ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆ

2016-ի տա­րե­մու­տին դրու­թեամբ ընտ­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րը կը շա­րու­նա­կեն ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել թրքա­հա­յու­թեան օ­րա­կար­գը։ Գում­գա­բուի մէջ Ս. Ծննդեան առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած տօ­նա­կան պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ալ վե­րա­հաս­տա­տուե­ցաւ այս ե­րե­ւոյ­թը։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան իր ե­լոյ­թին մէջ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ այս նիւ­թին։ 2016-ի տա­րե­մու­տը սպա­սում­նե­րու նոր շրջան մը կը բնո­րո­շէ մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ եւ այդ սպա­սում­նե­րը ըստ էու­թեան կը վե­րա­բե­րին եր­կու ընտ­րու­թիւն­նե­րու։ Ա­ռա­ջի­նը՝ մեր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու առ­կա­խուած ընտ­րու­թեան խնդիրն է, իսկ երկ­րոր­դը՝ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցը։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ս. Ծննդեան օ­րը տե­ղե­կա­ցուց, թէ թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու ընտ­րու­թեան նիւ­թին շուրջ նո­րու­թիւն մը չկայ, սպա­սո­ղա­կան վի­ճա­կը կը շա­րու­նա­կուի։ Վեր­ջերս Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լը ա­ռի­թով մը յայտ­նած է, որ հա­մայն­քին կող­մէ ի­րե­րա­մերժ զա­նա­զան պա­հանջ­ներ ներ­կա­յա­ցուած են պատ­կան մար­մին­նե­րուն այս նիւ­թին շուրջ, ուս­տի բուն խո­չըն­դո­տը այս մէկն է՝ ընտ­րու­թիւն­նե­րու խնդրի ան­լոյծ մնա­լուն մէջ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը հա­մո­զուած է, որ այս հար­ցին շուրջ իս­կա­պէս շատ ժա­մա­նակ վատ­նուած է։ «Ով որ կ՚ու­զէ թող դի­մէ, ի վեր­ջոյ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը պէտք է ո­րո­շում մը տայ, պատ­կան մար­մին­նե­րը պէտք է կա­տա­րեն տնօ­րի­նու­թիւն մը։ Ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար այ­լեւս պէտք է ար­տօ­նու­թիւ­նը շնոր­հուի։ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած հա­մայն­քա­յին խորհր­դակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին ո­րո­շուած էր, թէ շրջա­նա­յին հիմ­քով դրու­թիւն մը կա­րե­լի է որ­դեգ­րել եւ կամ ամ­բողջ քա­ղա­քին մէջ ընդ­հա­նուր քուէար­կու­թիւն մը ի­րա­կա­նաց­նել։ Ընդ­հա­նուր հա­կու­մը այս եր­կու վար­կած­նե­րուն ուղ­ղու­թիւ­նը ու­նէր։ Ի վեր­ջոյ, հա­մայն­քը պէտք է ձայն ու­նե­նայ իր բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն վրայ։ Տօ­նա­կան օ­րե­րէն վերջ դար­ձեալ պի­տի դի­մենք պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն՝ թար­մաց­նե­լով մեր պա­հան­ջը ընտ­րու­թեան ար­տօ­նու­թեան հար­ցին շուրջ։ Մեր բո­լոր վա­րիչ­նե­րը պէտք է գիտ­նան, պէտք է կա­րե­նան նա­խա­տե­սել, թէ ի՛նչ պի­տի ըլ­լայ։ Կարգ մը խոր­հուրդ­նե­րու պա­րա­գա­յին ուր որ է պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան երկ­րորդ ժամ­կէտ մը լրա­նա­լու վրայ է։ Մեր վար­չա­յին­նե­րը յոգ­նած են առ­կայ ա­նո­րո­շու­թեան մէջ», ը­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին այս նշում­նե­րը իս­կա­պէս շատ կա­րե­ւոր էին։ Ար­դա­րեւ, սկզբնա­կան շրջա­նին հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ տրա­մա­բա­նա­կան կը թուէր այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, թէ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը դժուա­րա­նա­յին կողմ­նո­րո­շուե­լու՝ հա­մայն­քին կող­մէ ի­րենց ներ­կա­յա­ցուած հա­կա­սա­կան կամ ոչ միան­շա­նակ պա­հանջ­նե­րուն դի­մաց։ Բայց ներ­կա­յիս այ­լեւս սպաս­ման շրջա­նը այն­քան եր­կա­րած է, որ համ­բե­րու­թեան տրա­մա­բա­նա­կան սահ­ման­նե­րը հա­տուած են եւ սկզբնա­կան շրջա­նի պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րը՝ ի­մաս­տազր­կուած։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու ընտ­րու­թիւն­նե­րու հար­ցին շուրջ նոյ­նիսկ ը­սաւ ա­ւե­լին ու շեշ­տեց, թէ իր փա­փաքն է՝ յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ մրցակ­ցու­թեան մթնո­լոր­տի մը ստեղ­ծուի­լը, մէ­կէ ա­ւե­լի ցան­կե­րով քուէար­կու­թեան եր­թա­լը։ Ըստ ի­րեն, եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ պաշ­տօ­նա­վա­րած հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը այ­լեւս կը հա­մա­րուին յոգ­նած, հե­տե­ւա­բար ա­նոնք պէտք է փո­խա­րի­նուին։

