Մրցաշարք եւ գայթակղութիւն - բ
«Ռուբէն Սէմէրճեան» միջմիութենական պասքեթպոլի մրցաշարքին շրջագծով ստեղծուած գայթակղութեան կապակցութեամբ երէկ այս սիւնակին մէջ գրուածներուն ի շարունակութիւն մատնանշենք քանի մը առանցքային հանգամանք։
1- Այս մրցաշարքը կազմակերպուած է իսթանպուլահայ վարժարաններու շրջանաւարտից միութիւններուն կողմէ, անոնց համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Հետեւաբար, արդէն անբնական է մարզական այս ծրագրին մեր համայնքէն դուրս ամէն տեսակ մասնակցութիւն։
Եթէ երկու ասորի երիտասարդները նախապէս մասնակցութիւն բերած են այս ծրագրին, սա բնականաբար որոշ իրաւունք մը կը վերագրէ իրենց։ Եթէ կազմակերպչական կամ կանոնակարգային առումով անցեալի մէջ թերացում մը եղած է, ապա անպայման այդ թերացման տեւականացումը անհրաժեշտ չէ։ Միւս կողմէ, սակայն, մարզական կամ այլ որեւէ միջավայրի մը մէջ, որեւէ գործադրութեան կամ կարգադրութեան հիմնաւորումը անկարելի է ներկայացնել պատկանելիութեան վերաբերեալ հանգամանքներով։
Հետեւաբար, մրցաշարքի կարգադիր յանձնախումբը մեծ ձախողում մը ունեցած է այստեղ։ Եղբայր ասորի համայնքի երիտասարդներուն պէտք էր բացատրել, որ պոլսահայ վարժարաններու շրջանաւարտները ընդգրկուած են այս ծրագրին մէջ։ Պատճառը այսքան պարզ է։ Խնդրին այլամերժութեան երանգ վերագրելը ոչ միայն համբակութիւն է, այլ նաեւ անընդունելի անպատասխանատուութիւն մը։
2- Կարգադիր յանձնախումբը ունի նաեւ ուրիշ թերութիւն մը։ Արդարեւ, ենթակայ երկու ասորի երիտասարդները մաս կազմած են Եշիլգիւղի սանուց միութեան անունով մրցաշարքին մասնակցելիք խումբին։ Ներկայիս գործնականօրէն Եշիլգիւղի սանուց միութիւն մը գոյութիւն չունի։ Գոյութիւն չունի նաեւ այդ միութեան վարչութիւնը։ Հետեւաբար, կարգադիր յանձնախումբը Եշիլգիւղի սանուց միութեան անունով իրեն հետ շփման մէջ անցած անձնաւորութիւններուն ներկայացուցած է պահանջ մը։ Այդ պահանջը եղած է Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ երաշխաւորագրի մը ներկայացումը։ Սա ճիշդ մօտեցում է։ Աւելի վերջ, սակայն, հակառակ այդ երաշխաւորագրի բացակայութեան՝ կարգադիր յանձնախումբը ընդունած է Եշիլգիւղի սանուց միութեան խումբին մասնակցութիւնը։ Սա սխալ է միանշանակ։ Ներքին հակասութիւններով կամ տարակարծութիւններով, ակնյայտ անփութութեամբ կարգադիր յանձնախումբը պատճառ դարձած է այս տհաճ իրավիճակի ծագելուն։
Վաղը պիտի շարունակենք նոյն նիւթին շուրջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