Անթիլիասի Համահայկական մամլոյ համաժողովի լոյսին տակ (բ.)

Հայ մամլոյ համահայկական համաժողովի ընթացքին թէեւ արծարծուեցան բազում նիւթեր, սակայն ամենաշատ եւ ամենայաճախակիօրէն հնչած բառերէն մին էր համագործակցութիւնը։ Հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհէ ներս իրապաշտ համագործակցութիւն մը այսօր կ՚ենթադրէ հիմնական երեք առանցք։ Առաջինը՝ աշխատող, արհեստավարժ լրագրողներու ցանցի մը ստեղծուիլն է՝ հնարաւորինս բարձր արդիւնաւէտութեամբ։ Երկրորդը՝ մասնագէտներու կարիքը։ Արդարեւ, հայկական լրատուամիջոցները կարիքն ունին զանազան բնագաւառներու հմուտ մասնագէտներու հեղինակաւոր կարծիքին եւ թէ թեքնիկ մասնագէտներու, որոնք համացանցային աշխարհէ ներս կրնան ամրապնդել անոնց դերը ու կրնան դիւրացնել անոնց միջեւ կապը, յարաբերութիւնը։ Եւ երրորդ առանցքը՝ ինքնին լրատուամիջոցն է։ Նման համաժողովներու ընթացքին թէեւ բազում լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ մէկտեղուիլը կ՚ըլլայ շատ հաճելի, մարդկայնօրէն հարստացուցիչ, սակայն, բոլորին ծանօթ է, որ իրականութեան մէջ այդքան բարձր թիւով լրատուամիջոց գոյութիւն չունի հայ իրականութենէն ներս։ Ուստի, լիարժէք լրատուամիջոցներու միջեւ համագործակցութեան մը ձեւաւորումը կրնայ գործնական առումով շատ աւելի արդիւնաւէտ եւ նպատակասլաց ըլլալ։

Վաղը այս երեք նիւթերու շուրջ խորհրդածելով պիտի եզրափակենք մեր տպաւորութիւններու շարքը, իսկ այսօր յօդուածաշարքին կցած ենք նաեւ Անթիլիասի մէջ կազմակերպուած համագումարի աւարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը։

Թէեւ առաջին հայեացքով այս երեք կէտերը կը թուին ըլլալ շատ պարզ եւ մակերեսային։ Բայց եւ այնպէս, ոլորտի, գործի տրամաբանութենէն բխած այս երեք կէտերը, միեւնոյն ժամանակ, կը համարուին էապէս խորքային։ 

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ի՞ՆՉ ՏԵՍԱԿԻ ԼՐԱԳՐՈՂ. ԿԱՄ ԼՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ…

Պէյրութի համաժողովին մեկնելէ առաջ հեռաձայնով խօսեցանք Երեւանի մեր գրչեղբայրներէն Սագօ Արեանի հետ։ Ան թէեւ Հայաստան հաստատուած է, սակայն ծնած է Պէյրութի մէջ։ Մեր երկուքին համար ալ զգացական նշանակութիւն ունէր այդ խօսակցութիւնը։ Մենք կ՚այցելէինք իր ծննդավայրը եւ ան խորապէս խանդավառուած էր այդ պարագայով։ Արդէն համաժողովի օրերուն իսկ Սագօ Արեան մեզի ուղարկեց դիպուկ գրութիւն մը, որ գրուած էր մեր հեռախօսազրոյցի տպաւորութեան տակ։ Մեր տպաւորութիւններու վերաբերեալ ներկայ յօդուածաշարքի այսօրուան բաժնին մէջ տեղ կու տանք այս գրութեան։

Շատ կարճ գրութիւն մըն է ասիկա։ Կարճ, որովհետեւ մեր օրերուն մարդիկ ստիպուած են շատ աշխատիլ եւ քիչ կարդալ։ Շատ աշխատիլ, իրենց առօրեայ հացը վաստակելու եւ արժանապատիւ կեանք մը ապրելու համար։

Մարդիկ կարճ կը կարդան, որպէսզի գլխապտոյտ չունենան... եւ կարողանան ծանր օրուան աւարտին, գործէն-տուն երթալու ճանապարհին տեղ մը նստիլ եւ սանկ լաւ շունչ մը քաշել ու գարեջուրի մը շուրջ խօսիլ օրուան անցուդարձերուն մասին։

Տարիներ առաջ, երբ տակաւին Պուրճ Համուտի բնակիչ էի, ես ալ սովորութիւն մ՚ունէի, կէսօրէ ետքերը պզտիկ դադար մը առնել եւ այցելել կարգ մը բարեկամներու, որոնք պատրաստ էին արեւմտահայ գրականութեան մասին, իմ ոչ այդքան հաճելի խօսքերը լսել։

