ԿԵՐՊԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Ո՞վ է նախագահ Էրտողանի հիմնական մրցակիցը եւ որո՞նք են այդ մրցակցութեան գաղափարական հիմքերը։ Հեռուէն դիտարկելով տպաւորութիւն կրնայ ստեղծուիլ, թէ կը խաղարկուի շատ ծանօթ բեմագրութիւն՝ ո՛վ ուզէ ըլլայ, միայն ոչ գործող նախագահը։ Մթնոլորտը տեղւոյն վրայ շնչելով՝ կարելի է հազար բան ըսել, անշուշտ։ Յամենայնդէպս, նախագահ Էրտողանի հիմնական մրցակիցը այս պահու դրութեամբ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ CHP-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն է։ Մրցակցութիւնը, բնականաբար, գաղափարական հիմքեր ունի։ Այլապէս, քաղաքականութեան մէջ հարիւր տոկոս գաղափարական հիմքէ զուրկ պայքար մը պատկերացնել բաւական դժուար է՝ որքան որ ալ ամէն ինչ մնայ ամբոխավարութեան ստուերին տակ։ Դուրսէն դիտարկելով ստեղծուած տպաւորութիւնն ալ անհերքելի է։ Այսինքն, կը խաղարկուի այն շատ ծանօթ բեմագրութիւնը՝ ո՛վ ուզէ ըլլայ, միայն թէ չըլլայ այժմու ղեկավարը։
Նախագահ Էրտողանի նման քաղաքական կերպարները միշտ կը յաջողին իրենց շուրջ համախմբել մեծ զանգուածներ, միւս կողմէ ալ, մետայլի միւս երեսակին, ինքնաբերաբար կ՚ունենան նոյնքան մեծ թիւով ընդդիմադիրներ։ Համակրանքը որքան որ մեծ ըլլայ, հակակրանքն ալ կարծես կ՚ընթանայ համաչափ։ Այսինքն, համակրողներու մեծ զանգուածը նախագահ Էրտողանին միշտ ապահոված է իշխանութիւն, սակայն, հակակրողներն ալ դարձուցած է ա՛լ աւելի արմատական։ Ուրեմն, մայիսի 14-ի ընտրութիւնները այս թատերախաղի հերթական արարը պիտի ըլլան։
Ընտրողներու քանի մը տասնեակ միլիոնի հասած զանգուածին մէջ, հասկնալիօրէն, կան շերտեր։ Ընտրազանգուածի կարեւոր մէկ տոկոսը գիտակցական կեանքը ապրած է՝ նախագահ Էրտողանի ղեկավարութեան տարիներուն։ Նախորդ ժամանակաշրջանները յիշելու յարմարութեամբ տարիքով ընտրողները, անշուշտ, կ՚առաջնորդուին տարբեր չափանիշներով։ Արդարեւ, այժմու ղեկավարութենէն առաջ Թուրքիա երկար շրջաններ համախոհական կառավարութիւններով ղեկավարուած էր։ Այդ շրջաններու քաղաքական համայնապատկերին վրայ դժուար էր ակնկալել վճռակամ լուծումներու հետամուտ միահեծան ընթացք։ Այսօր, ուրեմն, կան մարդիկ, ըստ որոնց տրամաբանութեան, ներքին ներդաշնակութեամբ իշխանութիւն մը անհրաժեշտ նախադրեալ է երկրին կայունութեան եւ տնտեսութեան առողջ ընթացքին համար։ Միւս կողմէ, կայ նաեւ ուրիշ զանգուած մը, որ պատասխան կամ պատասխանատու կը փնտռէ առկայ դժուարութիւններուն համար։ Անոնք, որոնք իրենց գիտակցական կեանքը ապրած են նախագահ Էրտողանի իշխանութեան տարիներուն, այսօր, հասկնալիօրէն, իրենց կեանքին ընթացքը հարցաքննելու կամ ապագան ծրագրաւորելու ճանապարհին քննադատութեան նետերը կ՚ուղղեն դէպի երկրին ղեկավարը։
Այս եւ նման գործողութիւնները ընտրութիւններուն ընդառաջ կը ձեւաւորեն ուժային յարաբերակցութիւնը։ Անշուշտ, նախընտրական մթնոլորտը միշտ այնպիսի բնոյթ մը կ՚ունենայ, որ ուժերու յարաբերակցութիւնը կ՚ըլլայ յարափոփոխ։