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դի ար­տա­յայ­տու­թե­նէն վերջ այս նիւ­թին կա­պակ­ցու­թեամբ խօսք ա­ռաւ նաեւ Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Մար­գար Է­սաեան։ Ան նշեց, թէ Փոխ-վար­չա­պետ Եալ­չըն Աք­տո­ղա­նի հետ սերտ աշ­խա­տանք կը տա­նին այս հար­ցին լու­ծում մը գտնե­լու նպա­տա­կով։ Ծա­նօթ է, որ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ Եալ­չըն Աք­տո­ղա­նի պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րու ծի­րին մաս կազ­մած են վա­քըֆ­նե­րը։ Մար­գար Է­սաեան դի­տել տուաւ, թէ փոխ-վար­չա­պե­տը տա­կա­ւին նոր կը ծա­նօ­թա­նայ այս խնդիր­նե­րուն՝ յա­ջոր­դե­լով Պիւ­լենտ Ա­րըն­չին։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Ան­գա­րա­յի մէջ ա­ւե­լի լայ­նա­խա­րիսխ ժո­ղով մը նախա­տե­սուած է փոք­րա­մաս­նու­թեանց վա­քըֆ­նե­րու ընտ­րու­թեան հար­ցին շուրջ, ուս­տի այդ ժա­մա­նակ եւս պաշ­տօ­նա­տար ան­ձեր կանգ պի­տի առ­նեն սոյն հար­ցին վրայ։

ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔԱ­ԿԱՆ ԸՆՏ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ ՀԱՐ­ՑԸ

Հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու ընտ­րու­թեան հար­ցին ա­ռըն­թեր Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան խօ­սե­ցաւ նաեւ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցին շուրջ։ Ան նախ անդ­րա­դար­ձաւ հա­մայն­քէն կարգ մը ան­հատ­նե­րու կող­մէ դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօտ կա­տա­րուած դի­մու­մին՝ Տ. Մես­րոպ Պատ­րիարք Մու­թա­ֆեա­նի հա­մար խնա­մա­տա­րի մը նշա­նակ­ման պա­հան­ջով։ Ըստ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան, պատ­րիար­քի մը խնա­մա­տա­րը մեր պա­րա­գա­յին նախ եւ ա­ռաջ Կրօ­նա­կան ժո­ղովն է, այ­սինքն Պատ­րիար­քա­րա­նը, յե­տոյ ալ իր տի­րա­մայ­րը։ «Երբ ա­սոնց եր­կուքն ալ գո­յու­թիւն ու­նին, ին­չո՞ւ դի­մել պե­տու­թեան», ը­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ ընտ­րու­թեան մա­սին ո­րո­շու­մը կրնայ տալ միայն ու միայն Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վը։ Մնաց որ, ար­դէն այդ մա­սին կա­տա­րուած է անհ­րա­ժեշտ դի­մու­մը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը քննա­դա­տեց ու ժխտեց նաեւ մա­մու­լին մէջ լոյս տե­սած կարգ մը տե­սա­կէտ­նե­րը, ըստ ո­րոնց խնա­մա­տա­րի մը նշա­նա­կուի­լը ուղ­ղա­կիօ­րէն ընտ­րու­թեան ձեռ­նար­կե­լու ի­մաս­տը պի­տի ու­նե­նայ։ Հա­կադ­րուե­լով այս մօ­տե­ցու­մին՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շեշ­տեց, թէ ո­րե­ւէ դա­տա­րան ի­րա­ւա­սու­թիւն չու­նի պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան մա­սին ո­րո­շում մը տա­լու։ Այդ լիա­զօ­րու­թիւ­նը ու­նի միայն Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վը։ Այ­սօ­րուան դրու­թեամբ ե­թէ ընտ­րու­թիւն մը ըլ­լայ, ա­պա միայն պի­տի ընտ­րուի ա­թո­ռա­կից պատ­րիարք մը։ Տ. Մես­րոպ Պատ­րիարք Մու­թա­ֆեան մին­չեւ իր կեան­քին վեր­ջա­ւո­րու­թիւ­նը պի­տի պա­հէ այդ հան­գա­ման­քը ու միայն իր վախ­ճա­նու­մէն վերջ պի­տի ու­նե­նայ յա­ջորդ մը։

