Պաղարիւն մտածել յաղթահարելու համար համայնքի առկայ փակուղին
Թրքահայ համայնքային կեանքէն ներս եռեւեփը չի դադրիր։ Վերջերս, իսլամական աշխարհի տօնին առթիւ երկիրը երկարատեւ արձակուրդի մը մթնոլորտին մէջ էր։ Բայց եւ այնպէս, այդ օրերը հանգիստ չբերին մեր համայնքին։ Կրօնական տօնէն անմիջապէս առաջ նշուեցաւ 30 Օգոստոսի յաղթանակի տօնը։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի տանտիրութեամբ, Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս կազմակերպուած էր պաշտօնական ընդունելութիւն մը։ Հակառակ անոր, որ երկրի գրեթէ բոլոր ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները հրաւիրուած էին այդ ընդունելութեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը զանց առնուած էր։ Այս ցաւալի իրադարձութիւնը, բնականաբար, դժգոհութեամբ ընկալուեցաւ համայնքային շրջանակներուն կողմէ։ Օրերէ ի վեր կը շարունակուին այս նիւթին վերաբերեալ խօսակցութիւնները։ Ակնյայտ է, որ հարցը ընդունելութեան մը հրաւիրուելու կամ չհրաւիրուելու հարթութեան վրայ ընկալելը մեզի կը տանի մակերեսայնութեան։ Խնդիրը շատ աւելի խոր է եւ ուշադրութեամբ պէտք է դիտարկել մեծ պատկերը՝ համապատասխան հետեւութիւնները ընելու համար։
Նախ յայտնենք՝ որ 30 Օգոստոսի պաշտօնական ընդունելութեան մասնակցելու համար մեր համայնքէն անձնապէս հրաւէր ունեցած է միայն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ սակայն արտասահման գտնուելու բերումով չէ կրցած ներկայ գտնուիլ։ Յետոյ, գալով Պատրիարքական Աթոռի կացութեան…
Համայնքի իրադարձութիւնները ներկայիս աստիճանաբար ստիպողութիւն կը ստեղծէ փակագիծները բանալու, աւելի բաց խօսելու համար։ Ոեւէ մէկուն համար գաղտնիք չէ, որ թրքահայ համայնքային կեանքը ներկայիս փակուղիի մէջ է եւ այդ մէկը ծնունդ կու տայ տագնապի մը։ Լոկ քանի մը հանգամանքի թուարկումը՝ բաւարար է ստեղծուած կացութեան շուրջ տարրական պատկերացում մը ունենալու համար։
ա.- Պատրիարքարանի պարագային ստեղծուած է չափազանց պղտոր մթնոլորտ մը։ Արդարեւ, տեղապահը տակաւին ճանաչում չէ գտած յաչս պատկան իշխանութիւններուն, ինչ որ լուրջ խնդիր մըն է Աթոռի գործունէութեան բնականոն ձեւով տեւականացման առումով։
բ.- Պատրիարքարանի մատնուած այս կացութիւնով հանդերձ, Աթոռի երեք սրբազաններուն միջեւ բացարձակապէս գոյութիւն չունի ներդաշնակութիւն։ Երեք սրբազաններն ալ կը գործեն ինքնագլուխ, կը փորձեն զիրար հարուածելով ընդլայնել իրենց ազդեցութեան գօտին։ Պատրիարքարանէ ներս ստեղծուած է իշխանութեան անվիճելի պարապութիւն մը։ Սա նոյնիսկ անցումային շրջաններու բնորոշ կացութիւններու պարագային հասկնալի համարուելիք սահմաններէն դուրս է։ Մարդիկ խնդիրները լուծելու փոխարէն կը զբաղին իրարմէ վրէժ լուծելով։
գ.- Պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը թէեւ յաչս հանրութեան բնականոն ընթացքի տպաւորութիւն գործելու համար մեծ ջանքեր կը գործադրէ, սակայն այս առումով համայնքէն ներս յոռետեսութիւնը հետզհետէ կը դառնայ համատարած։ Հանրային կարծիքը աստիճանաբար կը համոզուի, որ Նախաձեռնարկ մարմինը չի գործեր որպէս անաչառ, «թեքնոքրատ» խումբ մը։ Նախաձեռնարկ մարմինը, դժբախտաբար, բոլոր ազդանշանները կու տայ, թէ կը ջանայ հեռահար նպատակներու կամ նախընտրութիւններու համար այժմէն ընել հունաւորումներ կամ պատրաստել նպաստաւոր գետին մը։ Հետեւաբար, աճապարած պիտի չըլլանք՝ եթէ խօսինք այս մարմնին նկատմամբ ստեղծուած անվստահութեան մասին։
դ.- Մեր համայնքէն ներս ներկայիս կենսական նիւթերու շուրջ գոյութիւն չունի ընդհանուր համաձայնութեան մթնոլորտ մը։ Պառակտումները արգելք կը հանդիսանան՝ որպէսզի համայնքի ներուժը համախմբուի եւ ընդհանուր կեդրոնացում մը ապահովուի՝ դրական հեռանկարներով։ Գոնէ Հանրապետական շրջանի պատմութիւնը մեզի կը յուշէ, թէ երբ համայնքէ ներս տարրական նիւթերու շուրջ քոնսենսիւս մը չէ եղած՝ ապա պետութեան հետ մեր համայնքին, մասնաւորապէս Պատրիարքարանին յարաբերութիւնները ապրած են խցանումներ։ Այդպիսի իրավիճակներու մէջ պետական մարմինները միշտ հեռաւորութիւն պահել նախընտրած են մեր համայնքին, Պատրիարքարանի պարագային։ Սա կը բացատրուի՝ կողմ ըլլալէ խուսափելու տրամաբանութեամբ։ Համայնքի այսօրուան կացութիւնը յար եւ նման է այսպիսի իրավիճակի մը։
Այս բոլորէն վերջ, զարմանալի՞ է, որ պետութեան գագաթին վրայ անտեսուած է մեր Պատրիարքարանը։ «İğneyi kendine, çuvaldızı başkasına batır», կ՚ըսէ ժողովրդական առածը։ Ուստի, պաղարիւն պէտք է մտածել՝ յաղթահարելու համար համայնքի առկայ փակուղին։ Մարդիկ իրենց խաղաքարտերը պէտք չէ օգտագործեն իրարու դէմ։ Համայնքի նաւը դէպի խաղաղ նաւահանգիստ շարժիլ պիտի սկսի՝ այն ժամանակ, երբ բոլորը իրենց ունեցածը միացնեն եւ այդ միասնական ուժին ապաւինելով ձգտին հասարակաց յայտարար մը գտնելու։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