ՀՈՎԻՒՆԵՐՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
Թրքահայ համայնքային կեանքը շատ երկար ժամանակէ ի վեր հեռու է ամբողջութեամբ խաղաղ ժամանակաշրջան մը ունենալէ կամ վայելելէ։ Վերջին օրերուն համայնքէն ներս դարձեալ մտահոգիչ լուրեր շրջանառութեան մէջ մտած են։ Այսպէս, ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Պատրիարքական Աթոռի եւ Կէտիփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին միջեւ մօտաւոր անցեալին ծնունդ առած տարաձայնութիւնները վերստին կը մագլցին։ Խնդրին պատճառն ալ նոյնն է։ Պատրիարքարանը յարմար դատած է փոխել Կէտիկփաշայի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի ծառայութեան վայրը։ Այս հարցը մօտաւոր անցեալին համայնքային կեանքէ ներս փոթորիկի մը, տագնապի մը վերածուած էր։ Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդը փորձած էր դիմադրել Պատրիարքարանի այս որոշման դէմ, նոյնիսկ համայնքը մեծ ցաւով հետեւած էր, որ ատենապետ Յարութիւն Շանլը ներկայացուցած էր հրաժարական մը։ Աւելի վերջ, բարեբախտաբար այդ հրաժարականը չէր պաշտօնականացուած եւ խնդիրը սառեցուած էր։ Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդի եւ Պատրիարքարանի միջեւ տեղի ունեցած էին շփումներ, որոնց հիման վրայ հովիւի փոփոխութեան վերաբերեալ տնօրինութեան գործադրութիւնը յետաձգուած էր։ Այդ ժամանակ նշուած էր, որ մինչեւ Ս. Աստուածածնի տօնը այդ կարգադրութիւնը կը յետաձգուէր։ Նման իրավիճակներու մէջ, երբ որ ժամանակ շահելու եզր մը գտնուի, ապա գործնականօրէն խնդիրներու լուծման ճանապարհը հարթուած կը համարուի։ Բայց եւ այնպէս, տուեալ պարագային երեւոյթը այդպէս չէ եղած։ Պատրիարքական Աթոռը ներկայիս յարմար կը դատէ որոշ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները փոփոխութեան ենթարկել։ Այս ամբողջին մաս կը կազմէ նաեւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցին, ուստի մօտաւոր անցեալի տհաճ կացութիւնը կրնայ վերստին հանրային կարծիքի օրակարգը զբաղեցնել։
Հոգեւոր հովիւներու նշանակումները եւ անոնց պաշտօնավարութեան վայրի փոփոխութիւնները բացառապէս օրուայ հոգեւոր իշխանաւորի լիազօրութիւններու, իրաւասութիւններու ծիրին մաս կը կազմէ։ Սա առարկայական ճշմարտութիւն մըն է, անվիճելի պարագայ մը։ Միւս կողմէ, բնականաբար, ամէն իշխանութիւն տնօրինութիւնները կը կատարէ՝ հաշուի առնելով հաւանական արձագանգները եւ ընկալելիութեան պարագաները։ Դարձեալ հասկնալի է, որ մեր զանազան եկեղեցիներու թաղային խորհուրդները ինչ-ինչ հանգամանքներու բերումով, նպատակայարմարութեան պարագաներ եւ կամ այլ գործօններ հաշուի առնելով կրնան հոգեւոր հովիւի պարագային ունենալ նախընտրութիւններ։ Բնական, բնականոն երկխօսութիւնով մը, համագործակցութեան ոգիով, առանց հեղինակութեան հարցեր յառաջացնելու կրնան լուծուիլ այսպիսի խնդիրներ։ Բայց թրքահայ իրականութեան պարագային, դժբախտաբար, ներկայիս ոչ մէկ բան բնականոն հունի մէջ կ՚ընթանայ եւ ամէն ինչ ակնթարթի մը մէջ կը վերածուի տագնապի։
Եկեղեցական մը, հովիւ մը պարտաւոր է հոգեւոր իշխանութեան տնօրինութիւններուն հնազանդելու։ Ճիշդ է, որ հոգեւոր իշխանութեան մը բոլոր տնօրինութիւնները կրնան հարիւր տոկոսով արդար կամ տեղին չըլլալ, սակայն հովիւին կողմէ դրսեւորուելիք հնազանդութիւնը հիմնական երաշխիքն է՝ ժամանակի ընթացքին սրբագրութիւններ կատարելու տեսակէտէ։ Իսկ մեր աշխարհական վարիչներու եւ հոգեւոր իշխանութեան յարաբերութիւնները արդէն վաղուց հունէ դուրս եկած են։ Համայնքային կեանքէ ներս համատարած երեւոյթ մը դարձած է հաւանական սխալի մը աւելի մեծ սխալով մը փոխադարձելու երեւոյթը։ Պատրիարքարանի ներկայ տնօրինութիւնը պարզ է, որ չէ ընկալուած միանշանակ։ Անշուշտ, եթէ կան խնդիրներ ապա կը ծաւալուին քննարկումներ։ Բայց եւ այնպէս, մեր իրականութեան մէջ խնդիրները կը ծաւալուին։ Հովիւներու նշանակութենէն դժգոհ թաղային խորհուրդները կը նախընտրեն սպառնալիքներով փոխադարձել։ Ոմանք կը բռնեն իրենց եկեղեցւոյ դռները հաւատացեալներուն առջեւ փակելու ճանապարհը, ոմանք ալ արմատականութեան դիմելով՝ կը նախատեսեն իրենց նոր, «անբաղձալի» հովիւի ամսաթոշակը չվճարել։
Սա տխուր համայնապատկեր մըն է։ Սա ապացոյց մըն է, որ մեր համայնքի վարչամեքենան սնանկացած է։ Արդարեւ, վարչական նուազագոյն կարողութիւնները բարեացակամութեան պարագային բաւարար կ՚ըլլան խնդիրները սկզբնական փուլին հարթելու եւ ոչ թէ գաւաթ մը ջուրին մէջ փոթորիկ ստեղծելով՝ նոր տագնապներու ծնունդ տալու։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