Հանրահաւաք

Զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձը կը շա­րու­նա­կէ մնալ Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գին թիւ մէկ նիւ­թը։ Ա­հա­բեկ­չա­կան զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցի բա­ցա­յայտ­ման գոր­ծըն­թա­ցը, ձա­խող պե­տա­կան հա­րուա­ծի լայ­նա­ծա­ւալ հե­տաքն­նու­թիւ­նը քա­նի մը շա­բա­թէ ի վեր կը գտնուին հան­րա­յին կար­ծի­քի ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տին։ Պե­տա­կան ու հան­րա­յին մար­մին­նե­րէն ներս յա­ռաջ կը տա­րուին զտման աշ­խա­տանք­ներ, նաեւ ար­տա­կարգ դրու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ ձեռք կ­­՚առ­նուին բազ­մա­կող­մա­նի նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­ներ, կը պատ­րաս­տուին զա­նա­զան կա­ռոյց­նե­րու հա­մա­կար­գա­յին վե­րա­կա­ռուց­ման ծրա­գիր­նե­րը՝ որ­պէս­զի բա­ցա­ռուին կրկնու­թեան հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը եւ ամ­բողջ եր­կի­րը ե­րաշ­խա­ւո­րուած ըլ­լայ նման ցնցում­նե­րէ զերծ պա­հուե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Ազ­գի կամ­քին դրսե­ւո­րում­նե­րու խա­փան­ման վտան­գին կան­խու­մը ներ­կա­յիս ակն­յայտ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թեան մը վե­րա­ծուած է Թուր­քիոյ մէջ։

Այն ինչ որ պա­տա­հա­ցաւ Յու­լի­սի 15-ին՝ տա­կա­ւին եր­կար պի­տի պայ­մա­նա­ւո­րէ երկ­րին եր­թը։ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան ար­դի պատ­մու­թեան գրե­թէ բո­լոր բե­կում­նա­յին պա­հե­րը բնո­րո­շած են պե­տա­կան հա­րուած­նե­րը։ Երկ­րին ճա­կա­տա­գի­րը ճշդուած է այն­պի­սի ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ, երբ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը ընդ­հա­տուած է։ Նոյ­նիսկ սահ­մա­նադ­րու­թիւն­նե­րը ըն­դու­նուած են այդ­պի­սի ծանր ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու մէջ։ Ներ­կայ վի­ճա­կը այս ա­ռու­մով ան­նա­խըն­թաց է։ Զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձը կը նշա­նա­կէ յաղ­թա­հա­րուած մեծ փոր­ձու­թիւն մը։ Այս ար­դիւն­քին մէջ ա­նու­րա­նա­լի է ժո­ղո­վուր­դին դե­րը եւ իր կող­մէ ընտ­րուած իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ղե­կա­վար­ման ձեռն­հա­սու­թիւ­նը։ Ե­թէ նա­խորդ պե­տա­կան հա­րուած­նե­րուն ժա­մա­նակ պե­տու­թիւնն ու ժո­ղո­վուր­դը կը հա­կադ­րուէին, ա­պա այս ան­գամ ար­դէն նոյն ճամ­բա­րին մէջ էին՝ ուս-ու­սի։