Թէ ո՞ր տրամաբանութիւնը պիտի գերիշխէ, դժուար է գիտնալ։ Քուէարկութեան թուականը որքան որ մօտենայ՝ քաղաքական ուժերը այնքան աւելի կը հրահրեն մթնոլորտը։ Անոնք մէկ կողմէ կ՚ուզեն քոնսոլիտէ ընել իրենց շուրջ համախմբուած ընտրողները, իսկ միւս կողմէ կը ջանան ընդլայնել իրենց ընտրազանգուածը։ Այս որոնումներուն մէջ անխուսափելիօրէն կը թիրախաւորուին կերպարները՝ մանաւանդ առաջնորդներու անձերը։ Եթէ շուրջ քսան տարի վերջ ընդդիմութիւնը կ՚ուզէ իշխանափոխութիւն ապահովել Թուրքիոյ մէջ եւ այս նպատակին հասնելու համար կը ձգտի արժանանալ ժողովուրդի հաւանութեան, ապա, հասկնալի է, որ պիտի թիրախաւորէ նախագահ Էրտողանը, որ այս երկու տասնամեակի հիմնական դերակատարն է։ Հակառակ տեսանկիւնէն, իշխանական ճամբարն ալ կը գործէ նոյն տրամաբանութեամբ։ Այսինքն, նախագահ Էրտողան այն վառ անհատականութիւնն է, որու մարմնաւորած կերպարը այս ընտրութիւններու յարացոյցն է։ Ան իսկապէս շատ տիրական քաղաքական գործիչ մըն է եւ այդ հանգամանքին մէջ թաքնուած են իր թէ՛ առաւելութիւնները եւ թէ խոցելի կէտերը։ Վերջին շուրջ քսան տարիներու վերյիշումը ցոյց կու տայ, թէ մայիսի 14-ին Էրտողանի իշխանութեան գլուխ մնալն ալ զարմանալի չ՚ըլլար, չվերընտրուիլն ալ անակնկալ չի համարուիր։ Ընտրութիւնը արդէն Էրտողանի եւ ուրիշի մը միջեւ է։ Եթէ այդպէս չըլլար, նախընտրական գործընթացի վաղ փուլերուն ընդդիմադիր ճամբարէն ներս ապրուածները շատ աւելի տարբեր կ՚ըլլային։ Էրտողանին դէմ ժողովուրդին ներկայացուելիք անունը որոշելու համար այդքան երկար բանակցութիւններ եւ սակարկութիւններ տեղի չէին ունենար։
Վէճէ դուրս է, որ մրցակցութիւնը ծանր է։ Նախագահ Էրտողան քանիցս ապացուցած է, որ լիուլի ի վիճակի է այդ ծանրութիւնը տանելու։ Ընդդիմութիւնն ալ ի յայտ կը բերէ իր ամբողջ կշիռը՝ խաղի կանոնները փոխելու եւ իր նպատակին հասնելու համար։ Ժողովուրդին սպասումն է, որ այդ ամբողջ ծանրութիւնը կշիռքի վրայ դրուի՝ երկրի ճակատագրին ի նպաստ։
Այս բոլորի գործնական դրսեւորման հաւանականութիւնները հաշուարկելու համար պէտք է վերյիշել նաեւ անցեալի փորձառութիւնը։ Թուրքիոյ մէջ իշխանափոխութիւնները միշտ տեղի ունեցած են ընկերատնտեսական ծանր պայմաններու ներքեւ։ Երբ տնտեսական վիճակը վատթարացած է, իշխանութիւնները դժուարացած են իրենց ժողովրդական յենարանները պահպանելու։ Այս բոլորը ի զօրու են Հանրապետական շրջանի բոլոր վառ ղեկավարներու պարագային։ Այժմ ընդդիմութիւնը կը յուսադրուի՝ հաշուի առնելով այս փորձառութիւնը, որովհետեւ երկրին տնտեսութիւնը փայլուն պատկեր մը չի պարզեր։ Իսկ իշխանութիւնը կը վստահի ընտրողներու դատողութեան եւ կը հաւատայ, թէ մարդիկ վերջին հաշուով պիտի տրամաբանեն, որ առկայ խնդիրները լուծելու ամենաբարձր կարողութեան տէր դէմքը դարձեալ նախագահ Էրտողանն է։
Այժմ, երկու մրցակիցներն ալ, կարծես, ընտրութիւններուն կ՚երթան իրենց շուրջ կուռ համախմբումներով։ Թէ ի՞նչ յոյսեր եւ վերապահումներ ունի հասարակութիւնը՝ կապուած քաղաքական այդ խմբաւորումներուն հետ։ Նախընտրական տրամադրութիւնները ճիշդ պատկերացնելու տեսակէտէ այս բոլորը, բնականաբար, կարեւոր հարցադրումներ են։ Մայիսի 14-ին Թուրքիոյ քաղաքացիները թէ՛ պիտի ընտրեն հանրապետութեան նախագահը եւ թէ նոր խորհրդարանը։ Ըստ էութեան, այս երկուքին նոյնաժամանակ կատարուիլն է կուռ համախմբումներու ստեղծման պատճառը։ Նախագահական կառավարման համակարգի հաստատուելէն վերջ այս ընտրութիւնը արդէն կարեւոր ճամբաբաժան մըն է։ Ընտրուելիք նախագահը, պարզ է, որ խորհրդարանէն ներս պէտք է ամուր յենարաններ ունենայ լիարժէք պաշտօնավարելու համար։ Ուստի, ձեւաւորուած են դաշինքներ։
