Դուռ մը՝ ապագայի համար

Վերջին օրերուն քաղաքական օրակարգի վրայ տեղ կը զբաղեցնէ՝ Հայաստանի կողմէ 2009 թուականին, Ցիւրիխի մէջ, Թուրքիոյ հետ ստորագրուած արձանագրութիւններու կնքման գործընթացի կասեցումը։ Այս կապակցութեամբ անցեալ տարեվերջին հերթական վիճաբանութիւնն ալ տեղի ունեցած էր Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ։ Երկու մայրաքաղաքները վերահաստատած էին իրենց հակադիր, իրերամերժ դիրքորոշումները՝ յարաբերութիւններու բնականոնացման առումով։ Պաշտօնական անհաշտ տեսակէտներու մանրամասնութիւնները ծանօթ են ընդհանրապէս։

Առհասարակ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները փակուղիի մէջ են՝ աւելի քան քառորդ դարէ ի վեր։ Այս ժամանակաշրջանին կողմերը բեկումնային պահուն շատ մօտեցած էին՝ Ցիւրիխի արձանագրութիւններու ստորագրումով։ Վերջին պահուն եկած ձախողումը, անշուշտ, ծնունդ տուաւ մեծ յուսախաբութեան եւ ահաւոր անվստահութեան տագնապի մը։ Աւելորդ է ըսել, որ այդ անվստահութեան յաղթահարումը տակաւին կարելի չէ եղած, նոյնիսկ տակաւին ենթագետին մը չէ ստեղծուած այս ուղղութեամբ։ Եւ այս իրավիճակին մէջ Երեւանի ղեկավարութիւնը առ ոչինչ հռչակած է՝ Անգարայի հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի յաջորդի ընտրութենէն օր մը առաջ առնուած է այս քայլը։ Այսինքն ան չէ փափաքած իր նախաձեռնութեան առկայ բեռը փոխանցել յառաջիկայ՝ նոր շրջանին։

Սա բաւական մռայլ համայնապատկեր մըն է, որու վրայ դժուար թէ կարելի ըլլայ լաւատեսութեան նշոյլ մը նշմարել։ Տարածքաշրջանէ ներս իր վիճակը կը բարդանայ՝ պայմանաւորելով յարափոփոխ կացութիւն, լպրծուն գետին մը։ Նման քարացած հարցերու լուծման հեռանկարներ չի խոստանար առկայ վիճակը։ Ընդհանրացած տպաւորութիւնն է, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի պարագային առնուելիք հաւանական դրական քայլերը կախում ունին Ատրպէյճանի դիրքորոշումէն։ Ճիշդ է, որ Պաքու-Անգարա համագործակցութիւնը տարածքաշրջանէն ներս լուրջ գործօն մըն է, շատ բան կը պայմանաւորէ, սակայն վերջին հաշուով թրքական կողմը չի թողուր իր նախաձեռնութիւնները այլ երկրէ մը կախուածութեան մէջ։ Պարզապէս, Հայաստանի պարագային այդ տպաւորութիւնը հանդուրժելի է Թուրքիոյ տեսակէտէ։

Անգարա եւ Երեւան տակաւին իրարու առջեւ փակ կը պահեն դռները, սակայն վերջին յայտարարութիւններուն մէջ, տողերու արանքին զգալի է, որ այդ բանը կ՚ընեն առանց ապագան գրաւի տակ պահելու։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 9, 2018