ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ ԱՌԵՐԵՍՈՒՄ

2023 թուականի մուտքի դրութեամբ կարելի է արձանագրել, որ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս կը տիրէ իսկական քաոս մը։ Տօնական օրերը արդէն անցած են ու կեանքը վերադարձած է իր բնականոն հունին։ Գումգաբուի տարեմուտի ընդունելութեան ընթացքին ստեղծուած լարուածութեան արձագանգները կը շարունակուին համայնքային շրջանակներէն ներս։ Անշուշտ, զգացական տեսակէտէ տհաճ ու ցաւալի է, որ տաղաւարի հաւաքոյթի ընթացքին ձգտեալ մթնոլորտ մը ծագած է։ Յամենայնդէպս, պէտք է ուշադիր դիտարկել, որ լարուածութի՞ւն էր, թէ առերեսում։

Գաղտնիք չէ, որ համայնքային կեանքէն ներս տագնապեցուցիչ մշտական գործօնի մը վերածուած է՝ պոլսահայ կրթական հաստատութիւններու ցանցի նիւթական աննկարագրելիօրէն ծանր բեռը։ Մեր վարժարաններու պիւտճէները աստղաբաշխային գումարներու կը հասնին եւ սա մէկ կողմէ կը հրահրէ տագնապ, իսկ միւս կողմէ պոռթկում։

Տարեմուտի ընդունելութեան ընթացքին ստեղծուած մթնոլորտը եկաւ հերթական անգամ ապացուցանել, որ համայնքը անյետաձգելի բարեփոխումներու հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուի։ Արդարեւ, վարչատնտեսական գետնի վրայ արդիւնաւէտութեան հասնիլը առկայ մեծագոյն մարտահրաւէրը դարձած է։ Այլապէս, համայնքային համակարգի մատնուած փակուղին հետզհետէ սպառնալիքի մը կրնայ վերածուիլ՝ մարդուժի պատրաստութեան կենսական ընթացքը լրջօրէն կաղացնելու վտանգաւոր հեռանկարներով։ Տարեմուտի հաւաքոյթի մթնոլորտը պայմանաւորեցին այն մտահոգութիւնները, որոնք կը ծագին համայնքային կեանքի հրատապ հարցերէն։ Երկար ժամանակէ ի վեր խնդիրները այնքան կուտակուած են, որ հաւանական վտանգներու մասին խօսակցութիւնները անխուսափելիօրէն կ՚ուղղորդուին լարուածութիւններով։ Շուրջ 15 տարի վերջ տեղի ունեցած համայնքային ընտրութիւններով գործի գլուխ եկած նորընտիր վարչայիններուն տեսակէտէ, վստահաբար, սառը ցնցուղի մը ազդեցութիւնը գործեց ընդունելութեան մթնոլորտը։ Սա ձեւով մը կարծես անոնց համար եղաւ պաշտօնամուտ մը եւ անոնք ալ հաղորդ դարձան համայնքային հրատապ օրակարգի սուր դրսեւորումներուն՝ մասնաւորապէս միջոցներու բաժանման առումով։

Թրքահայութեան ներուժը սահմանափակ է բոլոր առումներով։ Ճիշդ է, որ ընդհանուր առմամբ մեր համայնքային հաստատութիւնները անանտեսելի հաւաքական հարստութիւն մը կը տնօրինեն։ Բայց եւ այնպէս, մարդուժի սահմանափակ ըլլալը երբեմն այնպիսի վիճակներ կը յառաջացնէ, որ նոյնիսկ այդ միջոցները տրամաբանական ձեւով կառավարելու եւ արժեւորելու հնարաւորութիւնը չ՚ըլլար։ Անշուշտ, այս տեսական հանգամանքին վրայ կու գայ աւելնալ համայնքէն ներս առկայ չափազանց ու աններելի տակնուվրայութիւնը։

Համայնքային վարժարանները օրակարգի վրայ առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնեն։ Անոնց նիւթական բեռը իսկապէս շատ ծանր է։ Վերջին տարիներուն խնդիրները բազմապատկուած են։ Համաշխարհային շարք մը գործօններու զուգահեռ՝ Թուրքիոյ մէջ գնաճի համեմատութեան մագլցումը նոյնիսկ պիւտճէի տարրական պատրաստութիւնը կը դժուարացնէ՝ առանց խօսելու այդ գումարները ապահովելու անկարելիութեան մասին։ Երկար ժամանակէ ի վեր վարչական հարթակներու վրայ կը բարձրաձայնուի կարգ մը դպրոցները միացնելու հարցը։ Հասկնալի է, որ սա շատ նուրբ պարագայ մըն է։ Թրքահայութեան պարագային դպրոցներ միացնելը, հասկնալի է, որ գործնականօրէն կը նշանակէ դպրոց փակել, կրթական օճախէ մը հրաժարիլ։ Զգացական կամ սկզբունքային նշանակութենէն անդին՝ կայ պարզ ճշմարտութիւն մը. երբեք փակուածին տեղը կարելի չէ բանալ նոր մը։ Սա այն էական հանգամանքն է, որ կը պարտադրէ հազար անգամ մտածել ու դարձեալ մտածել դպրոց մը փակելու արմատական որոշումը առնելէ առաջ։