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը եր­կար ժա­մա­նակ վերջ հրա­պա­րա­կաւ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցին շուրջ։ Պատ­րիար­քա­րա­նը ար­դէն ա­ռա­ջին իսկ պա­հուն տա­րա­կար­ծու­թիւն յայտ­նած էր պատ­րիար­քին հա­մար խնա­մա­տա­րի մը նշա­նակ­ման հար­ցին շուրջ։ Գում­գա­բուի աղ­բիւր­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս տա­րա­ծած էին նաեւ այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ տի­րա­մայր Մա­րի Մու­թա­ֆեա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, ուր եւս տա­րա­կար­ծու­թիւն կը յայտ­նուէր այդ դա­տա­կան դի­մու­մին շուրջ։ Խնա­մա­տա­րի մը նշա­նակ­ման պա­հան­ջով բա­ցուած դա­տը, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, յա­ւե­լեալ խո­չըն­դոտ մը կը դառ­նայ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ գոր­ծըն­թա­ցին շրջագ­ծով, որ ա­ռանց այդ ալ ար­դէն բա­ւա­կա­նա­չափ բարդ է։ Ա­ռանց հա­մայն­քէն ներս լայ­նա­խա­րիսխ հա­մա­խո­հու­թեան մը ձե­ւա­ւոր­ման՝ կա­րե­լի պի­տի չըլ­լայ այս խնդի­րը յաղ­թա­հա­րել։ Յա­մե­նայն­դէպս, եր­կար բա­նա­վէ­ճե­րէ վերջ, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ ա­թո­ռակ­ցու­թեան վար­կա­ծին միան­շա­նա­կօ­րէն կրկնուի­լը եւս կը թուի ըլ­լալ ո­րոշ չա­փով զար­մա­նա­լի։ Առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ, իս­կա­պէս, դժուար է կան­խա­տե­սել, թէ ո՛ւր կրնայ հաս­նիլ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ խնդի­րը։ Հա­մայն­քի ա­չա­լուրջ շրջա­նակ­նե­րը ար­դէն հա­մա­կեր­պած են համ­բե­րու­թեան գա­ղա­փա­րին. կը բա­ւէ, որ այդ համ­բե­րա­տար գոր­ծըն­թա­ցին մէջ չհա­սուն­նան մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն ու նա­խըն­թաց­նե­րուն, մա­նա­ւանդ Ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեան ո­գիին ու տար­րին ան­յա­րիր վար­կած­ներ, ո­րոնց գլխա­ւոր­նե­րէն մին է ա­թո­ռա­կից պատ­րիարք մը ընտ­րե­լու ա­պօ­րի­նի վար­կա­ծը։ Անց­նող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը լիու­լի բա­ւա­րար ե­ղած է ա­պա­ցու­ցա­նե­լու հա­մար, թէ ա­թո­ռակ­ցու­թեան վար­կա­ծը կը ծա­ռա­յէ միայն վի­ժեց­նե­լու պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ան­հեր­քե­լի հիմ­նա­ւո­րում­նե­րով Ս. Ծննդեան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ար­տա­յայ­տուե­ցաւ խնա­մա­տա­րի մը նշա­նակ­ման հար­ցին շուրջ, ինչ որ հեր­թա­կան ան­գամ ե­կաւ ա­պա­ցու­ցա­նել, թէ ա­նըն­դու­նե­լի է եւ ան­կա­րե­լի՝ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը կա­տա­րուած ի­րո­ղու­թեան առ­ջեւ թո­ղուլ այս նիւ­թին շուրջ։ Նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը միա­հա­մուռ կամ­քով կը հա­մախմ­բուին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին շուրջ։ Բայց եւ այն­պէս, մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի փոր­ձը ցոյց տուած է, որ պա­րա­գան նոյ­նը չէ ա­թո­ռակ­ցու­թեան վար­կա­ծին հա­մար։ Ա­թո­ռա­կից պատ­րիարք մը ու­նե­նա­լու նիւ­թին շուրջ Պատ­րիար­քա­րա­նի կող­մէ յա­ռաջ քշուած վար­կած­նե­րը նոյն­քան հա­մո­զիչ ու հիմ­նա­ւո­րուած չեն, քան միւս նիւ­թե­րը, ո­րոնց պա­րա­գա­յին կը բարձ­րա­նայ իր ձգո­ղա­կա­նու­թիւ­նը։ Ուս­տի, Պատ­րիար­քա­րա­նին կը մնայ դա­տել այս հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը՝ բո­լոր ար­դիւնք­նե­րով եւ հե­տե­ւանք­նե­րով հան­դերձ։

ՅՈՐ­ԴՈՐ՝ Ե­ՐԵՍ­ՓՈ­ԽԱՆ­ՆԵ­ՐՈՒՆ

Ս. Ծննդեան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան հայ­րա­բար յոր­դոր­ներ ալ ուղ­ղեց այս շրջա­նին Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ գտնուող հա­յազ­գի ե­րեք ե­րես­փո­խան­նե­րուն՝ մա­նա­ւանդ, որ ա­նոնց­մէ եր­կու­քը՝ Մար­գար Է­սաեան եւ Սե­լի­նա Տո­ղան ներ­կայ էին այդ հա­ւա­քոյ­թին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ը­սաւ, թէ ե­րեք ե­րես­փո­խան­ներն ալ խորհր­դա­րա­նէն ներս կը ներ­կա­յաց­նեն թէեւ ի­րենց կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, սա­կայն թրքա­հայ հա­մայն­քին վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն շուրջ պէտք է ըլ­լան միա­բե­րան։ «Հա­մայն­քին շա­հե­րը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար մէկ ձայն ե­ղէ՛ք», ը­սաւ ան։