 Արա Արծրունի, Յակոբ Մանուկեան, Պէպօ Սիմոնեան (հիմա լոյսերու մէջ թող պառկին) եւ դեռ ուրիշներ կը դառնային իմ սիրելի խօսակիցներս, չնայած անոր որ շատ յաճախ անոնց ոչ բոլոր գաղափարները կը կիսէի, կամ կը համաձայնէի անոնց կարգ մը միտքերուն հետ։

Շատ մը առիթներով ալ ստիպուած կ՚ըլլայի արեւելեան Պէյրութը հատել ու հասնիլ մինչեւ Համրա, լաւ գարեջուր մը վայելելու ու դիմացս նստած Մեթր Գասպար Տէրտէրեանին հետ Հայաստանի անցուդարձերուն մասին խօսելու։

Այն ժամանակ, տարերքս բանաստեղծութիւնն էր։

Բանաստեղծութիւն ամէն առիթի, ամէն շունչի, ամէն շարժումի, ամէն բողոքի, ամէն ծանօթութեան եւ ամէն կարմրութեան հետ։

Պէյրութը, որ նոր դուրս եկած էր պատերազմէն եւ հագած էր հարսի սպիտակ հագուստները, շատ ատեն չէր ուզեր հասկնալ զիս։

Պարզ է, ես կը խօսէի հայերէն, իսկ Պէյրութի բանաստեղծութեան մայթերէն եւ անոր նեղ ու մութ թաղերէն վեր կը բարձրանար արաբական արդի բանաստեղծութեան ամենէն տարերային շունչը։

Կը ծանօթանայի գրողներու, հաց կը կիսէի անոնց հետ ու շատ անգամներ բոլորով մէկ կ՚երթայինք «համրացիներ»ուն համար շատ յայտնի «Պարոն Յարութ»ին գարեջրատունը, մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը խօսելու եւ լսելու, պատմելու եւ ականջ տալու Պէյրութ քաղաքի մեծ ու փոքր արկածներուն մասին։

Տարերքը կը մնար նոյնը, իսկ բանաստեղծութիւն երկնելու անկասելի եռանդը կը վերածուէր կիրքի եւ մաս առ մաս կը բաժնուէր ճակատագրի ընկերներուս։

Չեմ ալ յիշեր, որ քանի հոգի էին անոնք, որոնց հետ այդ օրերուն գրականութիւն ընելու, գրականութիւն ստեղծելու եւ գրականութիւն բերելու մեծխօսիկութիւնը կը կիսէի։

Այդ օրերուն այդպէս էր, նստած տեղս աշխարհի սիրտն էր, ու ես նըս-տած տեղէս կը հաւատայի, որ եկած եմ աշխարհը փոխելու...

Աւելի ուշ, երբ կը հեռանայի Պէյրութէն, անգամ մըն ալ «պարոն բանաստեղծութեան» երեսը չէի տեսներ, իսկ Երեւանի իմ գրող-մրող ընկերներս կը կորսուէին մութի շղարշին մէջ, զիս դարձեալ մինակ ձգելով արեւմատահայերէն գրելու կիրքիս եւ բառերու անտառին մէջ կորսուելու մեծ փափաքիս հետ։

Բանաստեղծութիւնը կը դառնար յօդուած, յօդուածը կը կոչուէր ակնարկ, ըսելիքը կը շպարուէր ու տեղ կը գտնէր, որպէս պրիսմակ եւ այսպէս շնորհիւ յատկապէս Պէյրութի «Արարատ»ին ու Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին ես կը շարունակէի տաք հացի համար, ամէն օր իմ խմորս շաղել, խմորին աւելցնել ձէթ եւ ջուր ու յետոյ նետել գրաշարներուն առջեւ, որպէսզի անոնք ալ այդ արիւն-քրտինքով շաղուած բառերս տային լոյսին... եւ ընթերցողներուս։

Հիմա արդէն 7 տարի կ՚ընէ, որ ես լրագրութեամբ կ՚ապրիմ։

Ըսել չէ, որ կը գրեմ միայն թերթիս սիւնակները լեցնելու համար, այլ կ՚ապրիմ լրագրութիւնը վայելքի պէս։

 Առաւօտուն աչքերս կը բանամ երեւանեան աշխարհի զարգացումներուն եւ յետոյ հեղ մը Պէյրութին, ու հեղ մըն ալ Պոլիսին նայելով մեծ օրակարգս կը բանամ։ Ու ամէն տեսակի դժուարութիւն մէկդի նետելով, ես ամէն օր կը սորվիմ հաշտ ապրիլ լրագրողի աշխարհիս հետ։

Արագ դէպքեր, մեծ զարգացումներ, ստեղնաշարին առջեւ քառասուն տարեկան մարդու յոգնութիւն եւ կարօտ, գրելու կիրքին առջեւ ամէն պահ մեռնելու վախ եւ կեանքի ու տարիքի արագ թաւալումին մէջ մեծ հարցումներու եւ մեծ սպասումներու կեդրոնը ըլլալու մտասեւեռում...

