Սամաթիոյ մէջ տրուած պատգամները եւ արդիւնաւէտութեան լուրջ հարցը…
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ մարտահրաւէրները՝ երկար ժամանակէ ի վեր կուտակուած խնդիրներու հետեւանքը կը համարուին։ Անտարբերութեան եւ վարչական կարճատեսութեան անխուսափելի հետեւանքները համայնքը ներկայիս մատնած են անելի։ Սխալներու շարանի տրամաբանական շարունակութիւնը այժմ կ՚ենթադրէ ծանր փոխարժէք եւ այդ մէկը չի սահմանափակուիր միայն նիւթականով։
Ամենապատիւ Սահակ Բ. Պատրիարքը համայնքային կեանքի վարամուտին՝ Սամաթիոյ շաբաթավերջի սիրոյ սեղանին, ընդարձակ արժեւորումով ու ծաւալուն խորհրդածութիւններով հանդէս եկաւ։ Վերջին շրջանի ամենաշահեկան ու բովանդակալից ելոյթներէն մին էր այս մէկը։ Նորին Ամենապատուութեան կողմէ հնչեցուած միտքերու մեծամասնութեան դժուար թէ համամիտ չըլլան բոլոր անոնք, որոնք տարրական պատկերացում մը ունին պոլսահայ կեանքին շուրջ։
Խորքին մէջ, խնդիրները այնքան քարացած են, որ անոնց արծարծումը սկսած է աւելորդ կրկնութեան տպաւորութիւնը ստեղծել շատերու աչքին։ Անկախ խօսքի եւ գործի յարաբերակցութեան կամ հաւասարակշռութեան հանգամանքներէն, Նորին Ամենապատուութիւնը նորովի մեկնաբանեց կացութիւնը։ Ան համայնքային շրջանակները առաջնորդեց հորիզոնի շրջայցի մը։ Նոր բանաձեւումներով ու նոր պատումով մը փորձեց մատուցել իրավիճակի ցոլացուցած համայնապատկերը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անհրաժեշտ նկատեց՝ մասնագիտական աշխատանքով տուեալներ գոյացնելն ու այդ տեղեկատուութեան լոյսին տակ շարժման անցնիլը, վարչական կամք ունենալը, ժողովրդագրական պատկերին հետ առերեսումը եւ եկեղեցի-դպրոց միասնութեան չվնասուիլը։ Ան մատնանշեց նաեւ, որ նիւթակեդրոն աշխարհի մէջ կարելի չէ շրջանցել տնտեսութեան պարտադրած մտայնութիւնը, նաեւ շատ տեղին ձեւով կանգ առաւ կազմակերպչական նոր վիճակ մը ստեղծելու կամ ապահովելու հրամայականին վրայ։
Այս բոլորը ճի՜շդ են, սակայն, համայնքը այնքան անդամալուծուած է, որ մարդիկ հեռանկարներու պարագային դարձած են թերահաւատ։ Մնաց որ, նոր սերունդը դարձեալ տեղափոխութեան, այլ միջավայրերու մէջ ապագայ փնտռելու հոսանքէն տարուած է։ Սա հասկնալի է եւ պատճառներէն շատերն ալ համայնքի տինամիքներէն անկախ են։
Ժողովրդագրական կացութեան հակադրուելով թրքահայ կեանքէն ներս ոստում մը ստեղծելու ճանապարհը կ՚անցնի համայնքային հաստատութիւններու կենսունակութիւնը հրահրելէ։ Այսօր այդ հաստատութիւնները լճացած են, չըսելու համար մգլոտած։ Անոնց մատուցած ծառայութենէն կ՚օգտուին անոնք, որոնք կը զգան, թէ այլընտրանք չունին եւ դատապարտուած են։ Ազգային հիւանդանոցէն բացի չկայ իր ոլորտէն ներս յաւակնոտ կառոյց մը։
Նորին Ամենապատուութեան խորհրդածութիւններուն հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ պէտք է արձանագրել, որ համայնքային բոլոր հաստատութիւնները պէտք է գործեն՝ համակարգի մը վերածուելով։ Եթէ առկայ վիճակով շարունակեն, ապա բոլորը զիրար կը տկարացնեն, արիւնաքամ կ՚ընեն, իսկ եթէ համակարգի մը ձեւով գործել սկսին, ապա բոլորը իրարու վերելքին կը նպաստեն։ Թրքահայութեան տեսանելի ապագան կը բիւրեղանայ հաստատութիւններու ընդհանուր արդիւնաւէտութեան բարձրացման կէտին վրայ։ Եթէ արդիւնաւէտութիւնը բարձրանայ, ապա բազմապատկիչ գործօններով կարելի կրնայ դառնալ անոր հաւաքական կեանքին տալ նոր կշռոյթ մը։ Այլապէս, առկայ նահանջը կ՚ահագնանայ եւ հարցը կը հասնի այն կէտին, ուր մարդոց համար ակամայ հաճոյքի մը կրնայ վերածուիլ նահանջի վերաբերեալ ողբերգական ինքնանպատակ խօսակցութիւնը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