Նախագահ Էրտողանի կողմէ գլխաւորուած «Ճումհուր» դաշինքը եւ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի կողմէ գլխաւորուած «Միլլեթ» դաշինքը, ըստ երեւոյթին, լաւագոյնս կը ցոլացնեն այս քաղաքական հաշուարկները։ Էրտողան կը փորձէ հասնիլ պահպանողական ընտրազանգուածին։ Իր կուսակցութեան ընտրազանգուածը արդէն մեծաւ մասամբ կը բաղկանայ իսլամական զգայնութիւններով խաւերէ։ Անոնց վրայ կու գան աւելնալ աւելի ազգայնական մարդիկ՝ շնորհիւ Գորշ գայլերու ներդրումին։ Նկատի ունենալով, որ կրօնամէտ կուսակցութիւններու միջեւ այս վերջին երկու տասնամեակներուն ուժերու վերադասաւորումներ եղած են՝ «Ճումհուր» դաշինքին ներառուած են նաեւ այդ պահպանողական քաղաքական ուժերէն ոմանք։ Յամենայնդէպս, «Ճումհուր» դաշինքը ընտրողներուն կը ներկայանայ՝ որպէս շատ աւելի քոմփաքթ միաւոր մը, որ կ՚առաջնորդուի նախագահ Էրտողանին կողմէ։
«Միլլեթ» դաշինքը ունի աւելի տարբեր ու շերտաւոր կառուցուածք, խայտաբղէտ պատկեր մը կը ցոլացնէ։ Տրամաբանական է, որ անոր առանցքը կը կազմէ խորհրդարանի գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը։ Արդէն ընդդիմադիր նախագահի թեկնածուն ալ այդ կուսակցութեան առաջնորդն է։ Այժմու խորհրդարանի հիմնական կուսակցութիւններէն երկուքը «Ճումհուր» դաշինքին մէջ են, իսկ միւս երկուքը՝ «Միլլեթ» դաշինքին մէջ։ Գլխաւոր ընդդիմադիր CHP-ն քեմալական-ձախակողմեան ընտրազանգուածին համար հարազատ է։ Իշխանութիւններէն յուսախաբ ազգայնական թեքումով ընտրողները հակուած են İYİ կուսակցութեան։ Աջակողմեան-պահպանողական, յարաբերաբար աւելի կրօնամէտ ընտրողները սիրաշահելու համար եւս կուսակցութիւններ ընդգրկուած են այս դաշինքին մէջ։ Եւ այդ վեց կուսակցութիւններու շարքերը կը համալրուին այնպիսի քաղաքական ուժերով, որոնց առաջնորդները մինչեւ մօտաւոր անցեալը իշխանական ճամբարի վառ անհատականութիւններու շարքին կը դասուէին. օրինակ՝ Ահմէտ Տաւութօղլու եւ Ալի Պապաճան։ Անշուշտ, լայն զանգուածներու հակազդեցութիւնը շօշափելի զօրակցութեան վերածելու տեսակէտէ կարեւոր նշանակութիւն ունի նախկին իշխանաւորներու ներկայութիւնը։ «Միլլեթ» դաշինքը յառաջ կը քշէ նաեւ մայրաքաղաք Անգարայի եւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետներուն՝ Մանսուր Եավաշի եւ Էքրէմ Իմամօղլուի խաղաքարտերը։ Արդարեւ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու վերջին ընտրութիւններուն ժամանակ անոնց կողմէ տարուած յաղթանակը լուրջ հարուած մը եղած էր իշխանութիւններուն դէմ։ Ընդդիմութիւնը այս փուլին ալ կը ջանայ անոնց կերպարները ծառայեցնել իր նպատակներուն։
Հետեւաբար, բոլոր քաղաքական ուժերը լաւ կը գիտակցին իրենց առաւելութիւններուն եւ իրենց նախընտրական մարտավարութեամբ կը ջանան զերծ մնալ թիւր տպաւորութիւններ յառաջացնելէ։ Բոլորին ալ խօսոյթը հետամուտ է ապացուցանելու, որ ապագային ժողովուրդի բոլոր խաւերու կենցաղն ու ապրելակերպը երաշխաւորուած պիտի ըլլայ՝ բոլոր ազատութիւններով եւ ամենալայն իրաւունքներով հանդերձ։ Սա շատ կարեւոր կէտ մըն է, որպէսզի առկայ բեւեռացեալ պայմաններուն ներքեւ նախընտրական գործընթացը պահուի նպատակասլաց հունի մը մէջ։ Հանրապետական շրջանի հաւաքական փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ անկառավարելի լարուածութիւնները միշտ վնաս կը հասցնեն երկրին ու ժողովուրդին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