Օ­րի­նա­կե­լի հա­կա­սու­թիւն­ներ ալ կ՚ապ­րուին այս շրջա­նին՝ մէջ մէ­ջի։ Հիմ­նա­կան հան­գա­ման­քը այն է, որ ար­տա­կարգ դրու­թիւն հաս­տա­տուած է երկ­րին մէջ։ Ան­շուշտ, հա­կա­սու­թիւ­նը առ ե­րե­ւոյթ է։ Հան­րա­յին կար­ծի­քը, ընդ­հան­րա­պէս, հա­մո­զուած է՝ որ ար­տա­կար­գօ­րէն ազ­դու եւ ար­դիւ­նա­ւէտ պայ­քա­րի մը անհ­րա­ժեշ­տու­թեան բե­րու­մով հաս­տա­տուած է ար­տա­կարգ դրու­թիւ­նը։ Յե­տոյ, զէն­քի պար­տադ­րու­թեամբ հաս­տա­տուած ար­տա­կարգ դրու­թիւն մը չէ այս մէ­կը։ Երկ­րին օ­րա­կարգն ալ թէեւ  դար­ձած է ո­րոշ չա­փով միաա­ռանցք, սա­կայն գե­րա­կայ նպա­տա­կի մը վրայ լա­րուած է ամ­բողջ հա­սա­րա­կու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը։ Ե­թէ պե­տա­կան հա­րուա­ծը չձա­խո­ղէր, ա­պա ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը պի­տի ընդ­հա­տուէր՝ եր­կի­րը մատ­նե­լով ա­նո­րո­շու­թեան։ Բա­րե­բախ­տա­բար, ներ­կա­յիս ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը չէ ընդ­հա­տուած, ընդ­հա­կա­ռակն՝ մե­ծա­գոյն զէն­քը դար­ձած է այժ­մու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու ճա­նա­պար­հին պայ­քա­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Ա­տեն-ա­տեն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ստո­րո­գե­լի­նե­րուն ա­ռու­մով հար­ցա­կան­ներ կը ծնին, սա­կայն յա­նուն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան երկ­րին մէջ հնա­րա­ւոր է պա­հան­ջել ա­մէն ինչ։ Այ­սինքն՝ չա­փա­նի­շը, մեկ­նա­կէ­տը կը շա­րու­նա­կեն մնալ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը։ Ար­տա­կարգ շրջա­նի գոր­ծադ­րու­թիւն­նե­րը կը դի­տար­կուին, կ­­՚ար­ժե­ւո­րուիի ի­րա­ւուն­քի եւ օ­րի­նա­կա­նու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Ե­թէ պե­տա­կան հա­րուա­ծի փոր­ձը կա­սե­ցուած չըլ­լար, ա­պա ո՛չ յա­նուն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան պա­հանջ ներ­կա­յաց­նե­լու, ո՛չ ալ ի­րա­ւուն­քի եւ օ­րի­նա­կա­նու­թեան մա­սին խօ­սե­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լար։ Ա­ւե­լի՛ն, կա­րե­լիու­թե­նէն ան­դին, այդ­պի­սի տրա­մա­բա­նու­թիւն մը պի­տի չգոր­ծէր։ Ար­տա­կարգ վի­ճակ­նե­րը միշտ ալ կրնան ծնունդ տալ ան­ցու­մա­յին դժուա­րու­թիւն­նե­րու, իսկ Թուր­քիան այ­սօր գնա­հա­տե­լի նպա­տա­կաս­լա­ցու­թեամբ կը զա­նա­զա­նէ մնա­յունն ու գնա­յու­նը։ Հա­սա­րա­կու­թիւ­նը հա­սու­նու­թեամբ ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ կը նկա­տէ, որ բա­ժա­կին լե­ցուն բա­ժի­նը ա­ւե­լի է ու կան լա­ւա­տե­սու­թեան հիմ­քեր։