Միւս կողմէ, կան նաեւ հանգամանքներ, որոնք այս բոլորի հակառակը կրնան ապացուցանել։ Այսինքն, փոքրանալով մեծնալու կամ ամրապնդուելու ռազմավարութիւնը անկարելի է անտեսել թրքահայութեան պարագային՝ մանաւանդ առկայ չափազանց սահմանափակ մարդուժով։ Մեր կրթական համակարգի աշակերտութեան քանակութիւնն ու վարժարաններու շէնքերու թիւը արդէն ծանօթ են։ Կարելի է սառնասիրտ, չոր հաշուարկներ ընել այդ համայնապատկերին վրայ, սակայն, առանց այդ կէտին հասնելու՝ պէտք է բացէ ի բաց խօսիլ տարրական հարցի մը շուրջ։ Այո՛, ամէն զոհողութիւն պէտք է ընել, ամէն միջոց պէտք է շռայլել մեր դպրոցներուն համար։ Բայց եւ այնպէս, կարելի՞ է հաշուի չառնել, թէ այդ բոլորը ինչ արդիւնք կու տայ։ Այսօր ո՞վ կրնայ պնդել, թէ մեր վարժարաններէն համայնքին ստացած հաւաքական արդիւնքը բաւարար է։ Դպրոցները բաց պահելու նպատակով յամառ պայքարի մտած վարչայիններն իսկ այսօր առաջնահերթութիւն չեն համարեր՝ մեր դպրոցներու շրջանաւարտներու հայերէնի իմացութեան, մայրենիին տիրապետելու մակարդակը։ Այսօր մարդիկ թէեւ կ՚ուզեն, որ հայկական վարժարանները բաց մնան, սակայն միւս կողմէ նոյնքան զգայնականութիւն չեն ցուցաբերեր՝ անոնց շրջանաւարտներու ինքնութեան տարրական յատկանիշներով օժտուած ըլլալուն ուղղութեամբ։ Այս հակասութիւնը կ՚այլանդակէ, նոյնիսկ կը լճացնէ պոլսահայ կրթական համակարգը։ Այս մակերեսայնութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ հայ դպրոցի հասկացութիւնը դադրի՝ որպէս առաքելութիւն մը ընկալուելէ եւ այդ կէտէն սկսեալ հայ դպրոցը կը վերածուի լոկ շէնքի մը։ Եւ երբ հայ դպրոցի հասկացութիւնը կը վերածուի շէնքի մը, կը ստանայ ֆիզիքական իմաստ, ապա այդ կէտէն սկսեալ շատ աւելի դիւրին կ՚ըլլայ միացման կամ փակման մասին խօսիլը։ Շատ աւելի դիւրին կ՚ըլլայ, որովհետեւ հարցը կը դադրի առաքելութեան մը վերաբերելէ եւ կը վերածուի զուտ շէնքերու, կալուածներու երեւոյթի։ Ահա այս կէտին վրայ է, որ պէտք է քոնսենսիւս մը գոյանայ համայնքէն ներս։ Անուրանալի է, որ մեր վարժարաններու բոլոր մակարդակի վարիչները, բացառութիւնները յարգելի, այս ուղղութեամբ ո՛չ միայն անտարբեր են, այլեւ տեսլական չունին։

Տարեմուտի ընդունելութեան ընթացքին Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը կոչ ուղղած է, որպէսզի աշխարհական-վարչական գետնի վրայ վերակազմակերպումի մը շրջանը սկսի համայնքէն ներս։ Սա, անշուշտ, պարզ հարց մը չէ։ Ներքին իմաստով համագործակցութեան ամուր կամք, միասնականութեան ոգի կ՚ենթադրէ, ինչ որ հետզհետէ կը պակսի պոլսահայ հաւաքական կեանքէն ներս։ Խնդիրը ունի պետութեան վերաբերեալ երեսակ մը՝ մանաւանդ իւրաքանչիւրը որպէս առանձին վարչական միաւոր դասուած կառոյցներու հակակշռման եւ գործունէութեան համակարգման հնարաւորութիւններուն տեսակէտէ։ Մասնագիտական պաշար մըն ալ պէտք է ըլլայ, որպէսզի մէկ կողմէ ներքին գետնի վրայ յստակ նպատակներու շուրջ համայնքը համախմբել հնարաւոր դառնայ, իսկ միւս կողմէ կարելի ըլլայ հիմնաւորուած ձեւով պետութիւնը համոզել եւ առաջարկներ կամ այլընտրանքներ ներկայացնել անոր, որպէսզի պատկան մարմինները կարենան ներթափանցել այսօրուան կարիքներուն։

Համայնքային կեանքը վաղուց ճամբաբաժանի մը դէմ յանդիման է։ Տարեմուտի Գումգաբուի ընդունելութեան ընթացքին հնչած քննադատութիւնները երբեք ժամկէտանց կամ ժամանակավրէպ պէտք է համարուին՝ մասնաւորապէս Պէյքոզի եւ Կէտիկփաշայի եկեղեցիներուն պետութեան կողմէ տրամադրուած գումարներու արժեւորման արդիւնաւէտութեան մակարդակին տեսակէտէ։ Սա միայն թափանցիկութեան հարց մը չէ։ Սա միայն մեղադրանքի կամ քննադատութեան ալ հարց մը չէ։ Հաւաքականութիւն մը ճիշդ կողմնորոշուելու համար պէտք է լաւ հասկնայ, որ նո՛ր միջոցներու տիրանալու պարագային ի՞նչ նո՛ր բան ընելու կարողութիւն կամ ընդունակութիւն ունի։ Առանց այս բոլորը գիտնալու միամտութիւն է ակնկալել, որ համայնքէն ներս առկայ համատարած անտարբերութիւնը յաղթահարուի։

Գումգաբուի տարեմուտի ընդունելութեան ժամանակ ծագած լարուածութիւնը յաջորդ քայլափոխին առաւելութիւն մը կրնայ ըլլալ, եթէ զայն վերածուի առերեսումի։ Այլապէս, մարդիկ վաղուց գիտեն, թէ իրարու վրայ պոռալով, իրարու հակադրուելով մեր խնդիրները չեն լուծուիր։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2023