ՄԱՂ­ԹԱՆՔ­ՆԵՐ

Իր խօս­քե­րուն տե­ւո­ղու­թեան Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ցաւ յայտ­նեց, թէ Պո­յա­ճը­գիւ­ղի Ս. Ե­րից Ման­կանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Նա­զա­րէթ Էօզ­սա­հա­կեան Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ոտ­նա­կոխ ը­րած էր՝ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու ամ­սա­կան­նե­րու հար­ցին շուրջ։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յայտ­նեց, թէ ե­թէ մենք մեր ցա­ւե­րուն մա­սին միա­սին խօ­սինք, միա­սին գտնենք բու­ժում մը, ա­պա ա­ւե­լի ա­ռողջ հա­մայնք մը պի­տի ըլ­լանք։ Հե­տե­ւա­բար, պէտք է Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին շուրջ ըլ­լալ հա­մա­խումբ։ Ան յոր­դո­րեց ա­ղօ­թել, որ­պէս­զի մեր երկ­րին մէջ, մեր իսկ ըն­տա­նիք­նե­րէն ներս տի­րէ խա­ղա­ղու­թիւն, որ­պէս­զի մեր սրտե­րը լե­ցուին սի­րով, հա­ւատ­քով եւ յոյ­սով։ «Մա­նուկ Յի­սու­սի հո­վա­նին ան­պա­կաս ըլ­լայ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ եւ մեր հա­մայն­քի վրա­յէն։ Ման­կա­ցեալ Յի­սու­սը թող խա­ղա­ղու­թիւն բե­րէ պոլ­սա­հա­յու­թեան», ը­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Պատ­րիար­քա­րա­նի պիւտ­ճէն պի­տի հրա­պա­րա­կուի Ս. Զատ­կի ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին։

Հա­ւա­քոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան խօսք ա­ռաւ նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու, որ եւս ընդգ­ծեց հա­մայն­քա­յին ընտ­րու­թիւն­նե­րու հար­ցին ժամ ա­ռաջ կար­գա­ւոր­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Ան հեր­քեց շշուկ­նե­րը, ըստ ո­րոնց ընտ­րու­թեան ար­տօ­նու­թիւ­նը կը յա­պա­ղի իր մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռաւ։ Շի­րի­նօղ­լու կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ա­պա­հո­վէ՝ ձա­խող հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րու վե­րընտ­րուե­լուն կան­խուի­լը։ Ան ընդգ­ծեց, թէ մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն կող­մէ տնօ­րի­նուած բո­լոր մի­ջոց­նե­րը, բո­լոր գու­մար­նե­րը կը պատ­կա­նին հա­մայն­քին, հե­տե­ւա­բար պէտք է ըլ­լալ զօ­րակ­ցու­թեան մէջ։ Ա­տե­նա­պե­տը ա­հա­զանգ հնչե­ցուց, որ այ­սօր հա­մայն­քէն ներս կը պակ­սի բա­րե­կա­մու­թիւ­նը եւ վար­չա­յին­նե­րը կա­րե­ւոր ո­րո­շում­ներ կ՚առ­նեն ա­ռանց զի­րար տե­ղեակ պա­հե­լու, կը գոր­ծեն ինք­նագ­լուխ՝ մա­նա­ւանդ հա­սու­թա­բեր կա­լուած­նե­րը վար­ձու տա­լու ժա­մա­նակ։

«ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԲԱՑԱԾ ԴԱՏԸ ԴԱՐՁԱԾ Է ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՐՑ ՄԸ»

