Արիւն եւ լուծում
Թուրքիա կ՚ապրի ծանր շրջան մը։ Շաբաթներէ ի վեր ամէն օր արիւնահեղութիւն կ՚ապրուի երկրին մէջ։ Զինուորներ, ոստիկաններ թիրախ կը դառնան ահաբեկչական յարձակումներու։ Հանրային կարծիքը խոր մտահոգութեամբ ու ցասումով կը հետեւի այս տմարդի զարգացումներուն։
Ընտրութիւններուն յաջորդած հանգրուանին բռնկած այս դէպքերը, որոնք լուրջ սպառնալիք մը կը հանդիսանան երկրին համար, մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուին։ Բոլորի մտքին մէջ առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէ այս հարցումը։ Ե՞րբ կանգ պիտի առնեն այս դէպքերը։
Բնականաբար, փափաքը որքան որ ալ մեծ ըլլայ, ինքնին անբաւարար է։ Երկիրը կ՚անցնի ճակատագրային շրջանէ մը եւ պատասխանատուութիւն կը վիճակի իւրաքանչիւր քաղաքացիին։ Ինչպէ՞ս պիտի արդարանայ այդ սպասումը, որպէսզի արիւնահոսութիւնը կանգ առնէ։ Թուրքիա մօտաւոր անցեալին ալ գտնուած է նման իրավիճակներու մէջ, թէկուզ շատ աւելի ծանր։ Երկրին կեանքը բնականոն ընթացքին եւ զարգացման հունին վերադարձնելու համար պէտք է ցուցաբերել յամառ զօրակցութիւն։ Մեծագոյն դիմադրութիւնն է ներքին միասնականութեան եւ եղբայրութեան տրամադրութիւններու պահպանուիլը։ Համախումբ պէտք է ըլլալ պետութեան շուրջ ու պէտք է պաղարիւնութեամբ սպասել՝ առանց անոնց նկատմամբ վստահութեան կասկածներ յարուցելու։
Ժողովուրդին, հայրենակիցներուն կամքը, զօրակցութիւնը որքան որ ամուր ըլլայ, վստահաբար, պետութիւնն ալ այդքան ազդու ձեւով պիտի կարենայ կասեցնել առկայ տխուր երեւոյթները՝ որպէսզի Թուրքիա կարենայ տեւականացնել իր ժողովրդավարական երթը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