Այս բոլորը կան, կան անշուշտ նոր երազներ, նոր ընկերներ, նոր միջավայր եւ նոր յոյսեր, սակայն երէկուան գրելու կիրքը կը դանդաղի...

Կը դանդաղի բառին թափը, եւ երէկ աշխարհը ամէն գնով փոխելու մեծ լարումը տեղի կու տայ, բարի անկիւն մը նստելու եւ մեղմ երաժշտութիւն մը լսելու մեծ գոհացումին առջեւ։

Այս բոլորը կը կատարուին շատ հեզասահ կերպով, ինչպէս երեկոյեան ժամերուն գրասենեակի տօթէն խամրած վարագոյրը բանալս, կամ գրասենեակէն մինչեւ «Շանթ»ի սթիւտիօ ոտքով իջնելս ու աստիճանները հատ-հատ չափելս...

 Ի դէպ, հոս Պէյրութի հին աստիճանները չկան, այն աստիճանները, որոնք կը հատէին մեր եւ մեր ծնողներու ապրած ու կիսած ծեր ու վարպետ քաղաքին ճակատագիրը։

Պէյրութի աստիճանները այդ օրերուն պարզապէս կը խօսէին բանաստեղծութեան բառերով ու յաճախ կատաղի բառերով կը պատմէին մեր սիրոյ մասին...

Սէրը, որ միշտ գրողի սրտին մէջ խունկի մը պէս պիտի վառի, սէրը, որ մեզ կը կապէ մեր անցեալի երազներուն, մեր յոյսին, մեր կարմիր կաղամարին ու գաղափարին եւ սէրը, զոր Աստուած խոստացած էր մեզի, երբ անդրմանիշակագոյն իր հեռու ամրոցէն գրիչ մը երկարեց, առանց սակայն մտածելու, որ լրագրողը երկու անգամ պէտք է մեռնի...

Նախ այն օրը, երբ բանաստեղծը եւ բանաստեղծութիւնը սպաննեց իր հոգիին մէջ եւ յետոյ այն ատեն, երբ բոլորը սկսան սիրել իր գրածները եւ անոր խօսքերուն մէջ տեսան «մեծ մարդու» մը գաղափարները։

Երկրորդ մահը անշուշտ վտանգաւոր չէ, ահռելին առաջին անգամ մեռնիլն է, ու մինչեւ այդ մահուան հասնիլը, խօսիլը անոր հետ ու վերջն ալ այդ մահուան աչքերուն մէջ նայիլը։

Հիմա չեմ գիտեր իմ ազգս, մեծ ու արդէն շատ ծերացած, ինչ տեսակի լրագրողի կարիքն ունի։

 Կամ ինչ կ՚ակնկալէ լրագրողէ մը, որ իր առաջին մահը վաղուց արդէն տեսած է եւ կը պատրաստուի իր նոր կեանքին։

Լրագրող սիրելիներ, ինչ տեսակի լրագրող. գովո՞ղ, բարձրացնո՞ղ, փառաբանո՞ղ, սխալ ուղղութիւններ ցոյց տուո՞ղ, կամ թէ պարզ ու անկե՞ղծ, որ կը խօսի ձեր սրտերուն հետ, ու մեծ-մեծ քարոզներ կարդալու տեղ բարի շունչ մը կը ձգէ հարիւր կամ քիչ մը նուազ տարիներու բեռ ունեցող մեր թերթերու ճակատներուն...

Միայն ըսէք, թէ ի՞նչ տեսակի լրագրող է պէտք եղածը. կամ ալ ազգս քիչ մը յոգնած եւ բաւական ծերացած, այսօր ի՞նչ երանգի լրագրութեան կարիքն ունի։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հայ մամուլի տարուան հռչակման առիթով կազմակերպուած Համահայկական համաժողովը տեղի ունեցաւ 2-4 յուլիս 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ ու ներկայութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։

Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի զանազան երկիրներու մէջ գործող տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլի շուրջ 100 տնօրէններ, գլխաւոր խմբագիրներ եւ մամուլի գործիչներ։