Մեր հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նե­լով՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ս. Ծննդեան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին խօ­սե­ցաւ նաեւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ կա­տա­րուած դի­մու­մին շուրջ՝ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի, մայր տա­ճա­րի եւ յա­րա­կից հա­մա­լի­րի տա­րած­քի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի հար­ցին շուրջ։ Սա ա­ռա­ջին դէպքն էր, որ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան հրա­պա­րա­կաւ, պաշ­տօ­նա­պէս ար­տա­յայ­տուե­ցաւ յի­շեալ նիւ­թին կա­պակ­ցու­թեամբ։ «Սկիզ­բին մենք ալ մա­մու­լէն տե­ղե­կա­ցանք, թէ նման դատ մը բա­ցուած է», ը­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ այ­սօր այդ տա­րած­քին վրայ ո­չինչ մնա­ցած է։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը յի­շե­ցուց, որ Ան­թի­լիա­սի միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան առ­թիւ Պէյ­րութ այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի ալ ներ­կա­յու­թեամբ փոր­ձած էր այս նիւ­թին շուրջ խօ­սիլ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին հետ։ Բազ­մա­թիւ ե­պիս­կո­պոս­նե­րու ներ­կա­յու­թեան Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին հարց տուած է, թէ ին­չո՞ւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը տե­ղեակ չէ պա­հուած նման դա­տա­կան դի­մու­մի մը ժա­մա­նակ։ Ի պա­տաս­խան Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս կա­տա­կա­խառն ո­ճով մը յայտ­նած է, թէ ինք ի­րեն ը­սած էր այդ մա­սին։ Այդ կէ­տին վրայ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեանն ալ կա­տա­կա­խառն ո­ճով մը մի­ջամ­տե­լով նշած է, թէ կ՚ե­րե­ւի Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լը բա­ւա­կան ցած ձայ­նով մը ը­սած է, որ չէ լսուած։ Ա­ւե­լի վերջ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ման­րա­մաս­նօ­րէն փո­խան­ցեց Պէյ­րու­թի մէջ ապ­րուած­նե­րը, ո­րոնք այդ իսկ օ­րե­րուն ար­ձա­գանգ գտած էին թեր­թիս մէջ։ Այ­սինքն, Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս խու­սա­փած էր Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ խօ­սե­լէ այդ նիւ­թին շուրջ։

Այդ դրուագ­նե­րը պատ­մե­լու ա­ռըն­թեր, Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը նշեց, թէ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թի մը ըն­թաց­քին Ան­թի­լիա­սի կող­մէ բա­ցուած դա­տին շուրջ փոր­ձած էր կար­ծի­քը շօ­շա­փել՝ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէ­մի։ Այս վեր­ջի­նը պա­տաս­խա­նած էր, թէ տե­ղեակ չէր նման հար­ցէ մը։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յայտ­նեց, թէ Ան­թի­լիա­սի դա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան շուրջ կան բա­զում հար­ցա­կան­ներ։ Հիմ­նա­կան հար­ցա­կան­նե­րէն մին այն է, որ Ան­թի­լիաս դի­մու­մը կա­տա­րած է ուղ­ղա­կի Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ, մինչ­դեռ նման հար­ցե­րու պա­րա­գա­յին սկզբնա­կան փու­լին պէտք է դի­մել ա­ռա­ջին աս­տի­ճա­նի ա­տեան­նե­րուն։ «Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րուն մէջ դատ մը բա­ցուած է, ա­ռանց մեր գի­տակ­ցու­թեան։ Իսկ ե­թէ պե­տու­թիւ­նը պի­տի վե­րա­դարձ­նէ ի­րա­ւունք մը, ա­պա ո­րո՞ւ պի­տի վե­րա­դարձ­նէ. մե՞ր Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին պի­տի տրուի, թէ Ան­թի­լիա­սին», ը­սաւ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը եւ ընդգ­ծեց, որ ե­թէ նման սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւունք մը պի­տի վե­րա­դար­ձուի, ա­պա պէտք է պե­տու­թիւ­նը Պոլ­սոյ Ա­թո­ռին վե­րա­դարձ­նէ սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը այն ա­ւե­լի քան եր­կու հա­զար ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն, ո­րոնք 1915 թուա­կա­նէն ա­ռաջ կը գոր­ծէին այ­սօ­րուան Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րուն մէջ։

«Ես կը կաս­կա­ծիմ այս դա­տի յա­ջո­ղու­թե­նէն, սա­կայն պէտք է ըն­դու­նիլ, որ սա դար­ձած է քա­ղա­քա­կան հարց մը», եզ­րա­փա­կեց ան։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 9, 2016