլի սփիւռքի թեւը չ՚անտեսեր այն զանգուածները, որոնք համակրանքով կ՚ընկալեն յեղափոխութիւնը։
Անթիլիասի մէջ կազմակերպուած հաւաքը ունէր նաեւ այլ առանձնայատկութիւն մը։ Արդարեւ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան լուծարումէն վերջ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ համահայկական լրագրողներու համաժողով մը։ Վերջին շուրջ տասը տարիներուն, երբ գործեց Սփիւռքի նախարարութիւնը, այս եւ նման բոլոր համաժողովները կազմակերպուեցան անոր հովանաւորութեամբ ու նախաձեռնութեանբ։ Եւ տակաւին աւելի՛ն, համաժողովները գործնականօրէն նախարարութեան հակակշռին տակ էին։ Հիմա այդ իրավիճակը փոխուած է, սակայն այս կէտին վրայ կան զանազան հանգամանքներ, որոնք պէտք է անպայման նկատի առնուին։ Սփիւռքի նախարարութիւնը այս համաժողովները կը կազմակերպէր համագործակցելով առաւել չափով երկու մասնագիտական լծակի հետ։ Անոնցմէ գլխաւորն էր Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութիւնը, որ նախապէս ալ գոյութիւն ունենալով հանդերձ, լիարժէքօրէն կայացաւ նախարարութեան հովանոցին տակ։ Յամենայնդէպս, կայացման ճանապարհը մասնագիտական այդ ընկերակցութիւնը նոյնացուց նախարարութեան հետ, ինչ որ նպատակայարմար չէր, նաեւ բաղձալի չէր։ Թէեւ այդ ընկերակցութիւնը թուղթի վրայ բաւական համապարփակ էր, սակայն անոր կշիռը պայմանաւորուած էր մասնագիտական այլ կառոյցի մը մասնակցութեամբ։ Այդ մէկն ալ Հայաստանի լրագրողներու միութիւնն էր՝ իր խորհրդանշած խոր աւանդութիւններով։ Միութեան գլուխը մինչեւ մօտաւոր անցեալը կը գտնուէր Աստղիկ Գէորգեան, որ թէ՛ նախարարութեան եւ թէ միւս ընկերակցութեան հետ կ՚աշխատէր ներդաշնակ, հարթ ձեւով։ Այժմ, երբ գոյութիւն չունի Սփիւռքի նախարարութիւնը, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութիւնը կը նմանի «ջուրէն հանուած ձուկ»ի։ Իսկ Հայաստանի լրագրողներու ընկերակցութեան ղեկավարութիւնը փոխուած է, գործի գլուխ եկած է Սաթիկ Սէյրանեանի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը։ Գործունէութիւնը յառաջ կը տարուի նոր մտայնութեամբ ու նոր առաջնահերթութիւններով։ Անթիլիասի մէջ կազմակերպուած համաժողովը ճակատագրական եղած ըլլալ կը թուի Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան համար։ Արդարեւ, ան արհեստական շնչառութիւնով մը դուրս եկաւ հոգեվարքի վիճակէն։ Այժմ յոյսեր կան գործունէութիւնը վերակենդանացնելու ուղղութեամբ։ Մաղթելի է, որ այդ յոյսերը արդարանան, սակայն, այդ ընկերակցութիւնը յառաջիկայ շրջանին պէտք է անպայման զերծ մնայ յարակից ազդեցութիւններէ։ Ըստ երեւոյթին, այս վերջին համաժողովի լոյսին տակ Հայաստանի լրագրողներու միութեան ապագայ դիրքորոշման վերաբերեալ ազդանշաններն ալ պիտի յստակենան։ Այս ձեւաչափին մէջ առանցքային դեր կը վիճակի Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին, որ ապահովաբար համադրման եւ համակարգման գործընթացի կիզակէտին գտնուի։
Այս համայնապատկերը կը ցոլացնէ մեծ տակն ու վրայութիւն մը։ Այնպէս, որ իսկապէս բախտ մըն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ 2019 թուականի «Հայ մամլոյ տարի» հռչակուած ըլլալը։ Այլապէս դժուար պիտի ըլլար հասնիլ նման համախմբումի մը եւ համահայկական մամլոյ համաժողովներու շղթային աւելցնել այս վերջին օղակը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
•շար. 1