Յաղ­թա­հա­րուած վտան­գին հա­սած հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րը յաչս հան­րա­յին կար­ծի­քին կը բիւ­րե­ղա­նան աս­տի­ճա­նա­բար, ինչ որ զար­ման­քը կը թո­ղու ի զօ­րու։ Միւս կող­մէ, այդ­պի­սի վտան­գի մը դի­մադ­րած ըլ­լա­լը մեծ ինք­նավս­տա­հու­թիւն մը կու տայ երկ­րին։ Այս եր­կու­քի խա­չա­ձեւ­ման կէ­տին վրայ Թուր­քիա կը ձգտի շու­տով բնա­կա­նոն հու­նի վե­րա­դարձ­նել իր կեան­քը։ Շա­բա­թա­վեր­ջին այս ա­ռու­մով տե­ղի ու­նե­ցան եր­կու ա­նան­տե­սե­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լով՝ յայտ­նեց, որ այս գոր­ծը տա­կա­ւին վերջ­նա­կա­նօ­րէն ա­ւար­տած չի հա­մա­րեր ու յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի առ­նեն նաեւ նոր քայ­լեր։ Միւսն ալ ե­րէ­կուան մեծ հան­րա­հա­ւաքն է, որ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ան­գե­րա­զան­ցե­լի ցոյ­ցի մը վե­րա­ծուե­ցաւ։ Այս եր­կու ե­րե­ւոյթ­նե­րուն հա­մադ­րու­թիւ­նը հե­տե­ւեալն է. վե­րա­պա­հու­թիւնն ու ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը ա­ռանց թու­լաց­նե­լու՝ Թուր­քիա յա­մառ քայ­լե­րով պէտք է ըն­թա­նայ բնա­կա­նո­նաց­ման ճա­նա­պար­հին։ Տնտե­սու­թեան մէջ ար­ձա­նագ­րուած տո­կու­նու­թիւ­նը լաւ ու­ղե­ցոյց մը կը հա­մա­րուի այս ա­ռու­մով։

Ե­րէ­կուան Ե­նի­գա­բուի հան­րա­հա­ւա­քը ան­վի­ճե­լիօ­րէն ան­կիւ­նա­դարձ մըն է Թուր­քիոյ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եր­թին տե­սան­կիւ­նէն։ Տե­սա­կա­ւո­րու­թեան եւ ան­կեղ­ծու­թեան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան մէջ է այդ յա­ջո­ղու­թեան գրա­ւա­կա­նը։ Բո­լո­րը նոյն հար­թա­կին վրայ հա­մախմ­բուած էին՝ ա­հա­զան­գա­յին վտան­գի մը հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րա­րին վրայ։ Բո­լո­րը ի­րենց խօս­քը ը­սին թէ՛ ա­ռանց թաքց­նե­լու եւ թէ ա­ռանց վի­րա­ւո­րան­քի։ Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր շե­ղած էր սկզբուն­քի հու­նէն եւ այ­սօր այդ հու­նին մէջ վե­րա­կանգ­նուած է քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հոս­քը։ Սա ա­նան­տե­սե­լի ձեռք­բե­րում մըն է՝ ներ­կայ դժուա­րին պա­հուն։ Այդ ձեռք­բեր­ման խորհր­դան­շա­կան ու պատ­կա­ռե­լի պատ­կերն էր ե­րէ­կուան բե­մա­հար­թա­կին զա­նա­զա­նու­թիւ­նը։

Ներ­կայ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը փա­րա­տե­լու, ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը խո­րաց­նե­լու եւ բնա­կա­նո­նաց­ման ճա­նա­պար­հին վրայ ամ­րապն­դուե­լու ա­ռու­մով բո­լոր դրա­կան նա­խադ­րեալ­նե­րը նոյ­նա­ժա­մա­նակ յայտ­նուե­ցան ե­րէ­կուան միաս­նա­կա­նու­թեան հա­մայ­նա­պատ­կե­րին վրայ։ Այդ միաս­նա­կա­նու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը գրա­ւա­կանն է՝ երկ­րին հա­մար ա­ւե­լի կա­տա­րեալ ա­պա­գայ մը կե­ռու­ցե­լու, ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րը բա­ցա­ռե­լու, խտրա­կա­նու­թիւն­նե­րը մէկ կողմ ձգե­լու, հա­սա­րա­կու­թեան բո­լոր խա­ւե­րը յոյ­սով ու լա­ւա­տե­սու­թեամբ տո­գո­րե­լու հա­մար։ Թուր­քիոյ լու­սա­ւոր ա­պա­գան կը խմո­րուի միաս­նա­կա­նու­թեան այս մեծ փոր­ձա­ռու­թեան պտուղ­նե­րուն շնոր­հիւ։ Շարժ­ման թա­փը կը պայ­մա­նա­ւո­րէ նոր Թուր­քիա մը կա­ռու­ցե­լու ե­ռան­դը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2016