Նորին Սրբութեան «Հայ մամուլի տարի» հռչակման կոնդակին եւ համաժողովին բացման իր պատգամին, ինչպէս նաեւ համաժողովի ընթացքին ներկայացուած զեկոյցներու լոյսին տակ, ներկաները հանգամանօրէն քննարկեցին Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնական հարթութեան վրայ ձեւաւորուելիք հայկական լրատուամիջոցներու համագործակցութեան ուղիները, նորարար արհեստագիտութեան ներմուծած մարտահրաւէրները, ընկերային ցանցերու վրայ լրատուական գործունէութիւն ծաւալելու երեւոյթը, տեղեկատուական անվտանգութեան եւ հաւաստիութեան խնդիրները, միջազգային հանրային կարծիքի ստեղծման նպաստող գործօնները, մամուլ-ինքնութիւն եւ մամուլ-մշակոյթ կապը, մամուլի մէջ բազմակարծութեան եւ խօսքի ազատութեան դրսեւորման անհրաժեշտութիւնը, համազգային պահանջատիրութեան մէջ մամուլին ունենալիք դերը եւ մամլոյ առաքելութեան առընչուած այլ խնդիրներ։

Համաժողովը հաստատեց եւ նպատակայարմար նկատեց՝

- Մամուլ հասկացողութիւնը ժամանակակից աշխարհի նորարար պայմաններոն մէջ կը շարունակէ ապրիլ ձեւափոխութիւններու գործընթաց մը։ Հետզհետէ դէպի համացանցային մամուլ անցում կատարող դասական լրատուամիջոցները հասանելիութեան առաւելներ գրանցելով հանդերձ, յաճախ կը հատեն անպատասխանատուութեան սահմանը՝ բացարձակ ազատութեան սկզբունքին տակ խորքին մէջ անմակարդակ լրատուութիւն տարածելով։

- Մամուլը միայն տեղեկութիւն փոխանցող միջոց չէ, այլ յստակօրէն կը կրէ դաստիարակիչ առաքելութիւն։ Այդ առաքելութիւնը սկսած է նօսրանալ՝ լրագրողական մարդուժի բացակայութեան, լեզուի տիրապետումի առումով անմխիթար վիճակին եւ նուազող տպաքանակներուն ի տես։

- Բազմակարծութիւնն ու ազատ խօսքի իրաւունքի դրսեւորումը աւելի քան անհրաժեշտ են մամուլին համար։ Կառուցողական քննադատութիւնն ու ինքնաքննադատութիւնը յաճախ պէտք է երեւին հայ մամուլի էջերուն մէջ՝ մեր հանրային հասարակական կեանքի յոռի երեւոյթները սրբագրելու միտումով։

- Իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր մամուլներու բախումներու երեւոյթէն անդին ժողովուրդ-մամուլ կենդանի ու հետեւողական կապը կենսական նշանակութիւն ունի զանգուածային որեւէ լրատուամիջոցի համար։ Հրատարակչական աշխատանքներուն առընթեր, մամուլի ակումբներու ճամբով քննարկումներ կազմակերպելով մամուլը կը սատարէ այդ կապի յաւելեալ ամրապնդման եւ փոխադարձ վստահելիութեան հաստատման առաջադրանքներու իրականացման։ Ժողովրդային խնդիրներու բարձրաձայնումն ու այդ հարցերուն մասին կատարուող արձագանգումները մամուլի էջերուն՝ աւելիով կը նպաստեն մամուլ-ժողովուրդ կապի մերձեցման։

- Համազգային տարողութիւն ունեցող հիմնահարցերը՝ Հայրենիքի հզօրացում, Արցախի միջազգային ճանաչում (…) աշխատանքներ պիտի շարունակեն գրաւել հայ մամուլի առաջնային թեմաներու դիրքերը։ Այս հարցերը անհրաժեշտ է քննարկել համահայկական մակարդակի վրայ, այժմէական նշանակութիւն տալու համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող խնդիրներուն եւ անոնց լուսաբանման։

- Մամուլի դիմագրաւած դժուարութիւնները կը պահանջեն գործնական լուծումներ եւ համապատասխան միջոցներու որդեգրման քայլեր՝ հիմնադրամներու յառաջացում, լրագրողական մարդուժի պատրաստութիւն, լեզուի դասընթացքներ, փոխադարձ այցելութիւններ, եւ այլն։

Այս հաստատումներն ու առաջադրանքները նկատի ունենալով, Համաժողովը կարեւորութեամբ ընդգծեց համահայկական մակարդակի վրայ համախմբումի նախաձեռնութեան շարունակականութեան ապահովումը։ Արդարեւ, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնական հարթութեան վրայ համատեղ նոր ռազմավարութեան մը մշակումը եւ մանաւանդ հայ մամուլի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն լուծման ուղղութեամբ միասնաբար նախաձեռնութիւններու դիմելը հրամայական է այսօր։

5 յուլիս, 2019

Անթիլիաս

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2019